Հայաստան - ԱրցախՀՅԴ Մամուլ

Ակնարկ. «Զանգեզուրի միջանցք»-ը ծւարած` Մերձաւոր Արեւելք-Արեւմուտք տարազին տակ

Թուրքիոյ նախագահը վերստին արծարծած է թուրքեւադրբեջանական դաշինքին նախապայմանը ուղղւած հայկական կողմին: «Զանգեզուրի միջանցք»-ը նախ ուղղութիւն կը փոխէ, յետոյ` գրաւչութիւն, ապա կը մեկնաբանւի Հայաստանի շրջանցումով, յետոյ վերստին կը սպրդի յայտարարութիւններու բովանդակութեան մէջ, կը վերածւի Նախիջեւան-Ադրբեջան հաղորդուղիի, կը կորսւի յանկարծ ընդհանուր ապաշրջափակման ոլորապտոյտներուն մէջ, հիմա ալ Ուզբեկիստանի մէջ Թուրքիոյ նախագահին ճամբով կը վերածւի խաղաղութեան հաստատման նախապայմանի, իբրեւ Ադրբեջանը Նախիջեւանին կապող փոխադրական գիծ, Մերձաւոր Արեւելք-Արեւմուտք կամուրջի տարազին տակ:

Փաստօրէն թուրքեւադրբեջանական դաշինքը չէ հրաժարած թուրանական կամուրջի իր ծրագիրէն: Կամուրջ ոչ միայն Իրանի ճամբով, այլ` Հայաստանի: Նախապայմանային քաղաքականութեան արդի հանգոյցն է Սիւնիքը, որուն օգտագործումը թէ՛ Անկարայի, եւ թէ՛ Բաքւի համար հրամայական է:

Այս հանգուցակէտին միջտարածաշրջանային տարողութիւն հաղորդած է Թուրքիոյ նախագահը, երբ ընդգծած, որ մեծցած է Մերձաւոր Արեւելք-Արեւմուտք միջանցքի նշանակութիւնը, հետեւաբար պէտք է աշխատիլ, որպէսզի այդ հաղորդուղիները գործարկւին:

Անկարայի վարիչին բառերով նոր ձեւակերպում կը ստանայ այսպիսով սիւնիքեան կամուրջի կարգավիճակը: Սիւնիքը այս ձեւով կը դառնայ Մերձաւոր Արեւելքն ու Արեւմուտքը իրար կապող խաչմերուկ: Նախիջեւան-Ադրբեջան կապին մասին խօսելէ ետք Էրդողան փաստօրէն հսկայական ոստումով անցում կը կատարէ տարածաշրջաններ իրար կապող հանգամանքին մասին խօսելով:

Արեւելքն ու Արեւմուտքը իրար կապելու այս նոր առաջադրանքով Անկարան կը հրաւիրէ երկու տարածաշրջաններու ուժերը համաձայնելու Զանգեզուրի կամուրջը բանալու սկզբունքին շուրջ:

Խուսանաւումը օգտագործւած եզրերով ինքզինք զգալի կը դարձնէ: Նախիջեւան-Ադրբեջան կապի մասին կը խօսի, մինչ միջանցք բառը կօգտագործէ Մերձաւոր Արեւելք-Արեւմուտք ցամաքային նոր բացւելիք ճանապարհներուն համար:

Կարձանագրւի ուրեմն այն, որ Արցախի հարցին լուծումէն ետք թուրքեւադրբեջանական դաշինքը կը կենտրոնանայ Սիւնիքին վրայ, առաջադրւած միջանցքը գործարկելու եւ անոր համար միջտարածաշրջանային ճնշում ապահովելու:

Այստեղ ուղերձներ կան թէ՛ Իրանին, եւ թէ՛ Մոսկւային: Առաջինին պարագային ըսել կուզւի, որ Իրանի վրայով նոր կամ վերակառուցւելիք ճամբաները չեն փոխարիներ Սիւնիքի վրայով բացւելիք ուղիները, հետեւաբար Իրանը պիտի չունենայ ռազմավարական այդ կապը վերահսկելու մենաշնորհը: Իսկ Մոսկւան ալ պիտի իմանայ, որ միայն իր կողմէ պիտի չվերահսկւի համաշխարհային նշանակութիւն ունեցող այդ ճամբան: Յատկապէս Արեւմուտքը նաեւ հասցէագրելով իբրեւ այս ճանապարհի կարեւոր ուղղութիւն, Անկարան այս ձեւով ռուսական առանձնաշնորհումը կը չէզոքացնէ:

Միջանցքի կարգավիճակին նկատմամբ Թուրքիոյ կատարած ձեւախեղումները յարափոփոխ են, ինչպէս վերը նշւեցաւ: Փաստօրէն այս մասին Էրդողանը յայտարարած էր նաեւ Ասթանայի մէջ` «Թուրքական պետութիւններու կազմակերպութեան» 10-րդ վեհաժողովին ժամանակ` մասնաւորապէս նշելով, որ Նախիջեւանը Ադրբեջանի արեւմտեան շրջաններուն հետ կապող ուղիի իրականացումը կարեւոր է ո՛չ միայն տարածաշրջանի երկիրներուն համար, այլ նաեւ անիկա կը կապէ Թուրքիան Կենտրոնական Ասիոյ հետ:

Ահա՛ բուն նպատակը, որ ծւարած է Մերձաւոր Արեւելք-Արեւմուտք միջանցքի տարազին տակ:

«Ազդակ»

Առնչւող Յօդւածներ

Back to top button