Դաշնակցական ԲեմՀայաստան - Արցախ

Շատ ժամանակ չմնաց

Վերջին շրջանին յաճախ կը խօսւի այն մասին, թէ հայ-ադրբեջանական խաղաղութեան համաձայնութեան մը ստորագրութիւնը մօտալուտ է. տրամաբանական է մտածել, թէ այդպիսի համաձայնութեան մը անխուսափելիօրէն պիտի հետեւի հայ-թուրքական համաձայնութեան մը կնքումը՝ կանխատեսելի պարունակութեամբ: Այդպիսի համաձայնութիւններու յանգման պարագային դժւար չէ նախատեսելը, թէ շուրջ երկու դարերու գոյութիւն ունեցող Հայկական Հարցի լուծումը ցարդ կընթանայ դէպի համաթուրքական կողմի վերջնական յաղթանակի ուղղութեամբ: Միամտութիւն է հաւատալ, որ թուրքական խնամատարութեան տակ հայկական պետականութիւն կարելի է պահել:

Այդ համաձայնութիւններով կը սկսի նախորդ դարու իննսունական թւականներու սկիզբները Թուրքիոյ նախկին նախագահներէն մէկուն նախատեսութիւնը, թէ 21-րդ դարը պիտի ըլլայ թուրքութեան դարաշրջանը. վարկածը իրականացնելու ինքնակոչ պաշտօնեան Թուրքիոյ Հանրապետութեան ներկայ նախագահ Ռեջեփ Թայիփ Էրդողանն է, որ չափազանց լուրջի առած է իր ցնորական պաշտօնը: Այդ ուղղութիւնը մատնացոյց կընէ Թուրքիոյ ներկայ ղեկավարութեան ներկայ քաղաքականութեան ընթացքը բոլոր ուղղութիւններու վրայ՝ Արեւելեան Միջերկրականի, Հարաւային Կովկասի, Սեւ եւ Էգէական ծովերու ճակատներու վրայ ամէն օր արտայայտւող քաղաքական ձգտումները, որոնք, առանց բացառութեան կը գտնւին իրենց իրականացման սկզբնական փուլին մէջ: Հարաւային Կովկասի մէջ երկու մատներու արանքէն կերեւի թուրքական կողմին ժամանակի ընթացքին յաջողութեան հասնելու բաւական բարձր հաւանականութիւնը:

Հայկական քաղաքական միտքը շատ լաւ կը հասկնայ, թէ ուր կրնայ առաջնորդել այս իրավիճակը. հայկական պետականութեան անէացումը եւ պատմական Հայաստանէն հայութեան ի սպառ անհետացումը անխուսափելի կը դառնայ, եթէ հայկական կողմի կրաւորականութենէ անդին չանցնող պաշտօնական կեցւածքները կարճ ժամանակի մէջ չվերածւին ներգործական քաղաքական գործողութիւններու՝ ամբողջական կերպով շարժման մէջ դնելով հայութեան բոլոր տեսակի կարելիութիւններն ու կարողութիւնները:

Ներկայիս դժբախտաբար հայութեան թշնամիները կրցած են լուրջ կերպով պառակտել հայութիւնը: Հայութեան ազատագրման համար կարելի չէ, ներկայ հանգրւանին, հաւաքագրել հայութեան բոլոր ուժերը, որովհետեւ ՀՀ ներկայ իշխանութիւնները շատ հաշտ կերպով կընդունին թուրքական տարրին հետ համագործակցութիւնը, անտեսելով ո՛չ միայն անցեալի, այլ նաեւ ներկայիս արտայայտւող անոր հայասպան նկրտումները: Հայութեան անխուսափելիօրէն անհրաժեշտ ազատագրական պայքարը տանելու պարտաւորութիւնը կիյնայ միայն հայոց ազգային ուժերու ուսերուն: Ներկայ իշխանութիւնները կը մերժեն ազգի գաղափարը, գոհանալով Հայաստանի մնացորդացին վրայ նորազատական սպառողական գերազանցօրէն ապազգային հասարակութիւն մը ստեղծելու անգոյն նպատակով:

Դեռ երեք տասնամեակ առաջ հայութիւնը տարաւ իր յաղթանակը ազգի անունով՝ ազատագրելով Արցախը Ադրբեջանի տիրապետութենէն: Այսօր Արցախն ու արցախցին Հայաստանին բեռ կը նկատւին երկրի իշխանութիւններուն կողմէ. ապազգային մանրէէն վարակւած է նաեւ հայ ժողովուրդի մէկ մասը:

Հետեւաբար ազատագրական պայքարը կենթադրէ միաժամանակեայ երկու ճակատ. ներքինը՝ սրբելու եւ արմատական կերպով ջնջելու օտարամուտ, ապազգայինը քաջալերող գաղափարները, որոնց քարոզչութիւնը յատկապէս հայրենիքէն ներս ամլացուցած է ազգաբնակչութեան մէկ զգալի մասի ինքնապահպանման բնազդը: Երկրորդ՝ արտաքին ճակատին վրայ ուժական ներկայութիւն դառնալու համար կարեւոր է բոլոր ազգային ուժերու միաւորումը, նկատի ունենալով ներքին ճակատին վրայ գոյութիւն ունեցող երկւութիւնը եւ ատկէ առաջացող արտաքին ուժերը չէզոքացնելու համար տարւող պայքարի յաւելեալ դժւարութիւնը:

Մէկ խօսքով՝ հարկ է ազգին վերադարձնել իր կորսնցուցած զանգւածին կարելի եղածին չափ մեծ մասը, միաժամանակ կասեցնելով շարունակւող արիւնահոսութիւնը: Պէտք չէ մոռնալ, որ Հայաստանը ապազգայնացնելու քարոզչութիւնը հիմնւած է առաւելաբար սուտերու տարափի մը վրայ, որուն վնասը չէզոքացնելու համար հարկ է մեծ արագութեամբ չէզոքացնել սուտերու ազդեցութիւնը եւ այդ ազդեցութիւնը երկարաձգող խմբաւորումներն ու մանաւանդ՝ անոնց միջոցներն ու մատակարարման աղբիւրները: Սայթաքած ժողովուրդի զանգւածը պէտք է անդրադառնայ, որ մեծ խաբէութեան մը թիրախը դարձած է վերջին տասնամեակին:

Ազգային ուժերու դաշինքով պէտք է հետապնդել պետական մեքենան ճիշտ հունի մէջ դնելու աշխատանքը, որուն համար կարեւոր է իշխանութեան գլուխը անցնիլը: Անհրաժեշտ է արագօրէն նորոգել պետական մեքենան, որուն կարողականութիւնը լրջօրէն պակսած է վերջին հնգամեակի ընթացքին. երկրի մը միանձնեայ կառավարումը չի կրնար արդիւնաւէտ ըլլալ: Այստեղ պէտք է ընդգծել, որ ՀՅԴ-ը իշխանութիւն բանեցնելու մոլութենէն զերծ է: Ատիկա փաստւած է ՀՀ-ի նորագոյն պատմութեան ընթացքին. ան միակ կուսակցութիւնն է, որ մաս կազմած է կառավարական դահլիճներու եւ յաճախ՝ հրաժարած անոնցմէ, երբ իր հայեցողութեան հակառակ որոշումներ կայացւած են կառավարութիւններու կողմէ: Մոռցւած չէ անշուշտ, որ Դաշնակցութիւնը մաս կազմած է Քաղաքացիական պայմանագրի առաջին կառավարութեան եւ, կարճ մասնակցութենէ մը ետք, հրաժարած ատկէ անոր նպատակները շատ արագ ըմբռնած ըլլալով. իսկ 2018-ի իշխանափոխութենէն տարին չամբողջացած հրապարակային կերպով զգուշացուցած կառավարութիւնը, թէ երկիրը կառաջնորդէ դէպի անկում: Նոյն շրջանին ՔՊ իշխանութիւնը ապօրինի եւ հակասահմանադրական գործելաձեւով կը փոխէր Սահմանադրական Դատարանի բաղադրութիւնը իր պաշտօնավարութեան աւարտի ծրագիրներու հեզասահ իրականացումը ապահովելու հեռանկարով:

Այսօր երկիրը կանգնած է անդունդի եզրին եւ կարիքը ունի ուժեղ իշխանութեան մը դիմագրաւելու համար հետզհետէ բազմացող եւ ուռճացող զոյգ մարտահրաւէրները:

Ժամանակը սկսած է ճնշել: Շուտով անդունդի եզրէն յետդարձը անկարելի կը դառնայ: Որեւէ վայրկեանի Հայաստանին կրնայ պատահիլ այն՝ ինչ պատահեցաւ Արցախին աշխարհի աչքերուն առջեւ, ապշահար հայութեան նայւածքներուն տակ եւ ՀՀ իշխանութեան զայրացնող անտարբերութեան ուղեկցութեամբ:

Փրկութեան յոյսը ազգային ուժերու միասնութեան եւ անոնց մարտունակութեան համադրեալ դրսեւորումին մէջ կը կայանայ: Խօսքերը շատոնց ըսւած են, կրկնութիւններն ալ այլեւս դադրած են մարդոց ականջներուն վրայ ազդեցութիւն գործելէ: Հարկ է սկսիլ ուժեղ եւ հետեւողական պայքար ներքին եւ արտաքին ճակատներու վրայ վերջ տալով ներկայ անհեթեթ վիճակին, ուր մեր հայրենիքի ճակատագիրը կարելի է գուշակել օդերեւութաբանական վիճակագրական պատահականութեան թերի կանխատեսանելիութեամբ եւ բախտախաղային դիւանագիտութեան շարժումներով, գլուխը պատէ պատ զառնելով, մինչեւ որ գանգը պայթելով բոլորս ականատեսը դառնանք անոր դատարկութեան եւ անոր հետեւող հայրենիքի պարպումին, ինչպէս պատահեցաւ Արցախին:

Կարգը ազգային գիտակցութեան տէր դիմադրութեան է. ներկայ կացութեան շարունակութիւնը փաստացիօրէն նախատեսելի է: Դիմադրութիւնը, հարկաւ, առայժմ միայն յոյս է, որ սակայն հաւանականութիւն մը ունի վերածւելու իրականութեան. երաշխաւորւած է միայն արժանապատւութեան պահպանումը, յաջորդ սերունդներու հպարտութեան պատճառը եւ ճիշտին օրինակը, որպէսզի թէկուզ հեռաւոր ապագային Րաֆֆի մը սերունդ դաստիարակելու ատաղձ ունենայ իր վէպին ու բանաստեղծութեան միջոցով, որպէսզի կարելի ըլլայ ոգեկան հունտերը փոխանցել ապագայ նորերուն, բազմաթիւ սերունդներու «յաջորդ տարի Արարատի փէշերուն» խօսքը տասնամեակներ կամ դարեր սերունդէ-սերունդ արտասանելէ ետք վերադարձի առաջին քայլը առնւի:

Բարեբախտաբար տակաւին հոն չենք. դեռ առիթներ կան եւ ոճիր է այդ առիթները փախցնելը:

ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
Բոստոն, 03 յունւարի 2024

Arfd.am

Առնչւող Յօդւածներ

Back to top button