MENU
Հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժման անկեղծ զինուորներու եւ Դաշնակցութեան անձնուէր ֆետայիներու փաղանգին մէջ իր ուրոյն տեղը ունի Վարդան Շահպազ, որուն մահուան տարելիցը կ’ոգեկոչենք յունիս 8-ին։
1959-ի յունիսի 8-ին, Լիբանանի մայրաքաղաք Բէյրութի ՀՅԴ ժողովրդային Տան «Հայրիկ»-ի իր սենեակին մէջ, տեսողութիւնը կորսնցուցած՝ մեր աշխարհէն առյաւէտ բաժնւեցաւ 87-ամեայ հայ յեղափոխականն ու դաշնակցական ֆեդային, որ Վարդան Շահբազ անունով անջնջելի իր տեղը գրաւած էր Հայկական Ազատամարտի հերոսապատում ոսկեմատեանին մէջ։