Ինչպէ՞ս է Հայաստանի զօրքը: Այդ հարցին կարող եմ այսպէս պատասխանել,- թէ հիացած եմ անոր ունեցած բարձր տրամադրութենէն: Իբրեւ վարչապետ ես ճամբորդութիւն կատարեցի մեր երկրի զանազան մասերուն մէջ եւ կազմեցի զօրահանդէսներ: Ամենուրեք մեր զօրքը ինձ վստահացուց, որ մինչեւ վերջին մարդը կը կռւի հայրենիքի պաշտպանութեան համար:
Ինչպէ՞ս է Հայաստանի զօրքը: Այդ հարցին կարող եմ այսպէս պատասխանել,- թէ հիացած եմ անոր ունեցած բարձր տրամադրութենէն: Իբրեւ վարչապետ ես ճամբորդութիւն կատարեցի մեր երկրի զանազան մասերուն մէջ եւ կազմեցի զօրահանդէսներ: Ամենուրեք մեր զօրքը ինձ վստահացուց, որ մինչեւ վերջին մարդը կը կռւի հայրենիքի պաշտպանութեան համար: Մեր զօրքը խորապէս հաւատացած է, որ մեր երկրի ազատութեան ու անկախութեան միակ նեցուկը ինքն է: Մեր ժողովրդին քաջութիւնն ու արիութիւնը չեն պակսիր: Հարկաւոր է միայն մեր զօրքին ցոյց տալ ամէն տեսակի աջակցութիւն:
ԱԼ. ԽԱՏԻՍԵԱՆ
Հայաստանի վարչապետ