Սուրիահայութիւնը իրաւա-սահմանադրական խաչմերուկին վրայ՝ քաղաքացիութիւն, փոքրամասնութիւններու իրաւունքներ եւ արդարութիւն

Դոկտ. Գէորգ Յակոբճեան
Հալէպի մէջ, սուրիական տագնապի տարիներուն հրկիզւած, բայց վերջերս վերանորոգւած Ս. Գէորգ Հայ Առաքելական Եկեղեցին կրկին հաւատացեալներ կ’ընդւնի, մինչդեռ Տէր Զօրի Սուրբ Նահատակաց եկեղեցւոյ ու Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրի ամբողջական ռմբակոծումն ու կործանումը կը շարունակեն բաց վէրք մը մնալ։ Այսօր, երբ Սուրիան քաղաքական, աշխարհաքաղաքական ու ընկերատնտեսական նոր փուլ մտած է, սուրիահայութիւնը հետեւեալ հարցադրումին պատասխանը կ’որոնէ (կամ պէտք է որոնէ). ինչպէ՞ս կարելի է երաշխաւորել սուրիահայութեան անվտանգութիւնը, ինքնութիւնը եւ կայուն գոյատեւումը ու նւազեցնել փոփոխական քաղաքական տրամադրութիւններէ եւ ապահովական զարգացումներէ կախեալ ըլլալու հանգամանքը:
Դեկտեմբեր 2024-ի իշխանափոխութեամբ եւ անցումային ղեկավարութեան ձեւաւորմամբ, Սուրիա ըստ երեւոյթին ժամանակաւոր համակարգով մը կը գործէ, որ նախատեսւած է ճանապարհ հարթելու դէպի մշտական սահմանադրութիւն եւ ընտրութիւններ։ 13 Մարտ 2025-ին ստորագրւած Սահմանադրական Յայտարարութիւնը հինգ տարւան անցումային շրջան մը կը սահմանէ եւ կը նկարագրէ պետութեան նպատակները՝ քաղաքացիութեան, արժանապատւութեան, օրէնքի եւ իրաւունքի գերակայութեան, ինչպէս նաեւ անցումային արդարադատութեան վրայ հիմնւած։
Անցումային այս շրջանը Սուրիոյ իսկակա՛ն վերածնունդի հիմնական ճանապարհն ու գրաւականը կրնայ ըլլալ: Բայց նաեւ այս շրջանը Սուրիոյ ազգային, ցեղային, կրօնական ու լեզւական փոքրամասնութիւններուն համար անորոշութեան, սպասումի, ապահովական խնդիրներու, հալածանքներու, անվստահութեան անհանգի՛ստ ժամանակաշրջան մը կրնայ ըլլալ, մանաւանդ երբ պաշտօնական դրական եւ յուսալից խօսոյթին ու քայլերուն կողքին, մերթ ընդ մերթ փոքրամասնութիւններ կը թիրախաւորւին, անհատական պարագաներ ոճրագործութիւններ տեղի կ’ունենան:
Փոքրամասնութիւններու իրաւունքները «համայնքային արտօնութիւններ» չեն՝ անոնք միջազգային օրէնքով հաստատւած ու Սուրիոյ կողմէ միջազգային դաշնագրերով վաւերացւած մարդկային տարրական իրաւունքներ են։
Նկատելի է, որ Սահմանադրական Յայտարարութիւնը բացայայտ կերպով չի գործածեր «փոքրամասնութիւն» եզրը՝ փոխարէնը գերադասելով աւելի ընդհանրական ձեւակերպումներ, ինչպիսիք են՝ «սուրիական ընկերութեան բաղադրիչները» եւ «բոլոր սուրիացիները»։ Այս ընտրութիւնը թերեւս հասկնալի է այս տարածաշրջանին մէջ, ուր վերջին երկու դարերուն «փոքրամասնութիւն» բառը ծանրաբեռնւած է քաղաքական զգայնութիւններով՝ երբեմն կապւելով արտաքին խնամակալութեան, արտաքին միջամտութիւններու, համայնքային մասնատման, բեւեռացումի, կամ պատկանելիութեան աստիճանակարգի գաղափարներուն հետ։ Սակայն անունէն խուսափումը իրականութիւնը չի ջնջեր. Սուրիան, փաստացի ու նախքան օրէնքի օրակարգ դառնալը, բազմազգ, բազմակրօն, բազմալեզու եւ բազմացեղ ընկերութիւն մըն է: Սուրիոյ մէջ կ’ապրին պատմական համայնքներ ու փոքրամասնութիւններ, որոնց անվտանգութիւնը, ինքնութիւնը, հաւասարութիւնը եւ հանրային կեանքի մասնակցութիւնը պէտք է պաշտպանւին յստակ սահմանադրական երաշխիքներով եւ գործադրելի իրաւական ընթացակարգերով։
Սուրիահայութիւնը նոր Սուրիոյ մէջ «յատուկ վերաբերմունք» խնդրելու կարիք չունի, այլ անոր պահանջները պէտք է ձեւակերպւին ու գործադրւին միջազգային օրէնքի եւ սահմանադրական ամենահիմնարար սկզբունքներու վրայ՝ լիարժէք քաղաքացիութիւն, լիիրաւ իրաւունքներով, որոնք յարգւած, պաշտպանւած եւ գործադրելի են։ Միջազգային օրէնքով հաստատւած ու ճիշդ ընկալւած փոքրամասնութիւններու իրաւունքները չորս սիւներու վրայ կը յենին՝
1) Գոյութեան իրաւունք. անվտանգութիւն եւ պաշտպանութիւն
Փոքրամասնութեան ամենահիմնական իրաւունքը գոյութեան եւ ապրելու իրաւունքն է՝ ապահովութեամբ։ Ասիկա կը ներառէ կեանքի, ֆիզիքական անխախտելիութեան եւ համայնքի անվտանգութեան պաշտպանութիւնը՝ առանց խտրականութեան, առանց ընտրովի պաշտպանութեան եւ առանց բռնութիւն գրգռելը հանդուրժող վերաբերմունքի։
Սահմանադրական Յայտարարութեան մէջ կը հաստատւի, որ բանակը որպէս արհեստավարժ ազգային հաստատութիւն, պարտաւոր է պաշտպանել երկիրը «իրաւունքի գերակայութեան եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան համապատասխան»: Այս պարտաւորութիւնները կարեւոր են։ Բայց անոնք պէտք է վերածւին առօրեայ կառավարման իրականութեան. Հաւասար պաշտպանութիւն եւ ծառայութիւններ՝ թաղամասերու, եկեղեցիներու, դպրոցներու, գործարար կենդրոններու եւ համայնքային հաստատութիւններու համար:
2) Ինքնութեան իրաւունք. մշակոյթ, կրօն, լեզու եւ ժառանգութիւն
Ինքնութիւնը «ժողովրդական սովորութիւն» չէ։ Ան կենդանի համակարգ մըն է, դպրոցներ, կրօնական-համայնքային-քաղքացիական-մշակութային կեանք, լեզու, միութիւններ, լրատւամիջոցներ, բարեսիրական գործունէութիւն ու մանաւանդ համայնքային հաւաքական յիշողութիւն ու ապրելակերպ։ Միջազգային իրաւունքը կը ճանչնայ, որ փոքրամասնութիւնները պէտք չէ զրկւին «իրենց խմբակի միւս անդամներուն հետ միասին» իրենց մշակոյթը վայելելէ, կրօնքը դաւանելէ եւ լեզուն գործածելու իրաւունքէն (Քաղաքացիական եւ Քաղաքական Իրաւունքներու Միջազգային Դաշնագիր (ՔՔԻՄԴ)՝ Յօդւած 27)։
Այս կէտը տեսական չէ սուրիահայերուն համար։ Ժառանգութեան միտումնաւոր կործանումը, կամ ինքնութիւն կերտելու սահմանափակումները ամէնէն բռնի միջոցներէն մէկն են՝ հաւաքականութեան մը հասկցնելու համար, որ ան «տեղ չունի» տւեալ երկրի ընդհանուր հասարակութեան մէջ։ Տէր Զօրի Ս. Նահատակաց Հայոց Ցեղասպանութեան եկեղեցի-յուշահամալիրի կործանումը 2014-ին, ճի՛շդ այսպիսի գործողութիւն էր. յարձակում՝ յիշողութեան, ինքնութեան եւ գոյութեան վրայ միաժամանակ։
Ուստի, անցումային Սուրիան պէտք է փոքրամասնութիւններու ինքնութեան եւ ժառանգութեան պաշտպանութիւնը եւ երաշխաւորումը որպէս պետական անյետաձգելի պարտաւորութիւն նկատէ։ Պարտաւորութիւններու շարքը երկար է՝ պահպանել փոքրամասնութիւններու հաւաքական կեանքն ու կալւածները, կանխել ատելութեամբ մղւած յարձակումները, լեզւական ու մշակութային իրաւունքները երաշխաւորել, փոքրամասնութիւններու ազատութիւններուն, սովորութիւններուն, պաշտամունքներուն ու ապրելակերպին չմիջամտել այնքան ատեն որ օրինական են ու հանրային կարգը չեն վտանգեր, պաշտպանել կրօնամշակութային կալւածներն ու հարստութիւնները, ու պատմական վայրերը, եւ օժանդակել օրէնքով նախատեսւած վերականգնման աշխատանքներուն։
3) Հաւասարութեան եւ ոչ-խտրականութեան իրաւունք. մէկ օրէնք բոլորին համար
Սահմանադրական Յայտարարութիւնը
կը ներառէ հաւասարութեան յստակ դրոյթ. քաղաքացիները հաւասար են օրէնքին առջեւ՝ «առանց խտրականութեան ցեղի, կրօնի, սեռի կամ ծագման հիմամբ»։ Այս սկզբունքը առանցքային է։ Բայց հաւասարութեան դրոյթները իմաստ կը ստանան միայն այն ատեն, երբ կը զուգորդւին գործնական օրէնքներով, հաստատութիւններով եւ իրաւական միջոցներով։
Սուրիան նաեւ վաւերացուցած է մարդու իրաւունքներու հիմնարար միջազգային պայմանագրերը՝ ներառեալ ՔՔԻՄԴ, Տնտեսական, Ընկերային եւ Մշակութային Իրաւունքներու Միջազգային Դաշնագիր (ՏԸՄԻՄԴ), Ցեղային Խտրականութեան Վերացման Միջազգային Դաշնագիր (CERD), Կանանց Դէմ Խտրականութեան Վերացման Կոնվենցիա Դաշնագիր, Մանուկներու Իրաւունքներու Դաշնագիր (CRC), Խոշտանգումներու Դէմ Դաշնագիր (CAT), որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը հաստատէ խտրականութեան բացառումը եւ իրաւունքներու հաւասար վայելումը։
Նոր Սուրիոյ համար ակնկալւածը պարզ է. միջազգային պարտաւորութիւնները պէտք չէ թուղթի վրայ գրւած խոստումներ մնան. անոնք պէտք է դառնան ներպետական երաշխիքներ, որոնց վրայ հիմնւելով սուրիացիները, անկախ թէ փոքրամասնութիւն են կամ մեծամասնութիւն, կրնան իրենց իրաւունքները պատշպանել դատարաններու եւ վարչական մարմիններու առջեւ։
Գործնական մակարդակով, «խտրականութեան բացառումը» պէտք է ընդգրկէ հանրային կեանքի ամբողջ դաշտը. հանրային աշխատանք, կրթութիւն, արտօնագրում, բնակարան, ոստիկանութիւն, վերակառուցման օժանդակութեան հասանելիութիւն, եւ մշակութային ու կրօնական կեանքը կազմակերպելու իրաւունք՝ առանց կամայական միջամտութեան։
4) Մասնակցութեան իրաւունք. նոր Սուրիան հաւաքաբար ձեւաւորել
Հանրային կեանքի մասնակցութիւնը այն միջավայրն է, ուր փոքրամասնութիւններու իրաւունքները կամ կ’ապրին ու կը զարգանան, կամ հոգեվարքի կը մտնեն մինչեւ որ մահանան։ Օրինակ. եթէ սուրիահայերը միայն պաշտօնական արարողութիւններու հրաւիրւին, բայց բացակայ ըլլան որոշումներու գոյացման գործընթացներէն, անցումային այս փուլը անհաւասարութեան եւ բացառումի նոր մշակոյթ մը պիտի ձեւաւորէ:
Միջազգային օրէնքը իւրաքանչիւր քաղաքացիի հանրային գործերուն մասնակցելու իրաւունքը կը պաշտպանէ (ՔՔԻՄԴ, Յօդուած 25), ներառեալ քւէարկելու եւ ընտրւելու իրաւունքը։ Անցումային պայմաններու մէջ, ուր ընտրութիւնները կրնան յետաձգւիլ, մասնակցութիւնը պէտք է երաշխաւորւի. իմաստալից ներկայացւածութիւն՝ անցումային մարմիններու մէջ, թափանցիկ նշանակումներու չափանիշեր, տեղական կառավարման դերակատարութիւն, եւ կառուցւածքային խորհրդակցութիւն՝ սահմանադրութեան մշակման ընթացքին։
Այստեղ լուրջ մտահոգութիւններ գոյութիւն ունին։ Ժամանակաւոր համակարգը զգալի իշխանութիւն եւ լիազօրութիւններկը տրամադրէ անցումային նախագահութեան. Ժողովրդական ժողովը «ընտրւեցաւ» նախագահի սահմանած գործընթացով, իսկ նոր Սահմանադրական Գերագոյն դատարանը կը նշանակւի նախագահին կողմէ։ Թէեւ այս կառուցւածքը կրնայ պաշտպանւիլ որպէս կայունութեան անհրաժեշտ պայման, մէկ դիտարկում անխուսափելի է. փոքրամասնութիւններու պաշտպանութիւնը պէտք է բացայայտ եւ գործադրելի ըլլայ, յատկապէս նկատի առած որ պետական մարմիններու հակակշիռներն ու վերահսկողութեան գործիքակազմերը տակաւին նոր կը ձեւաւորւին։
Սահմանադրական պահը. ի՞նչ պէտք է ամրագրւի հիմա
Սահմանադրական Յայտարարութիւնը
կը պարունակէ խոստումնալից տարրեր, ուր ի շարս այլ դրական իրաւական նորմերու,կը նշէ, որ Սուրիոյ կողմէ վաւերացւած միջազգային համաձայնագրերն ու դաշնագրերը «Յայտարարութեան անբաժանելի մաս» են (Յօդւած 12): Հետեւաբար, այդ պայմանագրերուն մէջ տեղ գտած ու փոքրամասնութիւններուն վերաբերող յօդւածները, նոյնպէ՛ս ու նոյնքա՛ն Սահմանադրական Յայտարարութեան մաս կը կազմեն:
Այս դրոյթը կրնայ վերափոխիչ ըլլալ, եթէ լրջօրէն գործադրւի հիմնական հետեւեալ երեք քայլերու որդեգրումով՝
Սահմանադրական երաշխիքներ, որոնք յստակօրէն կը պաշտպանեն փոքրամասնութիւններու գոյութիւնը, ինքնութիւնը, հաւասարութիւնը եւ մասնակցութիւնը, առանց մշուշոտ ձեւակերպումներու, որոնք հետագային կրնան տարատեսակ մեկնաբանութիւններու ենթարկւիլ ու տկարանալ։
1. Գործադրելի օրէնսդրութիւն (հաւասարութեան եւ ոչ խտրականութեան օրէնք, հանրային ծառայութիւններու հաւասար հասանելիութիւն, ատելութեամբ պայմանաւորւած յանցագործութիւններու եւ գրգռման վերաբերեալ ծանր պատիժներու դրոյթներ՝ մարդու իրաւունքներու չափանիշերուն համապատասխան, մշակութային ու կրօնական հաստատութիւններու պաշտպանութիւն, արդար սեփականութեան եւ վերականգնման/վերադարձի ընթացակարգեր։
2. Օրէնքի անխափան եւ անկախ գործադրութիւն դատարաններու եւ ոստիկանական արհեստավարժ հաստատութիւններու միջոցով, որոնք իրական լիազօրութիւն ունին խախտումներու հետապնդման, հետաքննութիւն, արդարութեան վերականգնման եւ կրկնւելու հաւանականութիւնը նւազեցնելու համար։
Աւելին. պատերազմէն ետք, Սուրիոյ մէջ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութիւնը չի կրնար միայն պետութեան կողմէ փոքրամասնութիւններու կեանքին «չմիջամտելու» քաղաքականութեամբ սահմանափակւիլ։ Պետութիւնը դրական պարտաւորութիւններ ունի (positive duties)՝ յարգել, պաշտպանել եւ ուղղակիօրէն օժանդակել պատմական փոքրամասնութիւններուն՝ ներառեալ սուրիահայերուն, անոնց գոյատեւման ու զարգացման ի խնդիր: Յատկապէս, երբ նկատի կ’առնւի, թէ պատերազմին հետեւանքով տեղահանութիւնը եւ արտագաղթը զգալիօրէն նւազեցուցած են փոքրամասնութիւններու թիւը եւ տկարացուցած՝ անոնց հաւաքական հաստատութիւնները։ Առանց օրինական եւ նպատակային հանրային օժանդակութեան, պատմական փորձը այլ երկիրներու մէջ ցոյց կու տայ, թէ փոքրամասնութիւնները յաճախ չեն կրնար պահպանել դպրոցները, մշակութային կեանքը եւ համայնքային ծառայութիւնները, եւ անոնց վայելած «իրաւունքներ»-ը կը վերածւին զուտ խորհրդանշական կարգախօսի։ Օրէնքի սահմաններուն մէջ պետութիւնը կրնայ փոքրամասնութիւններուն աջակցիլ՝ թափանցիկ եւ ոչ-խտրական միջոցներով, ինչպիսիք են՝ փոքրամասնութիւններու դպրոցներու եւ մշակութային կենդրոններու համար յատուկ բիւջէի կամ համաֆինանսաւորման (matching) դրամա-շնորհներ տրամադրել, փոքրամասնութիւններու լեզւական իրաւունքները խթանել, կրօնական ու պատմամշակութային ժառանգութեան վայրերու պաշտպանութեան եւ վերականգնման ծրագրեր գործադրել, համայնքային բարեսիրական հիմնարկներու եւ կալւածներու օրինական ճանաչման ու հարկային արտօնութիւններու պարզեցում կատարել, փոքրամասնութեան լեզւով լրատւամիջոցներուն օժանդակել, հանրային ծառայութեան մէջ աշխատանքի հաւասար հասանելիութիւն եւ վերակառուցման պայմանագրերուն արդար մասնակցութիւն ապահովել, ինչպէս նաեւ խորհրդակցական գործիքակազմեր ստեղծել՝ ապահովելու համար, որ փոքրամասնութիւնները ձայն ունենան տեղական կառավարման, անվտանգութեան համակարգման եւ վերազարգացման/վերակառուցման ծրագրաւորման գործընթացներուն մէջ։
Ճգնաժամէն ետք արդարութիւն՝ հաշւետուութիւն եւ վերականգնում
Ոչ մէկ անցումային շրջան արդիւնաւէտ ու կայուն կը դառնայ՝ եթէ զոհերուն կը թելադրւի անցեալն ու անցեալի տառապանքները մոռնալ: Սահմանադրական Յայտարարութիւնը բացայայտօրէն անցումային արդարադատութեան կոչ կ’ուղղէ եւ անցումային արդարադատութեան յանձնաժողով մը կը ստեղծէ՝ «զոհակեդրոն գործիքակազմեր»՝ պատասխանատուները ճշդելու, ճշմարտութեան իրաւունքի (right to truth) եւ զոհերուն ու վերապրածներուն արդարութեան վերականգման համար (Յօդւած 49)։
Այս յանձնառութիւնը անկասկած պէտք է ներառէ նաեւ հայ համայնքի փորձառութիւնը հակամարտութեան տարիներուն. տեղահանութիւն, արտագաղթ, մահեր, առեւանգումներ, տուներու եւ գործերու կործանում կամ կողոպուտ, յարձակումներ եկեղեցիներու եւ դպրոցներու վրայ, եւ համայնքային ժառանգութեան համակարգւած թիրախաւորում։ Տէր Զօրի յուշահամալիրի կործանումը ոչ միայն խորհրդանիշ է. ան օրինակ մըն է, թէ ինչո՛ւ արդարութիւնը պէտք է ներառէ մշակութային եւ կրօնական հալածանքը որպէս իրական վնաս։
Ուստի, արժանահաւատ անցումային արդարադատութեան գործընթաց մը պէտք է ապահովէ՝ Ա. Ճշմարտութեան գործիքակազմեր, որոնք կը փաստագրեն բոլոր համայնքներուն հասցւած վնասները, ներառեալ փոքրամասնութիւններու կրօնական եւ մշակութային վայրերու դէմ յարձակումները։ Բ. Հաշւետուութեան ուղիներ, որոնք կը հասնին այն անձերուն, որոնք հրահանգած, դիւրացուցած, ֆինանսաւորած կամ գործադրած են ծանր յանցագործութիւններ՝ պատշաճ դատավարութեան ապահովումով։ Գ. Փոխհատուցում եւ վերականգնում/վերադարձ, ներառեալ սեփականութեան վերադարձ՝ հնարաւորութեան պարագային, եւ փոխհատուցում՝ երբ վերադարձը անհնար է։ Դ. Արժանապատիւ վերակառուցում, առաջնահերթ դարձնելով հանրային տարրական ծառայութիւնները (ջուր, ելեկտրականութիւն, արդիական ենթակառուցւածք, բժշկական ժամանակակից հաստատութիւններ) փոխադրամիջոցներ, դպրոցներ, համալսարաններ, գիտութեան կենդրոններ, քաղաքացիական հասարակութեան եւ համայնքային հաստատութիւններ:
Արդարութեան վերականգնումը վրէժխընդրութիւն չէ, այլ հիմքը այն Սուրիոյ, ուր սուրիացիք մշտական վախով ու մտահոգութեամբ չեն ապրիր, թէ անցեալի ցաւալի եւ տագնապալի պատմութիւնը պիտի կրկնւի։
Այստեղ անհրաժեշտ է ընդգծել, թէ Սուրիոյ անցումային հանգրւանը ծանր աշխարհաքաղաքական ճնշումներու եւ զարգացումներու թոհուբոհէն կանցնի. Միջազգային պատժամիջոցներու վերացում, դիւանագիտական գերաշխոյժ գործունէութիւն, վերակառուցման հսկայական ներդրումներ, ընկերատնտեսական վիթխարի ծրագրեր, անվտանգային պայմանաւորւածութիւններ եւ Սուրիոյ ընթացքին վրայ ազդելու տարածաշրջանային ու միջազգային մրցակցութիւն։ Միջազգային դերակատարները Դամասկոսի հետ իրենց ներգրաււածութիւնը պայմանական դրոյթներով կը ձեւակերպեն։ Ու դրականօրէն այդ պայմաններու շարքին յաճախ կեդրոնական տեղ կը գրաւեն փոքրամասնութիւններու անվտանգութեան եւ իրաւունքներու խնդիրները:
Այս երեւոյթը սուրիահայութեան համար կարեւոր է երկու իմաստով. նախ՝ ցոյց կու տայ, որ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութիւնը երկրորդական խնդիր չէ, այլ միջազգային բազմաթիւ դերակատարներու կողմէ ներկայ իշխանութիւններուն օրինականութեան եւ վաւերականութեան ցուցանիշերու եւ քննութեան կարեւոր մէկ բաղադրիչ: Երկրորդ՝ ան հնարաւորութիւն
կը ստեղծէ. որ Սուրիոյ փոքրամասնութիւնները, ներառեալ հայութիւնը, աչալուրջ ըլլան այս հանգրւանին եւ լայնախոհ ու համասուրիական համակեցութիւնն ու բարօրութիւնը նկատի առած, ներգործող, ստեղծագործ ու արդիւնաւէտ գործունէութիւն ծաւալեն եւ վստահ ըլլան, որ իրենց իրաւունքները յարգւած, պաշտպանւած ու երաշխաւորւած են:
Սուրիահայութեան քաղաքացիական ռազմավարութիւնը. սկզբունքային, ժողովրդավար, տեսանելի, դաշինքներու վրայ հիմնւած
Ի՞նչ առաջարկներ կարելի է ընել սուրիահայութեան հիմա՝ որպէս անցումային պետութեան քաղաքացիներ։ Ա. Խօսիլ քաղաքացիութեան լեզւով, ո՛չ թէ համայնքային կախւածութեան. հաւասար իրաւունքներ, հաւասար պարտականութիւններ, հաւասար պաշտպանութիւն։ Բ. Կանոաւոր եւ աշխուժօրէն ներգրաււիլ սահմանադրական բանավէճերուն մէջ՝ յստակ առաջարկներով (օրինակելի դրոյթներ, օրէնքի նախագծեր, հաստատութենական ձեւաւորումներ)։ Գ. Դաշինքներ կազմել այլ սուրիացիներու հետ, որոնք կը ձգտին իրաւունքի ու օրէնքի գերակայութեան, քանի որ փոքրամասնութիւններու իրաւունքները ամէնէն լաւ կը պահպանւին այն համակարգին մէջ, որ բոլորին կը պաշտպանէ։ Դ. Ներհամայնքային ժողովրդավար գործընթացներով, ձեւաւորել Սուրիա-հայութեան քաղաքացիական ներկայացուցչական խորհուրդ, որ կը ներառէ սուրիահայութեան աշխարհագրական ու ընկերային բոլոր խաւերը ու ապա նոր իշխանութիւններուն յստակացնել սուրիահայութեան հաւաքական քաղաքացիական ներկայացուցչութիւնը, պատմականօրէն առկայ կրօնական ներկայացուցչութեան կողքին ու համագործակցաբար: Ե. Համակարգւած վնասներու փաստագրում անցումային արդարադատութեան համար (եթէ մինչ այս պահը արդէն իսկ տեղի չէ ունեցած) անհետ կորածներու, արեւանգւածներու, սեփական կալւածներու կորուստներու, հաստատութիւններու կործանման, տեղահանւած ընտանիքներու, ու հայութիւնը կամ հայապատկան հաստատութիւնները թիրախաւորւած յարձակումներու յստակ ցանկագրում, վնասից արժեւորում եւ փոխհատուցման պատկերացումներ: Զ. Ազդեցիկ մասնակցութիւն, խորհըրդանշական ներկայացւածութենէ անդին՝ իրական տեղեր այն սեղաններուն շուրջ, ուր օրէնքներ կը ճշդւին, քաղաքականութիւններ կը մշակւին, բիւջէ, կրթական, տնտեսական եւ ընկերային ռազմավարութիւններ ու մարտավարութիւններ կորդեգրւին:
Սուրիոյ անցումային հանգրւանը պիտի յիշւի ոչ թէ միայն թէ ով իշխանութեան եկաւ, այլ թէ ինչպիսի պետութիւն մը կառուցւեցաւ 40 տարւայ միատեսակ կառավարումէ ետք…։ Պետութիւն մը, որ իրապէս կը ձգտի քաղաքացիներուն արժանապատւութիւնը յարգել, պաշտպանել եւ երաշխաւորել, ինչպէս նաեւ համերաշխ, զարգացող ու ապահով պետութիւն կառուցել, պարտաւո՛ր է բոլոր բնակիչներուն, ներառեալ փոքրամասնութիւններուն յստակ ու կայուն իրաւունքներ երաշխաւորել, ո՛չ թէ որպէս զիջում, այլ որպէս սահմանադրական անխուսափելի առաջնահերթութիւն եւ կայուն զարգացման ու խաղաղութեան նախապայման։
Իսկապէ՛ս, սուրիահայութեան համար այս հանգրւանը իրաւասահմանադրական խաչմերուկ մըն է։ Սուրիահայութեան ներկան ու ապագան պիտի չկերտւի չէզոքութեամբ կամ մտահոգ սպասումով: Ոչ ալ սուրիահայութիւնը ուրիշներուն պէտք է վստահի, կամ ուրիշներէն ակնկալէ որ իր տեղն ու դերը սահմանեն նոր Սուրիոյ մէջ…: Սուրիահայերը հաստատակամ, կառուցողական եւ իրաւական քայլերով վերահաստատելու են, թէ լիիրաւ քաղաքացիներ են սուրիական պետութեան, իրենց արդարօրէն պատկանող ու միջազգային օրէնքով տրամադրւած փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու ամբողջ համալիրով՝ գոյութեան իրաւունք, ինքնութեան իրաւունք, հաւասարութեան եւ ոչ խտրականութեան իրաւունք, եւ մասնակցութեան իրաւունք քաղաքական, տնտեսական եւ հասարակական կեանքին մէջ, այնպիսի երաշխիքներով, որոնք դատարանները կրնան կիրարկել եւ հաստատութիւնները պարտաւոր են իրագործել։
Իսկ Սուրիոյ անցումային ղեկավարութեան եւ միջազգային գործընկերներուն համար քննութիւնը պարզ է. կայուն ու խաղաղ Սուրիա չի կրնար կառուցւիլ ընտրովի պատկանելիութեան վրայ։ Ան կրնայ կառուցւիլ միայն օրէնքի գերիշխանութեան, արդարութեան վերականգնման ու հաւասար քաղաքացիութեան սկզբունքերուն վրայ։
Եզրափակելու համար, սուրիահայութեան անվտանգութիւնը, ինքնութիւնը եւ կայուն գոյատեւումը երաշխաւորելու՝ ու փոփոխական քաղաքական տրամադրութիւններուն եւ ապահովական զարգացումներուն կախեալ ըլլալու հանգամանքը նւազեցնելու համար, անհրաժեշտ է անցում կատարել ոչ-պաշտօնական «վստահեցումներ»-էն դէպի պարտադիր եւ գործադրելի երաշխիքներ.
(1) սահմանադրական եւ օրէնսդրական պաշտպանութիւններ՝ հաւասարութեան, ոչ խտրականութեան, մշակութային/լեզւական ու կրօնական իրաւունքներու, եւ քաղաքական մասնակցութեան համար,
(2) անկախ հաստատութիւններ ու դատարաններ, որոնք իսկապէս կրնան խախտումներուն եւ յանցագործութիւններուն համապատասխան քայլեր ձեռնարկել,
(3) պետութեան «դրական աջակցութեան» միջոցառումներ՝ պատերազմէն ետք փոքրամասնութիւններու դպրոցներուն, մշակութային հաստատութիւններուն եւ ժառանգութեան պաշտպանութեան շարունակականութիւնը ապահովելու համար, եւ
(4) արժանահաւատ անցումային արդարդատութեան ուղի մը (ճշմարտութիւն, հաշւետւութիւն, փոխհատուցում եւ սեփականութեան վերադարձ), որպէսզի համայնքին դէմ՝ ներառեալ ժառանգութեան ու սրբավայրերու դէմ գործւած յանցագործութիւնները, անպատիժ չմնալով, չկրկնւին։ Կարճ՝ իրաւունքները պէտք է ըլլան ամրագրւած, միջոցներով ապահովւած եւ գործադրելի:
Գանձասար



