Սփիւռք
Լիբանանի կուսակցութիւնները ներկայացնող պատւիրակութիւնը Անթիլիասի մայրավանքէն ներս

Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 15-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի կուսակցութիւնները ներկայացնող պատւիրակութիւն մը։ Այցելութեան նպատակը Վեհափառ Հայրապետին պարզել էր Լիբանանի դիմագրաւած տագնապները, յատկապէս հարաւային Լիբանանի առնչւած։
Պատւիրակութեան անդամները շեշտեցին Իսրայէլի՝ Լիբանանի հողերէն հեռացման անհրաժեշտութիւնը։
Նորին Սրբութիւնը, իր կարգին, բաժնելով արտայայտւած մտահոգութիւնները, ընդգծեց Լիբանանի ներքին միասնականութիւնը պահելու եւ խնդիրները երկխօսութեան ճամբով քննելու հրամայականը:



