«Ազդակ»-ի խմբագրական. Նախապայմաններ եւ բախումներ

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ գործող մեծամասնութեան սադրած ֆիզիկական բախումները ուշադրութեան չարժանացան մեր երկրի ժողովրդավարութեան կարգերու կայացումը քաջալերող պետութիւններուն կողմէ: Պատկերը անշուշտ ոչ միայն անյարիր է ժողովրդավար համակարգերու համարկման ուղին ընտրած որեւէ երկրի, այլեւ ընդհանրապէս բարեվարքութեան եւ քաղաքակրթութեան հետ աղերս ունենալու փորձ կատարող որեւէ հաւաքականութեան համար:
Քննարկումները կը շարունակւին հայաստանեան քաղաքական եւ հասարակական դաշտերուն մէջ` նախաձեռնողի, սադրողի, հրահրողի, առաջին հարւածողի, նախապէս ծրագրւած ըլլալու, Ազգային ժողովի նախագահին կատարած ուշացած միջամտութեան, աւելի հարւածւած կողմին, եղածը ընթացիկ դրւագ նկատելու, պատահածը վարչապետին կողմէ արդարացնելու եւ այս բոլորին կապւած մանրամասնութիւններու արծարծումներով:
Այս թէժացման եւ ֆիզիկական բռնութեան դրսեւորումներուն կը նախորդէին ճակատագրորոշ օրակարգերու ներկայացումներ, յատկապէս Սահմանադրութեան փոփոխութեան եւ խաղաղութեան համաձայնագիրէն առաջ TRIPP-ը գործարկելու պատրաստակամութեան մասին:
Բաւական ուշագրաւ է, որ ճիշտ այս երկու հիմնական խնդիրներուն գծով Բաքուն իր մօտեցումները, աւելի ճիշտը` նախապայմանները կը յիշեցնէր հայկական կողմին: Ադրբեջանի արտաքին գործոց նախարարը դարձեալ կընդգծէր, որ անցեալ տարի նախաստորագրւած խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրման համար անհրաժեշտ է Հայաստանի կողմէ համապատասխան քայլերու իրականացումը: Ան նաեւ կը նշէր, որ Միջին միջանցքի եւ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի զարգացումը տարածաշրջանային համագործակցութեան նոր կարելիութիւններ կը ստեղծէ:
Պարզ է, որ այս յայտարարութեան առաջին բաղադրիչը Սահմանադրութեան փոփոխութեան պահանջն է, իսկ երկրորդը` TRIPP-ի ծրագիրը խաղաղութեան պայմանագիրէն առաջ գործարկելու պահանջը. իրենց ընկալումով` «Զանգեզուրեան միջանցք»-ին աշխատիլը:
Հակառակ Բաքու-Անկարա դիւանագիտական մակարդակի վրայ դրսեւորւող անհանգստութիւններուն, եւ որոշ քայլերով իրար ուղերձներ փոխանակելուն, այս հարցին ուղղութեամբ փորձ կայ հակասութիւն չդրսեւորելու: Թէեւ սահմանի բացման մօտալուտ ըլլալուն մասին անուղղակի ակնարկութիւններու բարձրաձայնումներ եղան, այդուհանդերձ այս հարցին ուղղութեամբ «Շուշիի հռչակագիրը» կը շարունակէ գործել եւ իբրեւ մէկ դիրքորոշում ներկայացնել Անկարայի եւ Բաքւի նախապայմանը:
Բաքւի ճնշումներուն չենթարկւելու դիրքորոշումներն են, որ կարտայայտւին հայաստանեան ընդդիմութեան կողմէ: Չընդառաջելու Ադրբեջանի պահանջին եւ չփոխելու Սահմանադրութիւնը եւ TRIPP-ի գործարկումը պայմանաւորելու խաղաղութեան համաձայնագիրով:
Այստեղ կայ ադրբեջանական աճապարանք, գրաւիչ առաջարկի տեսքով: Ադրբեջանի նախագահին օգնականը կը նշէ, որ Բաքուն Հայաստանին կառաջարկէ միանալ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ցանցին` ընդգծելով փոխադրամիջոցային ուղիներու զարգացման կարեւորութիւնը: «Հայաստանը դէպի ծով ելք չունեցող երկիր է, իսկ մենք կառաջարկենք, որ անիկա դառնայ տարածաշրջանի միւս պետութիւններուն հետ կապակցւած երկիր, եւ այդ պատճառով ալ կը բանանք տարբեր փոխադրամիջոցային ուղիներ»: Այս յայտարարութիւնը պարզապէս վերաձեւակերպումն է «Զանգեզուրի միջանցք» պահանջող Ադրբեջանի արտաքին գործոց նախարարին:
Ադրբեջանը առաջին դէմքով չէր ներկայացած Թուրքիա` մասնակցելու համար թրքական պետութիւններու վեհաժողովին: Երեւոյթը կը մեկնաբանւէր այսօրւան Անկարա-Բաքւի դիւանագիտական անհանգստութեան պայմաններով: Թուրքիոյ նախագահը սակայն յայտարարած էր, որ իր պետութիւնը կը սատարէ Ադրբեջանի առած քայլերուն Հայաստանի ուղղութեամբ եւ կարտայայտէր Անկարայի նւիրւածութիւնը ամուր խաղաղութեան հասնելու գործին հետագայ առաւելագոյն ներդրում ունենալուն:
Այս ալ թրքական զօրակցութիւնն է Ադրբեջանի նախապամաններուն, հակառակ դիւանագիտական մակարդակի վրայ դրսեւորւող անհանգստութեան: Իսկ մեր կողմը՞: Խորհրդարանական մեծամասնութեան կողմէ հրահրւած ներխորհրդարանական բախումներ:



