MENU
Նոյեմբերի 9-ին Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարները ստորագրեցին «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինուորական գործողութիւններու լիակատար դադրեցման մասին» համաձայնութիւնը, որուն բովանդակութիւնը անոր խորագիրէն աւելին էր եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եռանախագահութեան ձեւաչափէն դուրս ու ոչ խաղաղ ճամբով ձեռք բերուած տագնապի լուծման «ճամբու քարտէս» մը, որ հայկական կողմին համար կը պարունակէ ահաւոր հետեւանքներ:
Հայեր, իր վերջին ժամերը հաշւող ապիկար կառավարութիւնն ու նրա ղեկավարը անհիմն թեզեր են դրել շրջանառութեան մէջ, թէ իշխանափոխութիւնից յետոյ կը վերսկսւի պատերազմը, նոր զոհեր ու աւերածութիւններ կունենանք: Այս ստոր սուտը յօրինել են վարչապետ կոչւածն ու նրա մարդիկ, որոնք իրենց վարած քաղաքականութեամբ պատճառ դարձան այս սոսկալի պատերազմի, հազարաւոր զոհերի ու հայրենի հարիւրաւոր բնակավայրերի աւերմանը:
ՀՄԸՄ կու գայ հաստատելու նաեւ, որ ան պիտի շարունակէ 1918-ին սկսած իր երթը՝ յոյսով, հաւատքով եւ անսահման նուիրումով, որպէսզի մինչեւ հիմնադրութեան յաջորդ տարեդարձ, եւ նորանոր ամեակներ, հայութեան «Կամաւոր բանակ»-ը կարենայ Եռագոյն դրօշը հպարտօրէն կոթողել «Կատարն հայրենի լերանց հեռագոյն»։
Նոյեմբերի 13-ին Թուրքիայի խորհրդարանը սկսել է բանաձեւի նախագծի պատրաստումը, որը Անկարային Թուրքիայի զինւած ուժերի ստորաբաժանումները Լեռնային Ղարաբաղ գործուղելու օրինական հիմք կը տայ` Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ հրադադարի ռեժիմը վերահսկելու համար ռուս-թուրքական համատեղ կենտրոն ստեղծելու մասին յուշագրի շրջանակներում:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ստորագրութիւնը կրող Արցախի պատերազմի ստորացուցիչ համաձայնագրին առկայութիւնը եւ այդ ամօթալի գործընթացին հետ կապուած քաղաքական ուժերու կողմէ վարչապետի հրաժարականի պահանջը կը փորձուի կասեցնել, քաղաքական ուժերու ղեկավար դէմքերու իրերայաջորդ ձերբակալութիւններով։
Ստորագրուած յանձնուողական յայտարարութեան փաստաթուղթը արցախեան պատերազմական գօտիի սահմաններէն հեռացած է եւ ներառած Հայաստանի տարածքներուն վրայ թրքական-ազրպէյճանական պահանջներու իրականացման յանձնառութիւններ: Նման պայմաններ ընդունելով` հայկական կողմը լրիւ ներքաշուած է Ազրպէյճան-Արցախ հակամարտութեան էութիւնը Հայաստան-Ազրպէյճան վերափոխելու Պաքուի երկարատեւ ռազմավարական ծրագիրին մէջ:
85 տարեկանում կեանքից հեռացել է խորհրդային եւ ռուսական կինոյի, թատրոնի եւ հեռուստատեսութեան հայազգի դերասան, ԽՍՀՄ ժողովրդական արտիստ Արմէն Ջիգարխանեանը: