Թուրքիոյ խորհրդարանի պատգամաւորներ՝ հայազգի զաւակ Կարօ Փայլան եւ արմատներով քիւրտ Էպրու Կունէյ, ուրբաթ 16 օգոստոս 2019-ին Ուրուկուէյի մէջ հանդիպեցան ՀՅԴ Ուրուկուէյի Կեդր. Կոմիտէի, ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» կոմիտէի, ՀՄԸՄ-ի, Համազգայինի, Հայ Օգնութեան միութեան, Հայ Դատի, եւ այլ հայկական միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ:

Հանդիպումին պատգամաւորները ներկայացուցին Թուրքիոյ մէջ ներկայ քաղաքական եւ սոցիալական կացութիւնը, կեդրոնանալով մարդկային իրաւունքներու հարցին վրայ, մտահոգութիւն յայտնելով թէ Թուրքիոյ մէջ ապրող քիւրտերը ցեղասպանութեան ենթարկուելու վտանգի մէջ են:
Կարօ Փայլան նաեւ պատմեց թէ ինչպէս Հայոց Ցեղասպանութեան թեման բոլորովին ջնջուած է թրքական դպրոցներու պաշտօնական պատմութեան դասագիրքերէն, եւ հայերուն ունեցած դերակատարութիւնը համաշխարհային առաջին պատերազմի ժամանակ խեղաթիւրուած է:
«Սփիւռքի ձայն»