Հա
22/06/2021 - 14:10

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ողջունեց Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի ընտրութիւնը

Կիրակի, 20 Յունիս 2021-ին, Իրանի նորընտիր նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի ուղղած իր նամակով՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ուրախութեամբ ողջունեց անոր ընտրութիւնը իբրեւ նախագահ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան: 

Կիրակի, 20 Յունիս 2021-ին, Իրանի նորընտիր նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի ուղղած իր նամակով՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ուրախութեամբ ողջունեց անոր ընտրութիւնը իբրեւ նախագահ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան: Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Ձեր ընտրութիւնը շօշափելի արտայայտութիւն է Ձեր անձին նկատմամբ Իրանի ժողովուրդին ունեցած վստահութեան ու համարումին»: Նորին Սրբութիւնը յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր նախագահին՝ յատկապէս ներկայ ժամանակներուն, երբ ողջ աշխարհը ու Միջին Արեւելքը կը դիմագրաւեն ահաւոր տագնապներ ու մարտահրաւէրներ: 

Անդրադառնալով Իրանի հայ համայնքին եւ անոր գործօն մասնակցութեան Իրանի առաւել զարգացման ու յառաջդիմութեան, Հայրապետը յոյս յայտնեց, որ մեր եկեղեցւոյ զաւակները միշտ պիտի մնան նորընտիր նախագահին հոգածութեան առարկան:

 

Armenianorthodoxchurch.org

 

Յարակից լուրեր

Ամենաշատ ընթերցւած

Քւէարկութիւն

Կը յաջողւի՞ արդեօք Արմէն Սարգսեանին նոր որակ մտցնել ՀՀ քաղաքական կեանքում:

Եղանակ

Հեղինակութիւն © 2011-2022 «ԱԼԻՔ» Օրաթերթ։ Բոլոր իրավունքները պահպանւած են։