Հա
28/06/2021 - 13:15

Անթիլիասի մէջ Հայրապետական Մաղթանք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի գահակալութեան 26-ամեակին առիթով

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կը բոլորէ Կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 26-րդ տարեդարձը։ Այս առիթով, Կիրակի, 27 Յունիս 2021-ին, Հայրապետական Մաղթանք կատարուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կը բոլորէ Կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 26-րդ տարեդարձը։ Այս առիթով, Կիրակի, 27 Յունիս 2021-ին, Հայրապետական Մաղթանք կատարուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին։

Հայրապետական Մաղթանքի ընթացքին միաբան հայրեր Ս. Խորան բարձրանալով Աւետարանական հատուածներ ընթերցեցին եւ աղօթքներ կարդացին՝ Հայրապետին մաղթելով քաջառողջութիւն եւ երկար ու բեղուն գահակալութիւն եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դարաւոր Ս. Աթոռին՝ անսասանութիւն։

Պատարագիչ հայր սուրբը՝ Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան, քարոզին բնաբան ընտրած էր որոմին առակը, որ կ՚ուսուցանէ համբերութիւն եւ Աստուծոյ արդար դատաստանին վստահութիւն, ինչպէս նաեւ ցոյց կու տայ Աստուծոյ գթառատութիւնն ու ողորմութիւնը։ Ապա, ան դիտել տուաւ, թէ օրը իւրայատուկ է իր տօնակատարութեամբ, որովհետեւ տարուան ընթացքին բոլորիս ընծայուած լաւագոյն առիթն է այսօր յետադարձ ակնարկով նայելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսական Ս. Աթոռին յատկապէս վերջին քառորդ դարու պատմութեան: Լուսարձակի տակ առնելով Ս. Աթոռոյս ծառայական առաքելութեան պատմութիւնը՝ հայր սուրը ըսաւ. «Վերջին 26 տարիներուն ինչե՜ր չէ ըրած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը: Միջ-կրօնական գետնի վրայ ո՛չ թէ միայն մասնակցեցաւ ու խօսեցաւ այլ կրօններու հետ հաշտ համակեցութեան եւ համագոյակցութեան մասին, այլ Միջին Արեւելքի մէջ լաւագոյն օրինակը հանիսացաւ հանդուրժողութեան, հասկացողութեան եւ երկխօսութեան: Միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց մէջ չբաւարարուեցաւ միայն նախագահելով, ատենապետելով եւ կամ սոսկ ժողովներու մասնակցելով, այլ ռահվիրան հանդիսացաւ եկեղեցիներու միութեան գաղափարին եւ անոնց միջեւ հաշտութեան կամուրջ հանդիսացաւ: Ինչե՜ր չէ ըրած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը: Համահայկական գետնի վրայ խօսքով ու գործով զօրակցած եւ դիմագրաւած է սփիւռքեան ամէն տեսակի մարտահրաւէր եւ խոչընդոտ: Հայաստանի ու Արցախի մեր ժողովուրդի զաւակներուն նեցուկ կանգնած է՝ համահայկական զօրակցութեան կոչեր ուղղելով եւ անձամբ գետնի վրայ ներկայ ըլլալով ու զօրավիգ կանգնելով անոնց: Սփիւռքի մէջ, Ս. Աթոռոյս թեմերուն միջոցաւ, եկեղեցիներու եւ ազգային վարժարաններու ճամբով հայ սերունդներու առողջ դաստիարակութեան եւ լեզուական ու մշակութային գոյատեւման պայքար մղած է: Դարձեալ հարց կու տամ, ինչե՜ր չէ ըրած այս Ս. Աթոռը: Հայ դատի եւ պահանջատիրութեան մշտավառ ջահ մը եղաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը՝ օրինական եւ դատական գետնի վրայ: Տակաւին ուրիշ շա՜տ մարզերու մէջ գործօն դերակատարութիւն ունեցաւ մեր Ս. Աթոռը՝ կրօնական, մշակութային եւ հայապահպան իր առաքելութեամբ: Այս բոլորը, բնականաբար, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կատարեց յանձինս իր ազգընտիր ու արժանընտիր գահակալին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Վեհափառ Կաթողիկոսին, որ նախ ի՛նք հաւատաց այս բոլորին ու ապա Աթոռի ոյժը կեդրոնացուց ճիւղաւորեալ յիշեալ բոլոր եւ այլ մարզերուն վրայ»:

Ապա, քարոզիչ հայր սուրբը խօսքը ուղղելով Նորին Սրբութեան՝ հաստատեց. «Վեհափառ Տէր, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վերջին 26 տարիներու պատմութիւնը Ձեզմով գրուեցաւ, Ձեզ պիտի պատմէ եւ Ձեզմով պիտի յիշուի: Շարականագիրին բառերուն միախառնելով մեր սրտագին մաղթանքները՝ կ՚աղօթենք, որ Աստուած Ձեր իշխանութեան գաւազանը շնորհազարդ պայծառացնէ»:

Հայր սուրբը իր քարոզը եզրափակեց Հայրապետական մաղթերգով, որուն յոտնկայս միացան ներկայ հաւատացեալները՝ երգչախումբին ընկերակցութեամբ. «Ամէն հայի սրտից բխած՝ լսիր այս ձայն, ո՜վ Աստուած, երկար կեանք տուր Հայրապետին, երկար օրեր՝ հայոց հօր, Տէ՜ր, անսասա՛ն պահիր Դու միշտ Քո իսկ հիմնած Սուրբ Աթոռ»։

Յայտնենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերու բոլոր եկեղեցիներէն ներս եւս կատարուեցաւ Հայրապետական Մաղթանք։

 

Armenianorthodoxchurch.org

 

Image Gallery

View the embedded image gallery online at:
https://alikonline.ir/news/diaspora/item/69399-%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD-%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD-%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD-%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD-%EF%BF%BD%EF%BF%BD-%EF%BF%BD%EF%BF%BD-%EF%BF%BD%EF%BF%BD-%EF%BF%BD%EF%BF%BD-%EF%BF%BD%EF%BF%BD-%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD-%EF%BF%BD%EF%BF%BD-%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD-%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD-26-%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD-%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD%EF%BF%BD#sigProId2d589babaa

Յարակից լուրեր

  • Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիպում ունեցաւ Յունաստանի վարչապետին հետ
    Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիպում ունեցաւ Յունաստանի վարչապետին հետ

    Հինգշաբթի, 16 Մարտ 2023-ին, շուրջ մէկ ժամ հանդիպում կայացաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսին միջեւ: 

  • Տեառնընդառաջի նախատօնակը մեծաշուք նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ
    Տեառնընդառաջի նախատօնակը մեծաշուք նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ

    Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին, Երկուշաբթի, 13 Փետրուար 2023-ին, Կաթողիկոսանիստ Վանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, մեծ շուքով նշուեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակը, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ անդաստանի հոգեպարար արարողութիւնը, մեր Տիրոջ՝ Քրիստոսի կեանքի օրինակով մանուկներու տաճար ընծայումը եւ Քրիստոսի Լոյսը խորհրդանշող աւանդական խարոյկի հրավառութիւն։

  • Երկրաշարժ Միջին Արեւելքէն ներս
    Երկրաշարժ Միջին Արեւելքէն ներս

    Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը խոր ցաւով իմացաւ հայկական Եագուպիէ գիւղի հսկայ աւերներուն մասին, որոնց շարքին նաեւ, ցաւ ի սիրտ, Ս. Աննա եկեղեցին։ Ստորեւ կը ներկայացնենք քանդումներէն պատկերներ։

  • Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ցաւակցութիւն կը յայտնէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ալ-Ասատին
    Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ցաւակցութիւն կը յայտնէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ալ-Ասատին

    Երեքշաբթի, 7 Փետրուար 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ Պաշշար Ալ-Ասատին յղած ցաւակցագիրով, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, իր խորազգաց վշտակցութիւնը կը յայտնէ Սուրիան հարուածած ծանր երկրաշարժին հետեւանքով ինկած զոհերուն, ինչպէս նաեւ զօրակցութիւն՝ վերապրողներուն։

  • Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հարցազրոյցը Cilicia TV-ին հետ
    Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հարցազրոյցը Cilicia TV-ին հետ

    Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մասին խօսիլը սովորական երեւոյթ մը չէ ու պէտք չէ ըլլայ։ Եռամիութիւնը այսօր, աւելի քան երբեք, լուրջ տագնապներու ու մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուի։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ազգընտիր Հայրապետը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը 2023 նոր տարին դարձեալ հռչակեց «Սփիւռքի Տարի», սակայն շեշտը դնելով ինքնաքննութենէ վերակազմակերպման վրայ:

Ամենաշատ ընթերցւած

Քւէարկութիւն

Կը յաջողւի՞ արդեօք Արմէն Սարգսեանին նոր որակ մտցնել ՀՀ քաղաքական կեանքում:

Եղանակ

Հեղինակութիւն © 2011-2022 «ԱԼԻՔ» Օրաթերթ։ Բոլոր իրավունքները պահպանւած են։