Հա
04/08/2021 - 13:05

Յանցաւորները պէտք է պատժուին, մենք պիտի մնանք ձեր կողքին

Սովորական օր չէր 4 օգոստոս 2020-ը:

Սովորական տարելից չէ նաեւ 4 օգոստոս 2021-ը:

21-րդ դարու մեծագոյն ոճիրը պատահեցաւ մէկ տարի առաջ, իսկ այսօր տակաւին լիբանանցին կը շարունակէ մնալ շուարած ու կը սպասէ ճշմարտութեան յայտնաբերման, արդարութեան հաստատման, յանցագործներու յայտնաբերման եւ պատժուելուն:

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

 

Սովորական օր չէր 4 օգոստոս 2020-ը:

Սովորական տարելից չէ նաեւ 4 օգոստոս 2021-ը:

21-րդ դարու մեծագոյն ոճիրը պատահեցաւ մէկ տարի առաջ, իսկ այսօր տակաւին լիբանանցին կը շարունակէ մնալ շուարած ու կը սպասէ ճշմարտութեան յայտնաբերման, արդարութեան հաստատման, յանցագործներու յայտնաբերման եւ պատժուելուն:

Նաւահանգիստի ոճրային պայթումը շարժեց համայն աշխարհը, հոգեփոխեց լիբանանցի քաղաքացին, խորացուց անվստահութիւնը իշխանաւոր դասակարգին նկատմամբ, բայց ամէնէն աւելի այսօր, կռանած է կամքը` արդարութեան հաստատման պահանջքին:

Ահաւոր էր պայթումը:

Ահաւոր էր արհաւիրքը: Նահատակներ, վիրաւորներ, համատարած քանդում, ընդհանրական յուսալքում, հոգեբանական անկում, սակայն մի՛շտ ճշմարտութեան յայտնաբերման եւ արդարութեան հաստատման անվերադարձ պահանջք:

Ահաւոր էր պայթումը:

Միաժամանակ, այդ պայթումին թողած նիւթական, տնտեսական, ֆիզիքական, կենցաղային թէ ապրուստի տագնապներու դիմակալումը` համալիբանանեան մաշտապով, տուաւ բացառիկ օրինակը, թէ լիբանանցի քաղաքացին իբրեւ մարդ անհատ, անկախ իր համայնքային եւ գաղափարական պատկանելիութենէն, նաեւ մարդ է, լիբանանցի մարդ ու նման արհաւիրքի մը մէջ անվերապահ նեցուկը` իր եղբայր քաղաքացիին:

Վերյիշենք քանդումի պատկերները:

Վերյիշենք այն երկվայրկեանները, որոնք համատարած դժոխքի վերածեցին Պէյրութը:

Ամէն կողմ մահ ու սարսափ: Սրտաճմլիկ տեսարաններ, վէրք եւ արիւն, փլատակներու տակէն աղերսող ձայներ:

Եւ նոյն պահուն` օժանդակող ձեռքեր: Փրկարար աշխատանքներ: Արիւն եւ ջուր հասցնող երիտասարդներ եւ ալեհերներ: Բնակարան տրամադրողներ եւ վերաշինող բազուկներ, ամէն օր ուտեստեղէն եւ կենցաղային նիւթեր ապահովող ձեռքեր:

Մահ ու աւեր:

Միաժամանակ` կեանք տուող յոյսեր:

Եւ մենք, իբրեւ հայութիւն, հո՛ն էինք տեւաբար:

Նահատակ տուինք եւ վիրաւորներ:

Պէրութի թէ Պուրճ Համուտի եւ դեռ աւելի հեռու հայահոծ շրջաններու հայ ընտանիքներու տուներ քանդուեցան կամ վնասուեցան:

Եւ հասանք հաւաքաբար, իւրաքանչիւրը իր չափով, իր կարողութեամբ:

Հասանք բոլորին` հայուն եւ ոչ հայուն:

Հասանք Լիբանանի մէջ ապրող հայերով:

Մեզի հետ էր Հայաստանն ու Արցախը:

Մեզի հետ էր սփիւռքը:

Կարեւոր չէ թէ ո՛վ եւ ինչպէ՛ս:

Հիմնականը ա՛յն է, որ բոլորով հասանք բոլորին: Հասանք հո՛ն, ուր կարիք կար, հո՛ն, ուր աւեր կար, հո՛ն, ուր ցաւ կար:

* * *

Էականը, սակայն, զոհերուն արեան հանդէպ մեր բոլորին ունեցած հաւաքական պատասխանատուութիւնն է:

Թափուած արեան դիմաց կը տապալին բոլոր օրէնքներն ու սահմանադրական յօդուածները, կը տապալին բոլոր անձեռնմխելիութիւնները:

Եւ միայն այդպէս կը հաստատուի արդարութիւնը: Արդարութեան հիմքը հաւասարութիւնն է: Ոչ ոք աւելի բարձր է, քան ոճիրին զոհ դարձած նահատակը:

* * *

Յարգանքի, յիշատակի ոգեկոչման եւ պատասխանատուութեան այս օրը, մենք անգամ մը եւս կը վստահեցնենք մեր հայ քաղաքացիները, համակիրները թէ ընդդիմադիրները, որ մենք պիտի շարունակենք կանգնիլ մեր ժողովուրդի կողքին, բոլորի՛ն կողքին, պիտի շարունակենք պայքարիլ ճշմարտութեան յայտնաբերման եւ արդարութեան հաստատման ի խնդիր:

Առանձին չէ, Լիբանանի հայութիւնը:

Չե՛նք կրնար առանձին ձգել լիբանանահայութիւնը:

Յանցաւորները պէտք է պատժուին, եւ մենք պիտի մնա՛նք ձեր կողքին:

 

«Ազդակ»

 

Յարակից լուրեր

Ամենաշատ ընթերցւած

Քւէարկութիւն

Կը յաջողւի՞ արդեօք Արմէն Սարգսեանին նոր որակ մտցնել ՀՀ քաղաքական կեանքում:

Եղանակ

Հեղինակութիւն © 2011-2022 «ԱԼԻՔ» Օրաթերթ։ Բոլոր իրավունքները պահպանւած են։