Հա
19/05/2022 - 10:40

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի համաժողովին մասնակից հոգեւոր պետերը Եգիպտոսի նախագահ Ապտ Ալ-Ֆաթթահ Ալ-Սիսիին մօտ

Երեքշաբթի, 17 Մայիս 2022-ին, Եգիպտոսի նախագահ Ապտ Ալ-Ֆաթթահ Ալ-Սիսի ընդունեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Մ.Ա.Ե.Խ.) 12-րդ համաժողովին մասնակցող հոգեւոր պետերու այցելութիւնը, Գահիրէի նախագահական պալատին մէջ:

Նախագահ Ալ-Սիսի ջերմօրէն ողջունեց ներկաները եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց համաժողովը Եգիպտոսի մէջ գումարելու որոշումին համար: Ան հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարեց քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան անհրաժեշտութեան եւ ընդգծեց, թէ քրիստոնեայ քաղաքացիները անբաժան մասնիկը կը կազմեն արաբական հասարակութեան: Իր խօսքի աւարտին, նախագահը շեշտեց քրիստոնեայ ու իսլամ քաղաքացիներուն համահաւասար իրաւունքներ վայելելու հրամայականը շրջանէն ներս եւ քաղաքացիական նոյն պարտաւորութիւնները ունենալու կարեւորութիւնը՝ Միջին Արեւելքին մէջ խաղաղութեան ու բարգաւաճման հաստատման գծով:

Armenianorthodoxchurch.org

Յարակից լուրեր

Ամենաշատ ընթերցւած

Քւէարկութիւն

Կը յաջողւի՞ արդեօք Արմէն Սարգսեանին նոր որակ մտցնել ՀՀ քաղաքական կեանքում:

Եղանակ

Հեղինակութիւն © 2011-2022 «ԱԼԻՔ» Օրաթերթ։ Բոլոր իրավունքները պահպանւած են։