Երէկ յունիսի 28-ի յետմիջօրէին հայ կաթողիկէ պատրիարքարան այցելեցին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի` տեսակցելու համար Հայ Կաթողիկէ համայնքի Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքին հետ:
Երէկ յունիսի 28-ի յետմիջօրէին Հայ Կաթողիկէ պատրիարքարան այցելեցին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի` տեսակցելու համար ՀայԿաթողիկէ համայնքի Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքին հետ:
Հոգեւոր տիրոջ հետ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները զրուցեցին հայաստանեան իրավիճակին, հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւններու այսօրուան պատկերին եւ լիբանանահայ համայնքին դիմագրաւած խնդիրներուն մասին:
Տարբեր ուղղութիւններու վրայ պարզուած այսօրուան դժուար պայմանները նկատի ունենալով զրուցակիցները վերահաստատեցին հայութեան բոլոր հատուածներուն միջեւ համակարգուած աշխատանք իրականացնելու հրամայականը:
«Ազդակ»