Հա
11/09/2022 - 13:00

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Շաբաթ, 10 Սեպտեմբեր 2022-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Մ.Ը.Մ.) Կեդրոնական Վարչութեան:

Շաբաթ, 10 Սեպտեմբեր 2022-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Մ.Ը.Մ.) Կեդրոնական Վարչութեան:

Վարչութիւնը Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց անցնող շրջանին իր կատարած աշխատանքները եւ յառաջիկայ ծրագիրները: Կեդրոնական Վարչութեան անդամները Նորին Ս. Օծութեան յանձնեցին համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 11-րդ մարզախաղերու առիթով պատրաստուած յուշանուէրը:

Վեհափառ Հայրապետը իր հայրական օրհնութիւնն ու գնահատանքը փոխանցեց, Կեդրոնական Վարչութեան ճամբով, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մեծ ընտանիքին՝ յիշեցնելով, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, իր թեմական կառոյցներով, միշտ զօրավիգ կանգնած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ազգանուէր գործունէութեան:

 

Armenianorthodoxchurch.org

 

Յարակից լուրեր

  • Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիպում ունեցաւ Յունաստանի վարչապետին հետ
    Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիպում ունեցաւ Յունաստանի վարչապետին հետ

    Հինգշաբթի, 16 Մարտ 2023-ին, շուրջ մէկ ժամ հանդիպում կայացաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսին միջեւ: 

  • Երկրաշարժ Միջին Արեւելքէն ներս
    Երկրաշարժ Միջին Արեւելքէն ներս

    Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը խոր ցաւով իմացաւ հայկական Եագուպիէ գիւղի հսկայ աւերներուն մասին, որոնց շարքին նաեւ, ցաւ ի սիրտ, Ս. Աննա եկեղեցին։ Ստորեւ կը ներկայացնենք քանդումներէն պատկերներ։

  • Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան հաղորդագրութիւն
    Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան հաղորդագրութիւն

    Միջին Արեւելքը հարուածած երկրաշարժը դժնդակ կացութեան մատնած է արդէն իսկ տնտեսական, ընկերային եւ կենցաղային բազմաթիւ տագնապներ դիմագրաւող հալէպահայութիւնը, որ 2011-էն ի վեր կ’անցնի սուրիական պատերազմի ահաւոր փորձութիւններուն ընդմէջէն։

  • Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ցաւակցութիւն կը յայտնէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ալ-Ասատին
    Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ցաւակցութիւն կը յայտնէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ալ-Ասատին

    Երեքշաբթի, 7 Փետրուար 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ Պաշշար Ալ-Ասատին յղած ցաւակցագիրով, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, իր խորազգաց վշտակցութիւնը կը յայտնէ Սուրիան հարուածած ծանր երկրաշարժին հետեւանքով ինկած զոհերուն, ինչպէս նաեւ զօրակցութիւն՝ վերապրողներուն։

  • Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հարցազրոյցը Cilicia TV-ին հետ
    Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հարցազրոյցը Cilicia TV-ին հետ

    Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մասին խօսիլը սովորական երեւոյթ մը չէ ու պէտք չէ ըլլայ։ Եռամիութիւնը այսօր, աւելի քան երբեք, լուրջ տագնապներու ու մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուի։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ազգընտիր Հայրապետը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը 2023 նոր տարին դարձեալ հռչակեց «Սփիւռքի Տարի», սակայն շեշտը դնելով ինքնաքննութենէ վերակազմակերպման վրայ:

Ամենաշատ ընթերցւած

Քւէարկութիւն

Կը յաջողւի՞ արդեօք Արմէն Սարգսեանին նոր որակ մտցնել ՀՀ քաղաքական կեանքում:

Եղանակ

Հեղինակութիւն © 2011-2022 «ԱԼԻՔ» Օրաթերթ։ Բոլոր իրավունքները պահպանւած են։