Այս օրերուն Լիբանանի մէջ տեղի կ՚ունենայ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Մ.Ը.Մ.) Կեդրոնական Վարչութեան լիակատար նիստը, ինչպէս նաեւ իր աշխարհատարած շրջաններու վարչութիւններու միատեղ հանդիպումը:
Այս առիթով, այսօր՝ Կիրակի, 13 Նոյեմբեր 2022-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան կարգ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի նահատակներու եւ ննջեցեալներու հոգիներու խաղաղութեան համար:

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութիւնն ու խորհրդաժողովի մասնակից բոլոր անդամները Ս. Պատարագէն անմիջապէս ետք ուղղուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու նշխարները պարունակող Սրբոց Նահատակաց մատուռ՝ մատուցելու իրենց յարգանքի տուրքը սրբացեալ նահատակներուն: Ապա, Միութեան շեփորախումբը հնչեցուց Լիբանանի, Հայաստանի ու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի քայլերգերը, ինչպէս նաեւ «Ի վեհ բարձանց» ու «Կիլիկիա» մաղթերգերը: Յիշեալ ամփոփ յայտագրէն անմիջապէս ետք, Միութեան պատասխանատուները եւ խորհրդաժողովի մասնակիցները բարձրացան Վեհարան՝ ստանալու Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնն ու հայրական յորդորները:
Հանդիպման ընթացքին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեան Նորին Ս. Օծութեան յանձնեց Միութեան կողմէ պատրաստուած յուշանուէր մը, որուն վրայ քանդակուած էր Հայրապետին հետեւեալ խօսքը. «Հ.Մ.Ը.Մ.-ը սովորական իմաստով մարմնամարզական կազմակերպութիւն մը չէ, այլ առաքելութիւն է՝ իր էութեամբ ու նպատակով»:
Վեհափառ Հայրապետը ողջունելով Միութեան անդամներուն ներկայութիւնը՝ ըսաւ, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր համահայկական առաքելութեամբ ոչ միայն հոգեւոր տունը դարձած է ողջ հայութեան, այլ նաեւ ազգային տունը՝ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, առանց խտրութեան: «Անթիլիասին խօսքը իր գո՛րծն է: Այս յանձնառութեամբ իր առաքելութիւնը կը կատարէ Հայրապետական այս Ս. Աթոռը: Անոր առաքելութիւնը միայն կրօնական պարունակի մէջ պէտք չէ դիտել, այլ՝ համաժողովրդային ու համահայկական: Այս առաքելութեան մշակներն են, հայ հոգեւորականին կողքին, ազգանուէր գործունէութիւն ծաւալող մեր միութիւնները ու կազմակերպութիւնները, որոնցմէ մէկն է Հ.Մ.Ը.Մ.-ը», յայտնեց Հայրապետը: Լուսարձակի տակ բերելով Միութեան կարեւոր դերը հայ կեանքէն ներս՝ ան շեշտեց, թէ հայրենիքին ու ազգին գերագոյն իտէալներուն իրականացման նկատմամբ մեր ունեցած հաւաքական առաքելութեան մէջ կարեւոր տեղ գրաւած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ը: «Անիկա սոսկ մարմնակրթական կազմակերպութիւն մը ըլլալէ անդին, մեր ժողովուրդի հոգեւոր, բարոյական, ազգային, մշակութային ու պահանջատիրական արժէքները իր մէջ բովանդակող Միութիւն մը եղած է», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը:
Հանդիպումէն ետք խորհրդաժողովի մասնակիցները բարձրացան Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանք: Անոնք Դպրեվանքի տեսչութեան առաջնորդութեամբ ուղղուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու ու վերածնունդի յուշարձան, զետեղեցին ծաղկեպսակ եւ աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած բոլոր նահատակ հայորդիներու հոգիներու խաղաղութեան համար:
Armenianorthodoxchurch.org