Հա
17/11/2022 - 12:25

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան

Չորեքշաբթի, 16 Նոյեմբեր 2022-ին, Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Հայ Օգնութեան Միութեան (Հ.Օ.Մ.) Կեդրոնական Վարչութիւնը՝ իր լրիւ կազմով: Հայաստանի, Արցախի, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի զանազան գաղութները ներկայացնող Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը միշտ սերտ գործակցութիւն ունեցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ իր թեմերուն հետ՝ ընկերային ծառայութեան, մարդասիրական օժանդակութեան եւ կրթական բնագաւառներէն ներս:

Չորեքշաբթի, 16 Նոյեմբեր 2022-ին, Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Հայ Օգնութեան Միութեան (Հ.Օ.Մ.) Կեդրոնական Վարչութիւնը՝ իր լրիւ կազմով: Հայաստանի, Արցախի, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի զանազան գաղութները ներկայացնող Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը միշտ սերտ գործակցութիւն ունեցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ իր թեմերուն հետ՝ ընկերային ծառայութեան, մարդասիրական օժանդակութեան եւ կրթական բնագաւառներէն ներս:

Վարչութեան ատենապետուհին խօսք առնելով` ներկայացուց Հ.Օ.Մ.-ի տարած ծառայական գործունէութիւնը, համահայկական տարողութեամբ, եւ անոր յառաջիկայ առաջնահերթութիւնները: Նորին Ս. Օծութիւնը ջերմօրէն ողջունելով Հ.Օ.Մ.-ի կատարած օժանդակութիւնները եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն ծառայելու անոր նուիրումը՝ յատկապէս անդրադարձաւ Սուրիոյ ու Լիբանանի հայութեան դիմագրաւած ընկերատնտեսական դժուարութիւններու ընթացքին Միութեան կատարած նիւթական աջակցութիւնը: Խօսելով Սփիւռքի վերակազմակերպման մասին՝ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, թէ բնականաբար առանց նուազեցնելու Արցախին ու Հայաստանին ուղղութեամբ կատարուող օժանդակութիւնները, անհրաժեշտ է յատուկ շեշտ դնել Սփիւռքի գաղութներու կարիքներու օժանդակութեան: Ան յիշեց, որ Լիբանանի ու Սուրիոյ հայութիւնը տակաւին կարիքը ունին նիւթական աջակցութեան, նկատի ունենալով տիրող տնտեսական տագնապը: Հետեւաբար, հրամայական է Հ.Օ.Մ.-ի զօրակցութիւնը յիշեալ երկու գաղութներուն, ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը:

Ապա Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը յաջորդաբար այցելեց Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանք, Դպրեվանք, ինչպէս նաեւ «Թռչնոց Բոյն»:

 

Armenianorthodoxchurch.org

 

Յարակից լուրեր

  • Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիպում ունեցաւ Յունաստանի վարչապետին հետ
    Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիպում ունեցաւ Յունաստանի վարչապետին հետ

    Հինգշաբթի, 16 Մարտ 2023-ին, շուրջ մէկ ժամ հանդիպում կայացաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսին միջեւ: 

  • ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան կոչը. Աջակցինք սուրիահայութեան
    ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան կոչը. Աջակցինք սուրիահայութեան

    Գանատայի Հայ Օգնութեան Միութիւնը, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Յանձնախումբին եւ մեր ուղեկից կազմակերպութիւններուն հետ համատեղուած ճիգերով, իր աջակցութիւնը պիտի բերէ երկրաշարժէն տուժած սուրիահայ գաղութի զաւակներուն։

  • Երկրաշարժ Միջին Արեւելքէն ներս
    Երկրաշարժ Միջին Արեւելքէն ներս

    Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը խոր ցաւով իմացաւ հայկական Եագուպիէ գիւղի հսկայ աւերներուն մասին, որոնց շարքին նաեւ, ցաւ ի սիրտ, Ս. Աննա եկեղեցին։ Ստորեւ կը ներկայացնենք քանդումներէն պատկերներ։

  • Հայ Օգնութեան Միութեան Գանատայի Շրջանային Վարչութեան կոչը
    Հայ Օգնութեան Միութեան Գանատայի Շրջանային Վարչութեան կոչը

    Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

    Ինչպէս գիտէք Փետրուարի 6, 2023-ին ահաւոր երկրաշարժ մը ցնցեց Թուրքիոյ հարաւը եւ Սուրիոյ հիւսիսային շրջանը ներառեալ հայաշատ Հալէպ քաղաքը։ Երկրաշարժը տապալեց շէնքեր եւ ծանրակշիռ աւերներ պատճառեց, որուն հետեւանքով արձանագրուեցան հազարաւոր վիրաւորներ եւ հարիւրաւոր մահեր: Պատերազմի եւ տնտեսական ծանր պայմաններուն տակ ապրող սուրիահայը կրկին մատնուեցաւ նոր տեսակի սարսափի, անորոշութեան եւ վտանգի:

  • Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ցաւակցութիւն կը յայտնէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ալ-Ասատին
    Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ցաւակցութիւն կը յայտնէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ալ-Ասատին

    Երեքշաբթի, 7 Փետրուար 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ Պաշշար Ալ-Ասատին յղած ցաւակցագիրով, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, իր խորազգաց վշտակցութիւնը կը յայտնէ Սուրիան հարուածած ծանր երկրաշարժին հետեւանքով ինկած զոհերուն, ինչպէս նաեւ զօրակցութիւն՝ վերապրողներուն։

Ամենաշատ ընթերցւած

Քւէարկութիւն

Կը յաջողւի՞ արդեօք Արմէն Սարգսեանին նոր որակ մտցնել ՀՀ քաղաքական կեանքում:

Եղանակ

Հեղինակութիւն © 2011-2022 «ԱԼԻՔ» Օրաթերթ։ Բոլոր իրավունքները պահպանւած են։