Հա
29/12/2022 - 10:10

Իրանի դեսպանատան կցորդը Կաթողիկոսանիստ Մայրավանքին մէջ

Երկուշաբթի, 26 Դեկտեմբեր 2022-ին, Լիբանանի մօտ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանին փոխանորդը եւ մշակութային կցորդը՝ դոկտ. Ղումէյս Պաքրը այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, ընկերակցութեամբ դեսպանատան բարձրաստիճան պատասխանատուներէն դոկտ. Ալի Քասիրին:

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան յարաբերութեան եւ այդ ծիրէն ներս կրօնական երկխօսութեան, որ սկիզբ առած էր շուրջ 25 տարիներ առաջ: Վեհափառ Հայրապետը դիւանագէտին պարզեց Ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի փակումով աւելի քան 120,000 հայ բնակչութիւնը դիմագրաւող տագնապը՝ իր այլազան երեսներով, եւ գնահատեց Իրանի հաւասարակշռուած մօտեցումը ընդհանրապէս Արցախի հարցին նկատմամբ: Դիւանագէտը մօտէն ծանօթ ըլլալով Արցախի հարցին՝ յայտնեց, թէ հակառակ այն իրողութեան, որ Իրանն ու Ազրպէյճանը կրօնակից են, սակայն Իրանը միշտ եղած է ու կը մնայ իրաւունքի ու արդարութեան կողքին:

Յայտնենք, որ Ազգային Ընդհանուր Ժողովի կայացման օրերուն Իրանի երեք թեմերու առաջնորդ սրբազաններն ու պատգամաւորները ճաշի հիւրը եղան Լիբանանի մօտ Իրանի դեսպանին:

Armenianorthodoxchurch.org

Յարակից լուրեր

Ամենաշատ ընթերցւած

Քւէարկութիւն

Կը յաջողւի՞ արդեօք Արմէն Սարգսեանին նոր որակ մտցնել ՀՀ քաղաքական կեանքում:

Եղանակ

Հեղինակութիւն © 2011-2022 «ԱԼԻՔ» Օրաթերթ։ Բոլոր իրավունքները պահպանւած են։