Հա
09/02/2023 - 12:20

Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու հանդիպում

Չորեքշաբթի, 8 փետրուար 2023-ին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Ռամկավար ազատական կուսակցութեան եւ Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան ներկայացուցիչները գումարեցին հերթական նիստ մը «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ։

Չորեքշաբթի, 8 փետրուար 2023-ին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Ռամկավար ազատական կուսակցութեան եւ Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան ներկայացուցիչները գումարեցին հերթական նիստ մը «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ։

Ժողովը առաջին առիթով անդրադարձաւ փետրուար 6-ին տեղի ունեցած երկրաշարժին իբրեւ հետեւանք սուրիահայութեան կրած մարդկային եւ նիւթական վնասներուն՝ արձանագրուած զոհեր, բնակարաններու, հաստատութիւններու, եկեղեցիներու եւ համայնքային կեդրոններու ծանր վնասներ։ Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները այս առիթով կը յայտնեն իրենց ցաւակցութիւնը, ինչպէս նաեւ կը վերահաստատեն իրենց զօրակցութիւնը՝ կանգնելու տագնապահար սուրիահայութեան կողքին։ Ժողովը իր վշտակցութիւնը կը յայտնէ նաեւ Թուրքիոյ մէջ ապրող հայութեան, որ անմասն չմնաց երկրաշարժին պատճառած արհաւիրքէն։

Ժողովը անդրադարձաւ Արցախի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ Ազրպէյճանի կողմէ շարունակուող շրջափակման, որ օրէ օր աւելի կը ծանրացնէ ժողովուրդին առօրեան՝ ստեղծելով նոր տագնապներ եւ դժուարութիւններ։

Ժողովը հաստատեց, որ լիբանանահայութիւնը պիտի շարունակէ զանազան նախաձեռնութիւններով իր պահանջատիրական երթը ու արցախահայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները պիտի շարունակեն մնալ ուշադրութեան առանցք։

Այս տարին կը զուգադիպի Սումկայիթի եղեռնագործութեան 35-ամեակին։ Թշնամի Ազրպէյճան, Սումկայիթի մէջ իր կատարած անմարդկային ու վայրագ սպանդներէն ետք, մինչեւ այսօր կը շարունակէ ցեղասպանական մոլուցքով Արցախի բնաջնջման իր վարքագիծը։

Յարգելու համար Սումկայիթի զոհերուն յիշատակը, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները որոշեցին կիրակի, 26 փետրուար 2023-ին, Ս․ Նշան Մայր եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղադրուած յուշակոթողին դիմաց յատուկ ձեռնարկով մը յարգել Սումկայիթի նահատակներու յիշատակը։

Հետեւաբար կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ խուռներամ շարքերով ներկայ գտնուելու ոգեկոչման այս ձեռնարկին եւ լիբանանահայութեան դատապարտանքի ձայնը լսելի դարձնելու ամէնուրեք։

 

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

ՍԴՀԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ

ՌԱԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

Յարակից լուրեր

  • Երեսփոխանական գրասենեակին հրաւէրով տագնապը դիմագրաւելու հանդիպում
    Երեսփոխանական գրասենեակին հրաւէրով տագնապը դիմագրաւելու հանդիպում

    Երեսփոխանական գրասենեակին հրաւէրով, ուրբաթ, 19 մայիսին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ կեանքին մէջ գործող ընկերային ծառայութեան կեդրոններու, միութիւններու եւ համայնքային բաժանմունքներու ներկայացուցիչներու հանդիպում: 

  • Ակնարկ. Խաղաթուղթերու բացայայտման նախաշեմին
    Ակնարկ. Խաղաթուղթերու բացայայտման նախաշեմին

    Ֆրանսական մամուլը յատուկ լուսարձակի տակ առած է կառավարութեան ներգրաւումը Լիբանանի նախագահական ընտրութիւններու թղթածրարին: Ցուցանիշը այդ բոլորին միայն Ֆրանսայի դեսպանին կողմէ կատարուող մագոգային հանդիպումները չեն: Ֆրանսական մամուլը, յղում կատարելով Ֆրանսայի դիւանագիտական աղբիւրներու, կը խօսի ամէնէն շատ հաւանական համախոհութիւն գոյացնելու տուեալներ ունեցող թեկնածուի մասին:

  • Ակնարկ. Չէ հասած լիբանանեան թղթածրարին հերթը
    Ակնարկ. Չէ հասած լիբանանեան թղթածրարին հերթը

    Իրանի արտաքին գործոց նախարարին Պէյրութ այցելութիւնը որեւէ բեկումնային կամ շրջադարձային նշանակութիւն չունեցաւ: Կար որոշ նախատեսութիւն, որ այցելութիւնը կը կապուէր նախագահական ընտրութեան հանգոյցին հետ, եւ թէ համաձայնութեան ուղղութեամբ թելադրանքներ պիտի հնչէին Թեհրանի ներկայացուցիչէն` արագացնելու համար հանգուցալուծումը:

  • Սուրիահայութեան օժանդակութեան Գանատայի մարմնին կողմէ 150 հազար ԱՄՆ տոլար հանգանակուեցաւ ի նպաստ սուրիահայութեան
    Սուրիահայութեան օժանդակութեան Գանատայի մարմնին կողմէ 150 հազար ԱՄՆ տոլար հանգանակուեցաւ ի նպաստ սուրիահայութեան

    Շաբաթ, 29 Ապրիլ 2023-ին Գանատայի ՀՕՄ-ի եւ անոր ուղեկից միութիւններուն ցանցերով, ինչպէս նաեւ լրատուական՝ «Հայ Հորիզոն», «Նոր Հայ Հորիզոն» եւ այլ հարթակներով հրապարակուեցաւ Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Գանատայի մարմնին աշխատանքը ամփոփող տեսերիզ մը՝ 6 Փետրուարին Սուրիոյ աղէտալի երկրաշարժին պատճառաւ սուրիահայութեան մատակարարուած օժանդակութիւններուն վերաբերեալ:

  • Յունահայութիւնը 5000 եւրոյով օգնութեան ձեռք կլը մեկնէ սուրիահայութեան
    Յունահայութիւնը 5000 եւրոյով օգնութեան ձեռք կլը մեկնէ սուրիահայութեան

    Միջին Արեւելքը հարուածած ահաւոր երկրաշարժի հետեւանքները ամոքելու հաւաքական ճիգին մասնակցելով եւ Սուրիոյ մեր հայրենակիցներուն օգնութեան ձեռք երկարելու նպատակով, Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը ձեռնարկեց դրամահաւաքի արշաւի:

Ամենաշատ ընթերցւած

Քւէարկութիւն

Կը յաջողւի՞ արդեօք Արմէն Սարգսեանին նոր որակ մտցնել ՀՀ քաղաքական կեանքում:

Եղանակ

Հեղինակութիւն © 2011-2022 «ԱԼԻՔ» Օրաթերթ։ Բոլոր իրավունքները պահպանւած են։