Կիրակի, 12 մարտի յետմիջօրէին, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցի հասաւ լիբանանահայութեան կողմէ առաքուած մարդասիրական օժանդակութիւնը:
Կիրակի, 12 մարտի յետմիջօրէին, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցի հասաւ լիբանանահայութեան կողմէ առաքուած մարդասիրական օժանդակութիւնը:
Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մուտքին պատուիրակութիւնը դիմաւորեցին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեանը, թեմի Նպաստից մարմինի ներկայացուցիչներն ու պատասխանատու ազգայիններ:
Նոյն բեռնակառքով առաքուած էր նաեւ «Ճինիշեան» հիմնարկի ապահոված նպաստը:
Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէր նաեւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Ալպեր Պալապանեան: Երեսփոխան Բագրատունի այս առիթով ըսաւ. «Երկրաշարժի առաջին օրէն լիբանանահայութիւնը եւս տագնապեցաւ: Մենք կապի մէջ էինք տեղւոյն պատասխանատուներուն հետ` իմանալու աղէտի տարողութիւնն ու ժողովուրդին կարիքները: Ճիշդ է, որ տարբեր երկիրներու մէջ կ՛ապրինք, բայց վերջին հաշուով մէկ ժողովուրդ ենք: Այնպէս ինչպէս սուրիահայութիւնը մեր տագնապներուն ընթացքին մեզի կը հասնէր, մենք ալ մեր կարգին օժանդակութեան մեր բաժինը բերինք: Անմիջապէս գործի հրաւիրեցինք մեր Արտակարգ իրավիճակներու մարմինը, որուն մաս կը կազմեն կուսակցութիւնը, Լիբանանահայ օգնութեան խաչը եւ ուղեկից միւս միութիւններն ու համապատասխան աշխատանք տարինք կարելի բոլոր միջոցներով մարդասիրական օժանդակութիւն ապահովելու: Կը յուսանք, որ սուրիահայութիւնը այս դժուարութիւնները կը յաղթահարէ եւ ժպիտը կրկին կ՛ուրուագծուի բոլորի դէմքին»:
Ազգային մարմիններու ներկայացուցիչ Վրէժ Եագուպեան բարձր գնահատեց լիբանանահայ գաղութին այս ներդրումը: Ապա աւելցուց. «Աղէտի առաջին օրէն, ինչպէս բոլոր հայ գաղութները, այնպէս ալ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը կապի մէջ մտաւ եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց օժանդակելու մեր ժողովուրդին: Սուրիահայութիւնը պատերազմի օրերէն մինչեւ այսօր դժուար օրեր կը դիմագրաւէ: Յուսանք այս աղէտը վերջինը կ՛ըլլայ, եւ Սուրիոյ ու Լիբանանի ժողովուրդները բարւոք օրեր կը դիմաւորեն: Շնորհակալութի՛ւն լիբանանահայութեան»:
Այնուհետեւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեան ժողովականութեան եւ ամբողջ ժողովուրդին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ լիբանանահայութեան այս կեցուածքին համար` դիտել տալով, որ «սուրիահայութիւնը անցնող մէկ ամսուան ընթացքին ապրեցաւ սարսափելի օրեր: Թեմի Արտակարգ իրավիճակի մարմինը եւս գործի լծուեցաւ ամոքելու ժողովուրդին ցաւը եւ կազմակերպելու օժանդակութեան աշխատանքները: Թող Աստուած իր հովանիին տակ պահէ Սուրիոյ եւ Լիբանանի ժողովուրդները»:
Ապա Սուրիոյ երիտասարդաց միութեան անդամները փոխադրակառքը բեռնաթափեցին եւ օժանդակութիւնը տեղափոխեցին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահ, որպէսզի յառաջիկայ օրերուն տրամադրուի մեր ժողովուրդի զաւակներուն:
Օժանդակութիւնը կ՛ընդգրկէր հանդերձ, սննդեղէն եւ մանկական շորեր:
«Ազդակ»