MENU
Եկէք, սիրելի հայորդիներ, աղօթենք միասին, որ Աստուծոյ օրհնութեամբ բացուող Նոր Տարին մեր ազգին ու հայրենիքին համար դառնայ երկնային բարիքներով լեցուն օրհնաբեր տարի մը։ Թող Աստուած մեր բանակի նահատակ հերոսներուն երկնային խաղաղութիւն պարգեւէ, վիրաւորներուն եւ բոլոր հիւանդներուն՝ շուտափոյթ ապաքինում, սգաւոր ընտանիքներուն՝ մխիթարութիւն, Հայաստանին ու Արցախին՝ ապահովութիւն եւ մեր ազգի բոլոր զաւակներուն՝ առողջութիւն, յաջողութիւն ու երջանկութիւն։
Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդին, 2003 թուականէն սկսեալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հայրապետական յատուկ հռչակագիրով իւրաքանչիւր տարին ձօնած է մեր եկեղեցւոյ, մշակոյթին, հայրենիքին, մեր անցեալին ու ներկային առնչուած արժէքի մը, մտահոգութեան մը կամ դէպքի մը։
Երեքշաբթի, 22 Դեկտեմբեր 2020-ին, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբնանաի Շրջանային Վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ Սեւակ Յակոբեանին, այցելութիւն տուաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։
Երկուշաբթի, 21 Դեկտեմբեր 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցլեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, ընկերակցութեամբ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեանի եւ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի։
Կիրակի, 20 Դեկտեմբեր 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան կարգ՝ Արցախի պատերազմի ընթացքին նահատակուած հայորդիներու հոգիներու խաղաղութեան համար։
Հինգշաբթի, 17 Դեկտեմբեր 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մօտ Իրանի դեսպանատան խորհրդական դոկտ. Ապպաս Խավիարը։
Հոգեւոր ու բարոյական հարցերու առընթեր, եկեղեցին նաեւ հասարակութիւնը յուզող հիմնահարցերու նկատմամբ ըսելիք ու ընելիք ունի: Այս մասին գրւած է Մեծի Տանն Կիլիկոյ Արամ Ա կաթողիկոսի տարածած յայտարարութեան մէջ:
Կիրակի, 22 Նոյեմբեր 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ Արցախի բոլոր հերոս նահատակներու հոգիներուն համար։
Ուրբաթ, 13 նոյեմբեր 2020-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ Արմէն Սարգիսեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ։