MENU
ԱՄՆ նախագահ Ջօ Բայդէնի` Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանաչող յայտարարութիւնը վերջ դրեց ԱՄՆ արտաքին քաղաքականութեան մէջ խօսքի ազատութեան սահմանափակմանն ուղղւած ամենաերկարատեւ պատմութիւնն ունեցող գործելակերպին՝ Թուրքիայի կառավարութեանը յստակ ուղերձ յղելով, որ ոչ թէ Էրդողանը, այլ ԱՄՆ-ն է որոշողը՝ ինչպէս դատապարտել, ոգեկոչել եւ անդրադառնալ այս յանցագործութեան հետեւանքներին։
Ժամանակի ընթացքին տօներ խորհրդանշող թուականները կ՛իմաստափոխուին, լաւագոյն պարագային` խորհուրդը պահելով կ՛այժմէականացուին. բազմաթիւ տօներ կը պարպուին իրենց նշանակութենէն, կ՛այլափոխուին կամ ընդհանրապէս կը դադրին նոյնիսկ նշուելէ:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը շնորհակալական նամակներ է յղել սփիւռքի հայկական կազմակերպութիւնների ղեկավարներին՝ ՀՅԴ Հայ Դատի Կենտրոնական խորհրդի նախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանին, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանին, Ամերիկայի հայկական համագումարի հոգաբարձուների խորհրդի համանախագահ Վան Գրիգորեանին եւ համագումարի գործադիր տնօրէն Բրայան Արդունիին՝ երախտագիտութիւն յայտնելով Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործում ներդրած աւանդի համար:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Եւրոպայի (Ֆրանսա, Հոլանտա, Պելճիքա) շարքերուն անունով խստիւ կը դատապարտենք Հայաստանի իրաւապահ մարմիններու ընթացքը, որուն դէմ ժողովրդային բողոքի արդար ելոյթներ տեղի ունեցան երէկ Երեւանի մէջ: Մարզերու եւ Երեւանի դաշնակցական ընկերներ՝ պատասխանատու, գործիչ թէ շարքային պարզ անդամ «կը հրաւիրուին» քննչական կոմիտէ, տարբեր պատրուակներով, որ սակայն ունի մէկ հասարակ յայտարար՝ քաղաքական հետապնդում:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալով, իբրեւ Միացեալ Նահանգներու այդ քայլը կատարած առաջին նախագահ` ապահովեց պատմութեան մէջ իր պատուական տեղը:
Սպասելի էր Անգարայի մերժողական կեցուածքն ու կայծակնային հակազդեցութիւնը՝ Ցեղասպանութեան պատմական փաստը ճանչնալու Ա․Մ․Ն․-ի նախագահ Ճօ Պայտընի Ապրիլ 24-ի յանդուգն յայտարարութենէն ետք։ Պայտըն, առանց բառերը ծամծմելու, նոյնիսկ երկու անգամ գործածեց տարիներ շարունակ հպարգելք (taboo) հանդիսացած ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ բառը։