MENU
Նոյեմբեր 29-ի այս օրը, մեր աշխարհէն մարմնապէս հեռացաւ հայ գրականութեան եւ հայ քաղաքական մտքի լուսապսակ դէմքերէն Լեւոն Շանթ, որ արժանաւորապէս յառաջապահ դրօշակիր կը հանդիսանայ հայ ժողովուրդին ազգային ներաշխարհը վերծանող՝ ՀԱՅ-ուն հոգեմտաւոր հարուստ ԵՍ-ը շնչաւորող մեծավաստակ մտաւորականներու փաղանգին մէջ։
Լեւոն Շանթը ծնւել է Թումանեանի հետ, ապրել` Իսահակեանի չափ. Հայաստանի ազգային գրադարանում Լեւոն Շանթի 150-ամեակին նւիրւած ցուցադրութիւն-միջոցառման ժամանակ նշեց գրականագէտ, գրաքննադատ Արքմենիկ Նիկողոսեանը՝ նշելով, որ կենսագրական այս զուգահեռները պատահական համընկնումներ չեն` Շանթի կեանքն ու ստեղծագործութիւնը սերտ աղերսներ ունեն երկու հայ մեծերի հետ:
Լեւոն Շանթի ընտանիքը սկզբնապէս կոչուած է Նահաշպետեան, յետոյ, իր հօր՝ Սեղբոսի անունով, ընտանիքը դարձած է Սեղբոսեան։ Հայրը կանուխ հեռացած է աշխարհէն, իսկ մանուկ Լեւոնը, ծննդավայր Պոլսոյ մէջ նախնական ուսումէն ետք, իբրեւ ընդունակ աշակերտ առաքուած է Էջմիածինի Ճեմարանը, երբ հազիւ 12 տարեկան էր. գրեթէ նոյն տարիներուն Կուտինայէն եկած էր նաեւ Սողոմոն Սողոմոնեանը, ապագայի Կոմիտասը, որուն հետ Շանթի բարեկամութիւնը սկիզբ կ՛առնէ այդ օրերէն։
«Այս տարի, Աստուծոյ կամքով, Լեւոն Շանթի ծննդեան 150-ամեակն է: Լեւոն Շանթի մասին խօսելով Աստուծոյ խօսք ընել արդէն ինքնին սրբապղծութիւն է. ան անսրբագրելի անաստուած մըն էր. անոր հաւատքը վերապահուած էր բացառաբար մարդ էակին. անոր կամքին, անոր աշխատանքին, անոր տեւական վերելքին: Այսպէս՝ Լեւոն Շանթ իր կամքով ու որոշումով իր ծնունդը պաշտօնապէս տեղափոխած էր մէկ տարի ետք՝ 1870-ին. այդ թուականը, կ’երեւի, աւելի հաճելի կը թուէր իրեն:
Լեւոն Շանթին մահը կորուստի անդարմանելի զգացում մը ձգեր էր իր ետին: Քանի մը տարի առաջ մահացած էր Նիկոլ Աղբալեանը, եւ Ճեմարանի ընտանիքը հազիւ կրցեր էր ընդունիլ անոր անդարձ բացակայութիւնը: Զայն ընդուներ էր ափսոսանքով, քանի որ այժմ օրերը շատ աւելի գեղեցիկ էին դպրոցին համար, քան երբեւէ եղած էին, երբ տակաւին ողջ էր Աղբալեանը:
Նոյեմբեր 29-ի այս օրը, 66 տարի առաջ, մեր աշխարհէն մարմնապէս հեռացաւ հայ գրականութեան եւ հայ քաղաքական մտքի լուսապսակ դէմքերէն Լեւոն Շանթ, որ արժանաւորապէս յառաջապահ դրօշակիր կը հանդիսանայ հայ ժողովուրդին ազգային ներաշխարհը վերծանող՝ ՀԱՅ-ուն հոգեմտաւոր հարուստ ԵՍ-ը շնչաւորող մեծավաստակ մտաւորականներու փաղանգին մէջ։
«Ազգ» հասկացողութիւնը հետեւեալ ձեւով է բնութագրւում, մարդկանց պատմական-մշակութային հաւաքականութիւն, որը առաջանում է նրանց հողատարածքի, տնտեսական կապերի, գրական լեզւի, մշակոյթի եւ բնաւորութեան որոշակի առանձնայատկութիւնների ձեւաւորման ընթացքի շրջանում: Ազգերի ձեւաւորման զուգընթաց ծագել է ազգային հարցը:
Մայիսի 5-ին, 95 տարի առաջ, հազիւ երկու տարւան կեանք ունեցած՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը թեւակոխեց իր կարճատեւ գոյութեան ամենէն վճռորոշ փուլը:
5 մայիսի 1920-ին, ինչպէս որ Ս. Վրացեան հետագային պիտի վկայէր իր յուշերուն՝ «Կեանքի ուղիներով» շարքի Ե հատորին մէջ, ազատ ու անկախ Հայաստանի տարածքին հաստատւեցաւ «Դաշնակցութեան փաստացի դիկտատուրան»:
Բազմաշնորհ, մեծարժէք ու բազմավաստակ դէմք է Շանթ եւ հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր ժառանգութեան մէջ յաւիտենական իր բարձունքը նւաճած է իբրեւ այդպիսին՝ իբրեւ տաղանդաշատ գրագէտը, ներհուն մտաւորականը, անձնւէր հասարակական գործիչը եւ սերնդակերտ մանկավարժը միաձուլող ու արժանաւորապէս մարմնաւորող մեծ մարդն ու մեծ հայը։
Բազմաշնորհ ու տաղանդաշատ մտքի մշակ, ազգային-պետական ղեկավար գործիչ եւ քաղաքական-հասարակական անձնւէր առաջնորդն է Նիկոլ Աղբալեան, որ ընդ հուր եւ ընդ սուր անցնելէ, միշտ պատնէշի վրայ աներեր պայքարելէ ետք՝ իր կեանքը աւարտեց տարագրութեան մէջ, իբրեւ մեծ մանկավարժ եւ հանրային դաստիարակ, իր անունը անջնջելիօրէն կապելով Բէյրութի մէջ Լեւոն Շանթի հետ իր հիմնադրած համազգայինի հայ ճեմարանին: