MENU
Անցեալ Դեկտեմբերի կէսերուն, բարեկամ մը կէս-մեղադրական ձայնով հեռաձայնեց, հարց տալու՝ թէ արդեօք պէտք ունէի՞ օտար՝ գերմանական հեքիաթ մը յիշատակելու, լուսարձակի տակ բերելու համար 10 Նոյեմբերէն առաջ եւ ետք Հայաստանի վիճակուած կացութիւնը, ու հարց տուաւ, թէ արդեօք չէի՞ կրնար հայկական հեքիաթ մը յիշատակել (կ'ակնարկէր Հեմլինը առնէտներէ ձերբազատող կախարդին հեքիաթին):
Երկուշաբթի, 14 Դեկտեմբերին, Ազրպէյճանէն Երեւան հասաւ օդանաւ մը, որ պատերազմական 44 հայ գերի վերադարձուց Հայաստան: Ո՛չ մէկ կասկած, որ սա ուրախալի իրադարձութիւն է եւ դրական քայլ մը՝ Արցախի մէջ 44 օր տեւած պատերազմին ցաւալի հետեւանքներէն մէկուն դարմանումի ճամբուն վրայ: Հայկական գրեթէ բոլոր աղբիւները, պետական, մարդասիրական թէ այլ միաւորներու, օրեր շարունակ կը հաղորդէին, թէ գերիներու փոխանակումը տեղի պիտի ունենայ «բոլորը բոլորին փոխարէն» սկզբունքին հիմամբ (անկախ այն իրականութենէն, որ Ազրպէյճան բազմիցս ձգձգումի ենթարկեց այս հարցը, պատկան մարմիններուն չէ փոխանցած իր ձեռքին եղող պատերազմական գերիներուն ամբողջական ցանկը եւ, աւելի՛ն, այս թղթածրարը վերածած է այլօրինակ ճնշումներու եւ քաղաքական սակարկութեան խաղաթուղթի):
Փնտռեցէ՛ք, եւ պիտի գտնէք, որ մէն մի հայու էութեան մէջ կան մասնիկներ՝ ոճրագործ թշմանին պատժելու ելած մեր ֆետայիներէն, մասնիկ մը՝ Թեհլիրեաններէն, Շիրակեաններէն ու Դրօներէն, պտղունց մը՝ Լիզպոնի ու անոնց ժամանակակից մեր հերոսներէն, ու դեռ բազում հիւլէներ՝ Արցախի, Տաւուշի ու Հայաստանի այլ շրջանները պաշտպանող՝ երէկի ու այսօրուան քաջերէն, հերոսներէն, որոնց անուններն իսկ կը դաւանինք իբրեւ պատգամ:
Պսակաձեւ ժահրին հետեւանքները դարմանելու, բայց մասնաւորաբար նոր ալիքներ կանխարգիլելու համար գիտական աշխարհը վստահաբար անդուլ աշխատանք կը տանի եւ պիտի տանի երկար: Սա չի նշանակեր, որ օրէնսգէտներ եւ իրաւական հարցերու մասնագէտներ հիմա պէտք է անգործ նստին, այլ պէտք է իրենք զիրենք կոչեն այլապէս փրկարար առաքելութեան:
Արցախի մէջ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները խժալուր արձագանգներ ստեղծեցին արեւմտեան որոշ շրջանակներու մէջ. Եւրոպական Միութեան արտայայտած՝ որոշ չափով զգուշաւոր ու վերապահ անբաւարարութենէն ետք, Թուրքիոյ մէջ Գանատայի դեսպանը քանի մը քայլ անդին գնաց եւ յայտարարեց, որ «Գանատա չի ճանչնար այսպէս կոչուած՝ ընտրութիւնները», զանոնք կը նկատէ «ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խմբակին խաղաղարար ճիգերուն վնաս բերող», ու աւելին՝ յայտարարեց, որ իր երկիրը «աջակից է Ազրպէյճանի հողերուն ամբողջականութեան»:
Հայ քաղաքական միտքն ալ իրաւունք ունի տարուելու եւ մտահոգուելու այն զարգացումներով, որոնք ի յայտ կը բերեն սուլթանական Թուրքիոյ վերականգնումի ձգտումներն ու անոր նախանշանը տուող մանր-մունր քայլերը. սուլթանութիւն մը, որ անպայման իր դասական տարածքին ու պարունակին մէջ չ՛ընկալուիր, այլ շատ աւելի սահմանափակ` աշխարհագրական իմաստով, այսինքն` պատառիկներ խլել դրացի երկիրներէ, սակայն ռազմաքաղաքական ու տնտեսական ակնոցով` կը պատկերուի աւելի տարածուն:
Սուրիա եղաւ արաբական երկրորդ երկիրը, Լիբանանէն ետք, որուն խորհրդարանը ճանչցաւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, դատապարտեց զայն եւ անոր հանդէպ ժխտողականութիւնը, պատմութիւնը խեղաթիւրելու փորձերը։ Ճանաչման բանաձեւը խորհրդարան ներկայացուած է Հայ-սուրիական բարեկամութեան ընկերակցութեան կողմէ եւ որդեգրուեցաւ միաձայնութեամբ։
Նախագահ Տոնըլտ Թրամփը դէպի ամբաստանեալի աթոռ տանող շոգեկառքը երեքշաբթի, 10 դեկտեմբերին կտրեց կարեւոր հանգրուան մը եւս, երբ Ներկայացուցիչներու տան քննիչ յանձնախումբերը, սուրը պատեանէն հանելու տրամադրութեամբ, միաձայնութեամբ հրապարակեցին երկու հիմնական մեղադրագիր: Թրամփ ամբաստանուեցաւ քրէական եւ խորհրդարանի գործունէութիւնը արգելակելու յանցանքներով, մեղադրանքներ` որոնք կրնան յանգիլ անոր պաշտօնավարութեան դադրեցման (նաեւ` չհասնիլ հոն):
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ կը պատրաստուի չորեքշաբթի, 13 նոյեմբերին հիւրընկալելու Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը: Սա անուղղակի հրաւէր մըն է հայութեան` յաւելեալ զօրաշարժի ենթարկելու իր քաղաքական-քարոզչական կարողութիւնները, միացնելու Հայաստանի ու սփիւռքի ձեռքերը, Միացեալ Նահանգներու եւ աշխարհի աչքերուն դիմաց պարզելու համար Թուրքիոյ պետութեան անցեալի ու ներկայի ոճրային արարքները` Ցեղասպանութենէն մինչեւ ճակատագրակից ժողովուրդներու սպանդը, Կիպրոսն ու Սուրիա-Իրաքը, քիւրտերն ու եզիտիները:
Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցչական տունը հինգշաբթի, 11 յուլիսին որդեգրեց բանաձեւ մը, որ ամերիկեան կառավարութեան կ՛արգիլէ Ատրպէյճանին ծախել այնպիսի զէնքներ, որոնք կրնան գործածուիլ Ստեփանակերտի օդակայանը օգտագործող օդանաւերու դէմ։ Ատրպէյճանի այս սպառնալիքին եւ անոր յաճախակի գործադրութեան հետեւանքով, Արցախի մայրաքաղաքին օդակայանը անդամալոյծ կը մնայ տասնամեակներէ ի վեր։