- Այս երկու պարզ բառերը, ածական մը եւ գոյական մը, իրարու քով եկած եւ ամբողջութիւն մը կազմած, մոգական ի՞նչ անսովոր ազդեցութիւն կը գործեն մեր վրայ:
- Հայկական բանա՛կ...
Դարերէ ի վեր առասպելական եղջերուաքաղ մը եղած էր ան, պատմական բացատրութիւն մը, իրականութեան հետ առանց որեւէ առնչութեան:

- Եւ ահա՛ յանկարծ, այսօր, հայկական բանակը, հայ զինւորը տեսանելի, շօշափելի ճշմարտութիւն մը կը դառնան:
Հայ զինւորը, փայտէ նիզակով ու թղթէ սաղաւարտով զինւած՝ բեմական ճամարտակութիւններ չըներ, այլ արիւնի ու կրակի մէջ մկրտւած, հերոսի փառապսակը գլխին՝ հրացանը ուսը զարկած, վերաստեղծւած Հայաստանի սահմանները կը պաշտպանէ:
- Հայկական բանակը, իր եռագոյն դրօշով, ամենէն պանծալի իրականութիւնն է, մեր ազատագրութեան ամենէն դրական ապացոյցը, Հայաստանի գոյութեան ամենէն հաստատուն կռւանը:
- Մեր գոյութեան, մեր ազատութեան միակ անխարդախ երաշխաւորութիւնը, հրացանը ուսին, պահակ սպասող հայ զինւորն է:
Ապրի՛ հայ զինւորը:
ԵՐՒԱՆԴ ՕՏԵԱՆ