Կը յիշեմ այն խոր կսկիծը, զոր կը զգայի պատանութեանս օրերուն, երբ կը տեսնէի թուրք զօրքերու տողանցքը ծննդավայր քաղաքիս մէջ: Մեր ցեղը գերի էր, իր ազգային կեանքը եւ իր նւիրական սրբութիւնները պաշտպանող զինւորութիւնը չունէր. ռազմական ուշագրաւ ուժեր կու տար օտար ազգերուն, բայց ինք զուրկ էր իր ազգային ինքնապաշտպան բանակէն. Զէյթուն, Սասուն սարերուն խումբ մը կտրիչներուն մէջ միայն դեռ կենդանի կը մնար հայ մարտիկի հին սխրալի տիպարը:
ԱՐՇԱԿ ՉՈՊԱՆԵԱՆ
Հայ կռւողը՝ տիեզերական այս հսկայ բախումի ընթացքին՝ մեր ցեղին ճակատը փառքով պսակեց:
Կը յիշեմ այն խոր կսկիծը, զոր կը զգայի պատանութեանս օրերուն, երբ կը տեսնէի թուրք զօրքերու տողանցքը ծննդավայր քաղաքիս մէջ: Մեր ցեղը գերի էր, իր ազգային կեանքը եւ իր նւիրական սրբութիւնները պաշտպանող զինւորութիւնը չունէր. ռազմական ուշագրաւ ուժեր կու տար օտար ազգերուն, բայց ինք զուրկ էր իր ազգային ինքնապաշտպան բանակէն. Զէյթուն, Սասուն սարերուն խումբ մը կտրիչներուն մէջ միայն դեռ կենդանի կը մնար հայ մարտիկի հին սխրալի տիպարը:
Այդ տիպարը բազմապատկւեցաւ վերջին երկու տասնեակ տարիներու մէջ՝ ազգային վերածնութեան շարժումին յարուցած խանդավառութեան շնորհիւ. ազգային քաղաքական վերակենդանացման համար, «զինւորեալ մանկութիւն» մը ամբողջ՝ բռնութեան ուժերուն դէմ՝ կռւելով կամ բանտերու խորը ու կախաղաններու վրայ նահատակւելով՝ իր կանանչ արեւը հերոսաբար զոհեց: Ու երբ պայթեցաւ այս մեծ պատերազմը, Հայը՝ թէ՛ աշխարհիս մէջ արդարութեան սկզբունքի յաղթանակին մասնակցելու եւ թէ՛ իր ազգային իդէալին իրականացումը իր ճիգովն իսկ դիւրացնելու համար, ամէն տեղ միեւնոյն զգացումէն դրդւած՝ փութաց իր սրտաբուխ բաժինը բերել բռնութեան դէմ մղւած նւիրական պայքարին: Կամաւորներ Ֆրանսիայի ճակատին վրայ, կամաւորներ Թուրքիոյ դէմ կռւող Կովկասեան բանակի մէջ, Վանայ սխրալի ու յաղթական ինքնապաշտպանութեան հերոսներ, Շապին Գարահիսարի, Մշոյ, Սասունի, Ուրֆայի յուսահատ ու հոյակապ ոգորմանց սէգ նահատակներ, Ճեպէլ-Մուսայի պայծառ մարտիկներ, Արարայի դափնեպսակ քաջեր, Ղարաբաղի բարձունքներուն վրայ մինչեւ զինադադար մաքառիլ յամառող կորիւններ, Բաքւի դժնդակ դիմադրութեան հոգին կազմող արի Հայորդիներ, բոլշեւիկեան տարրալուծմամբ քայքայւած ռուս զօրքին յանկարծական հեռացումէն յետոյ՝ դէպի Այրարատ խուժող թուրանական հեղեղին միս մինակ կուրծք տւող եւ անոր առաջխաղացքը դաժանելի դարձնող, Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի դիմադրական մոլեգին ճիգերով փառազարդւող հայ զօրագունդեր, այս ամէնքը, որ վերակենդանացած հայ բանակին ցիրուցան հատւածները եղան՝ հայ անկախութեան գաղափարն ունենալով իբր ընդհանուր կապ եւ իբր գերագոյն հրամանատար, այս ամէնքը մեր ազգին վեհագոյն հպարտութիւնը հանդիսացան եւ մեր դատը անոնց է որ է՛ն առաջ պարտական պիտի ըլլայ իր յաղթանակը:
Այդ յաղթանակը դեռ իր ամբողջական ու վերջնական իրականացումը չէ՛ գտած: Դեռ կան մեծ վտանգներ, որ կը պաշարեն մեր դատը, վտանգներ՝ որ այս օրերս աւելի կը շեշտւին, բայց կորսնցնել հաւատքը այս հուսկ պահուն, տարակուսիլ այդ յաղթանակին վերջ ի վերջոյ անխուսափելի իրականացման մասին, մեր ամէն ձեւով մղած պայքարը թուլցնել, վտանգներուն մեծագոյնը ստեղծել պիտի ըլլար: Այդ յաղթանակը ա՛յնքան աւելի ապահով պիտի դառնայ, ո՛րքան մենք մեր ազգին դիմադրող, պայքարող ուժը զօրացնելու եւ բազմապատկելու կենսական ու անվիճելի գործին մէջ միաբան ըլլանք:
Այս վերջին ամիսներուն մէջ թուրանական հեղեղը անգամ մը եւս խուժեց մեր ցեղին վրայ: Ողորմելի պայմաններու մէջ գտնւելով հանդերձ, հայ զինւորը, քսան փամփուշտին դէմ մէկ փամփուշտ հազիւ ունենալով գործածելու, «բոբիկ ու գլխաբաց» կռւելով, սքանչելի քաջութեամբ եւ անձնազոհութեամբ կատարեր է իր դժնդակ ու սուրբ պարտականութիւնը, յաջողեր է որոշ տեղւանք յետ մղել թշնամին, այլ վայրեր՝ որ արդէն գրաււած էին արշաւողէն՝ յետ խլել անոր ձեռքէն, եղեր է վերջապէս՝ ամերիկեան միջամտութեան ու քաղաքական այլ ազդեցութեան հետ՝ էական սատարներէն մին որ կասեցուցած են Հայ Հանրապետութիւնը խեղդել սպառնացող թշնամւոյն առաջխաղացութիւնը:
ՊԱՏԻ՜Ւ ՀԱՅ ԶԻՆՒՈՐԻՆ:
«Յեղափոխական ալբոմ»
1968 թ.