Յունիսի 8-ին, լրացաւ 125-րդ տարելիցը հայու երգիծական հանճարը արժանաւորապէս մարմնաւորող անմահն Յակոբ Պարոնեանի վախճանումին:
8 յունիսի 1891-ին, ծայր աստիճան չքաւորութեան մատնւած եւ հիւծախտի հետեւանքով ուժաքամ եղած՝ Պոլսոյ մէջ առյաւէտ փակւեցան աչքերը մեծ մարդուն եւ նոյնքան մեծ հայուն:
Հայու երգիծական հանճարը
Ն.
Յունիսի 8-ին, լրացաւ 125-րդ տարելիցը հայու երգիծական հանճարը արժանաւորապէս մարմնաւորող անմահն Յակոբ Պարոնեանի վախճանումին:
8 յունիսի 1891-ին, ծայր աստիճան չքաւորութեան մատնւած եւ հիւծախտի հետեւանքով ուժաքամ եղած՝ Պոլսոյ մէջ առյաւէտ փակւեցան աչքերը մեծ մարդուն եւ նոյնքան մեծ հայուն:
48 տարեկանին ապաժամ եւ դժբախտ մահ ունեցաւ Յակոբ Պարոնեան, բայց միայն մարմնապէս հեռացաւ հայ իրականութենէն, որովհետեւ կարճատեւ իր կեանքով իսկ հայկական երգիծանքի հիմնադիրը կրցաւ նւաճել անմահութեան արժանի գրական հարստութիւն մը եւ մնայուն տեղ գրաւել մեր ժողովուրդի սրտին ու մտքին մէջ:
Իր երգիծանքով՝ Պարոնեան ժամանակներէն վեր կանգնեցաւ եւ, անանց ճշմարտութիւններ վերծանող իր գրականութեամբ, նաեւ հայ մտքի հսկայ մը դարձաւ՝ մեր ժողովուրդի ազգային ու քաղաքացիական զարթօնքին մէջ մեծակշիռ ներդրում կատարելով:
Որքան ժամանակը թաւալի, այնքան կենսայորդ եւ գունագեղ կը դառնան Պարոնեանի երգիծանքով յաւերժացած կերպարներն ու բարքերը հայ կեանքի, ինչպէս որ իրենց այժմէական իմաստն ու թելադրականութիւնը աւելիով կը շեշտեն Պարոնեանի պաշտպանած գաղափարներն ու սկզբունքները:
Համոզումի, սկզբունքայնութեան, ինքնահաւատարմութեան եւ անհաշտ պայքարի մարդը եղաւ Յակոբ Պարոնեան:
Անխնայ ձաղկեց եւ սուր քննադատութեամբ մերկացուց 19-րդ դարու երկրորդ կէսի հայ իրականութեան արատները՝ հաւասարապէս ազգային ու հասարակական, անհատական եւ ընտանեկան, քաղաքական ու հասարակական ընդգրկումով: Դատապարտւեցաւ, հալածւեցաւ եւ ծանրագոյն թշւառութեան մատնւեցաւ, բայց երբեք չհաշտւեցաւ ազգային սնափառութեան եւ օտարամոլութեան երեւոյթներուն հետ, քաղաքացիական ստրկամտութեան եւ կեղծ ազգասիրութեան հետ, խաւարամտութեան, քաղքենիութեան եւ դրամապաշտութեան հետ, անհատական թէ ընտանեկան՝ հասարակական բարոյականի խաթարումներուն հետ:
Աւելի՛ն. թէեւ իր ապրած ժամանակաշրջանի շեշտակի եւ իրապաշտ կնիքը կրեցին Պարոնեանի յաւերժացուցած «Բաղդասար աղբար»-ն ու «Աբիսողոմ աղա»-ն, «Ազգային ջոջեր»-ն ու «Մեծապատիւ մուրացկաններ»-ը, կամ «Հոսհոսի ձեռատետր»-ի եւ «Քաղաքավարութեան վնասներ»-ու հերոսներն ու բարքերը, այսուհանդերձ՝ այդ ամենուն մէջ, իր սրատեսութեամբ եւ խորաթափանցութեամբ, Յակոբ Պարոնեան գտաւ եւ մեր ժողովուրդի հոգեմտաւոր գանձարանին կտակեց բոլոր ժամանակներուն համար իրա՛ւ ու մնայո՛ւն ճշմարտութիւններ, մանաւանդ՝ մեր թերութիւններն ու վէրքերը լացի փոխարէն ծիծաղով դիմագրաւելու եւ յաղթահարելու մեծագոյն ճշմարտութիւնը:
2 նոյեմբերի 1843-ին Ադրիանուպոլիս (Էդիրնէ) ծնած, Յակոբ Պարոնեան յատուկ ուսում չունեցաւ: Աւարտեց իր ծննդավայրի «Արշակունեան» վարժարանը, ուր աշակերտեց «Պօղոս վարժապետին»՝ հետագայի Ներսէս Վարժապետեան պատրիարքին: 1857-ին ընդունւեցաւ տեղւոյն յունական դպրոցը, բայց տարի մը ետք՝ իր իսկ խոստովանութեամբ հազիւ «յունարէնի դժւարութիւնը սորված», վերջ տւաւ ուսումնական կեանքին ու նետւեցաւ աշխատանքի ասպարէզ: 1863-ին տեղափոխւեցաւ Պոլիս եւ ապրուստը ապահովելու համար բախտը փորձեց տարբեր ասպարէզներու մէջ՝ ինքնազարգացման կարեւոր տեղ տալով եւ ժամանակ յատկացնելով:
Եղաւ հեռագրատան պաշտօնեայ, զբաղեցաւ հաշւապահութեամբ ու գրագրութեամբ, կարճ ժամանակի համար Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի պաշտօնեայ դարձաւ, նաեւ ուսուցչութիւն ըրաւ: Բայց ոչ մէկ գործի փարեցաւ այն բաւարարութեամբ, որ գտաւ մամուլին ու հրապարակագրութեան մէջ:
1872-ին սկսաւ Պարոնեանի հրապարակագրական գործունէութեան առաջին շրջանը, երբ երգիծական «Մեղու» թերթի արտօնատէր Յ. Սւաճեան իր երբեմնի աշխատակիցին՝ Յակոբ Պարոնեանի վստահեցաւ թերթին խմբագրութիւնը:
1874-ին, օսմանեան գրաքննութեան հետ իր առաջին դժւարութիւնը դիմագրաւելով, Պարոնեան իր խմբագրութեան յանձնւած թերթին «Մեղու» անունը փոխարինեց «Թատրոն»-ով, որուն հրատարակութեան երեք տարիները (մինչեւ 1877) զուգադիպեցան ռուս-թուրքական պատերազմին եւ նւիրագործեցին Պարոնեանի տաղանդը քաղաքական երգիծանքի մարզին մէջ:
Հայկական Հարցին նկատմամբ եւրոպական պետութիւններու ցուցաբերած դիւանագիտական նենգամտութիւնը, Սուլթանի կառավարութեան գործադրած բռնութիւններն ու ծաւալած հակահայ հալածանքները, ինչպէս նաեւ՝ հայ ազգային իշխանութեանց ղեկին կանգնած կղերական թէ աշխարհական գործիչներու կեղծաւորութիւնը, ժողովուրդէն կտրւած եւ եսապաշտ վարքուբարքը, բոլորը առաւելագոյն սրութեամբ քննադատութեան ենթարկւեցան Պարոնեանի երգիծական իրերայաջորդ գործերուն մէջ, որոնք լոյս տեսան «Թատրոն»-ի յաջորդական թիւերով՝ «Կսմիթներ», «Ազգային ջոջեր» եւ այլ անուններով:
1878-ին, նիւթական դժւարութեանց հետեւանքով, Պարոնեան դադրեցուց «Թատրոն»-ի հրատարակութիւնը, բայց շարունակեց մշակել երգիծական նոր գործեր, որոնք լոյս տեսան ատենի հայ մամուլի էջերուն կամ առանձին պրակներով: Մինչեւ 1884 երկարած այդ շրջանի կարեւորագոյն գործերէն եղան «Պտոյտ մը Պոլսոյ թաղերուն մէջ» եւ «Ծիծաղ» գործերը, որոնք Պոլսոյ հայ կեանքի երգիծական քննադատութեան կողքին՝ քաղաքական բուռն խարանումի ենթարկեցին, այլաբանական պատկերներով, օսմանեան իշխանութեանց հակահայ քայլերն ու ճնշումները:
1884-էն մինչեւ 1888, Պարոնեան ձեռնարկեց «Խիկար» երգիծաթերթի հրատարակութեան: Համիդեան բռնակալութեան պայմաններուն մէջ, գրաքննութեան հետ ամենօրեայ առճակատումէն խուսափելով, Պարոնեան իր երգիծանքին լուսարձակները կենտրոնացուց հայ կեանքի հասարակական յոռի բարքերուն, անհատական եւ ընտանեկան բարոյականի անկումին եւ ազգային առողջ բնազդներու խաթարման ձաղկումին վրայ:
Անհամեմատօրէն բուռն եղաւ «Խիկար»-ի սուր քննադատութեան արժանացած շրջանակներուն հակազդեցութիւնը: Թէեւ ոչ մէկ ուժ կրնար լռութեան մատնել Պարոնեանի խայթող լեզուն, բայց նիւթական ճնշումներու տակ դարձեալ խափանւեցաւ Պարոնեանի հրապարակագրական գործունէութիւնը եւ այս անգամ այլեւս ընդմիշտ: Նաեւ՝ նիւթապէս ծայր աստիճան անձկութեան մատնւեցաւ հայ երգիծական գրականութեան հիմնադիրն ու վարպետը: Քայքայւեցաւ անոր առողջական վիճակը: Բայց Պարոնեան շարունակեց նոր էջերով հարստացնել իր ժառանգութիւնը:
Հիւծախտը իր աւերը գործեց եւ, 1891-ի յունիսի 8-ին, շիջեցաւ հայ երգիծանքի անլռելի զանգակատունը հնչեցնող վարպետը՝ սերունդներուն ժառանգ ձգելով իր սրատես ու խորաթափանց հայեացքով լուսարձակի տակ բերւած անկորնչելի ճշմարտութիւններ:
Ահա՛ հասկաքաղ մը պարոնեանական անմոռանալի խայթոցներէն.-
- Դժբախտաբար, մեր ազգին մէջ շատերու բարձրանալու գաղտնիքը բնական օրէնքով միայն կը լուծւի. ծանրերը միշտ գետնաքարշ կը մնան ու թեթեւները վեր կելլեն:
- Մեծ անւանց ներքեւ յաճախ պստիկ բաներ կը պահւին:
- Շատ անգամ ոչինչ չըսող խօսք մը նշանաւոր մարդու մը բերնէն ելած ըլլալուն համար իբրեւ պատգամ կընդունւի. եւ շատ անգամ նշանաւոր խօսք մը աննշան մէկէ մը ըսւած ըլլալուն համար կարեւորութեան չառնւիր:
- Ոսկեղէն դարուն մէջ կաթին քիչ մը ջուր կը խառնէին. տասնիններորդ դարուն մէջ ջուրին քիչ մը կաթ կը խառնեն:
- Կար ժամանակ մը, ուր խաւարը լուսոյ դէմ կը կռւէր, տգիտութիւնը գիտութեան դէմ, անցեալն ապառնիին դէմ, հրամայականը սահմանականին դէմ, միսը բանջարեղէնի դէմ... Իսկ հիմա անցան այն ժամանակները. անոնք անցեալ են, մենք՝ ապառնին, անոնք խաւար են, մենք լոյս... անոնք միս են, մենք բանջարեղէն, անոնք վարունգ են, մենք՝ խնձոր...
- Եթէ այն ատեն դրամ եղած ըլլար, Ադամ եւ Եւան դրախտէն դուրս չէին ելներ. դրախտին դուռն կայնող պահապանին քանի մը դահեկան կու տային եւ մինչեւ այսօր դրախտին մէջ կը մնային:
- Երիտասարդութեան մէջ սիրելու համար կապրինք, իսկ ծերութեան մէջ՝ ապրելու համար կը սիրենք:
- Երիտասարդ մը կարծելու չէ, որ հաճելի է, այլ կարծելու է, ինչ-որ ճշմարտութիւն է, որպէսզի ուրիշները իր վրայ չխնդացնէ:
- Գիտուն ըլլալուն ամենէն պարկեշտ եւ ուղիղ ճամբան իւր տգիտութիւնն ճանչնալն է:
- Ցաւալի է, որ գիտունի գրչով լուծելիք խնդիրները դերձակի մկրատով կը կտրւին շատ անգամ:
- Գիտութիւնը ժամացոյցի կը նմանի. զայն բանեցնելու համար միշտ լարել է պէտք:
- Չկայ մէկը, որ գիտութիւն վաճառող կատարեալ տգէտի մը ըսէ.- «Բարեկամ, դուք բան մը չէք գիտեր, քանի մը բարեկամներէդ քանի մը խօսք սորւած էք եւ զանոնք կը կրկնէք միշտ, դուք այդ ընկերութեան մէջ խօսք առնելու իրաւունք չունիք. հրամեցէ՛ք սենեակէն դուրս»:
- Օրէնքները հաստատողները այրերն են, իսկ բարքեր հաստատողները կիներն են:
- Ո՜վ շողոքորթութիւն... ամէն տարիք կը սիրէ քեզ:
- Կեղծ բարեկամները արեւու ժամացոյցի կը նմանին. երբ օրը պայծառ է՝ կը տեսնւին, երբ ամպոտ է՝ չեն տեսնւիր:
- Պարզութիւնն ու ճշմարտութիւնը այնպիսի գեղեցկութիւններ են, որ ամէն բանի մէջ կը փնտրւին ամէն բանէ առաջ:
Պարոնեան արժանացաւ «ազգային յուղարկաւորութեան»՝ հոծ բազմութեան մը մասնակցութեամբ եւ ուսուցիչներու, մտաւորականներու, գործաւոր դասակարգի, ինչպէս նաեւ կարգ մը ամիրաներու ու ջոջերու ներկայութեամբ: Դամբանականը կարդաց Նարբէ արքեպիսկոպոս, որ իր կարգին՝ «Ազգային ջոջեր»-ուն մէջ Պարոնեանի սուր երգիծանքին թիրախ դարձած էր: Մարմինը ամփոփւեցաւ Օրթագիւղի գերեզմանատունը, «մեռելոց այդ հանդարտիկ բնակարանին մէկ անկիւնը, տխուր ու մենաւոր»: Բայց նոյնիսկ տապանաքար մը չկանգնեցաւ անոր շիրիմին վրայ եւ շուտով մոռցւեցաւ գերեզմանին ճշգրիտ վայրն ալ...
Բայց ո՛չ, գերեզմանով թէ առանց գերեզմանի, Յակոբ Պարոնեան իր անկրկնելի գրականութեամբ յաւերժ կապրի հայոց սրտին ու մտքին մէջ՝ իբրեւ անմահութիւնը նւաճած հայ երգիծագրութեան անհասանելի գագաթը:
Չեն մեռնիր այնքա՜ն պարզութեամբ, սրատեսութեամբ եւ խորաթափանց իմաստութեամբ, այլեւ՝ ինքնահաւատարմութեան արեամբ գրւած Յակոբ Պարոնեանի գործերը: