«Ուխտած ենք կրակով հատուցանել այն պարտքը, որ թշնամին համայնատարած հրդեհով ու մոխիրով փոխ տւաւ մեզի: ... Ու մենք տենդահար ձեռքերով կը վառենք խարոյկը, մինչեւ որ անոր բոսորագոյն լոյսը ճառագայթէ բոլոր մութ հոգիներէն ներս, մինչեւ որ ազատութեան վերջին զոհին մարմինը ճենճերի փրկութեան տաճարին առջեւ: ... Դարերու նախատինքն ու ամօթն է, որ կը հրդեհենք:
Ն.
«Ուխտած ենք կրակով հատուցանել այն պարտքը, որ թշնամին համայնատարած հրդեհով ու մոխիրով փոխ տւաւ մեզի: ... Ու մենք տենդահար ձեռքերով կը վառենք խարոյկը, մինչեւ որ անոր բոսորագոյն լոյսը ճառագայթէ բոլոր մութ հոգիներէն ներս, մինչեւ որ ազատութեան վերջին զոհին մարմինը ճենճերի փրկութեան տաճարին առջեւ: ... Դարերու նախատինքն ու ամօթն է, որ կը հրդեհենք:
«Բարձրագլուխ ու անյողդողդ՝ կանգնած ենք մահւան դէմ՝ մեր ահաւոր ցաւին հետ, որ մեր փառքն է միանգամայն, եւ հպարտութիւնն ունինք պատմութեանն աւանդելու դիւցազնութեանց ամենէն սխրալին, հպարտութիւնն ունինք հետագայ դեռ տառապող մարդկութեան փոխանցելու ազատութեան ամենէն հզօր սարսուռները»:
Այսպիսի՛ն էր գաղափարական կիզակէտը հայ մամուլի ամենէն արժանաւոր առաջապահներէն Պոլսոյ «Ազատամարտ» թերթին, որուն հրատարակութեան 107-րդ տարեդարձը նշեցինք յունիսի 10-ին:
«Ազատամարտ»-ի անդրանիկ թիւի խմբագրականէն չէ մէջբերւած անմահն պատգամի հնչեղութիւն ունեցող հրապարակագրական այդ դաւանանքը: Այլ՝ առնւած է «Ազատամարտ»-ի նոյնքան արժանաւոր խմբագրապետ Ռուբէն Զարդարեանի «Բագինի փառաբանութիւնը» գործէն:
10 յունիսի 1909-ին «Ազատամարտ»-ի առաջին թիւին հրատարակութենէն ասդին 107 տարի անցած է: «Ազատամարտ»-ը աւելի քան դար մըն է, որ լոյս չի տեսներ... Բայց որքան ալ ժամանակի փոշին նստի հոս ու հոն պահպանւած «Ազատամարտ»-ի հազւագիւտ հաւաքածոներուն վրայ, հայ մամուլի եւ հայ մտքի, հայ գրականութեան եւ արւեստի հին թէ նոր մշակները ի վերջոյ «Ազատամարտ»-ի աւանդին կը դիմեն՝ երբ ծարաւը կունենան հայ ժողովուրդը ոգեւորող մայր աղբիւրի կենարար ջուրի...
Իր առաջին թիւերէն իսկ, «Ազատամարտ» յորդեցաւ ու գլեցանցաւ սոսկական լրագիրի մը սահմանները: Աւելի ճշգրիտ՝ անմիջապէս դարձաւ ամբողջական եւ լիարժէք հայ թերթի առաջապահն ու դրօշակիրը:
Օսմանեան Սահմանադրութիւնը նոր հռչակւած էր: Պոլիսը արագօրէն կը վերագտնէր հայ մտքի եւ ստեղծագործ հոգիի եռուն հաւաքավայրի իր կենսունակութիւնն ու ազատութիւնը: 1890-ականներու երկրորդ կիսուն, Համիդեան գրաքննութենէն, հետապնդումներէն եւ հալածանքներէն ազատելու համար, Պոլսէն հեռացած հայ մտաւորականութիւնը անմիջապէս վերադարձած էր ու ամիսներու ընթացքին, նորովի թափով, հայկական Պոլիսը վերագտած էր իր շէնշող աշխուժութիւնը:
Անդին՝ հայոց աշխարհին պարտադրւած երկփեղկման սահմանագիծին միւս կողմը՝ Արեւելահայաստանի տարածքին, բորբոքած էր Ցարական յետադիմութիւնը եւ անցած էր հայ ազգային ու յեղափոխական սերուցքին դէմ հակայարձակման՝ բիրտ հարւածի տակ առնելով արեւելահայ զարթօնքի կենարար օջախ Թբիլիսը:
Եւ եթէ 1900-ականներու սկզբնաւորութեան սուլթանական ճնշումներէն խոյս տւած արեւմտահայ միտքը իր առջեւ բաց գտած էր հայկական Թբիլիսը, ժամանակի դառն ու հեգնական խաղով, 1908-էն սկսեալ, հայկական Պոլիսը ի՛նք այս անգամ լայն ասպարէզ կը բանար ցարական հաշւեյարդարէն խոյս տւող արեւելահայ մտքին առջեւ:
Թբիլիսը, 1905-ի Ռուսական Առաջին Յեղափոխութեան առաջացուցած ազատութեանց ալիքէն օգտւելով, արագօրէն իր վրայ կենտրոնացուցած էր հայ ազգային-ազատագրական պայքարի բովին մէջ հասակ նետած եւ թրծւած դաշնակցական մտաւորականութեան կենսունակութիւնը: 1906-ին, ՀՅԴ Արեւելեան Բիւրոյի նախաձեռնութեամբ, լոյս տեսաւ «Յառաջ» օրաթերթը, որ անմիջապէս իր շուրջ համախմբեց ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի կամ թբիլիսեան անկուսակցական մամուլի էջերուն հռչակի տիրացած հեղինակաւոր գրողները.- Աւետիս Ահարոնեան, Եղիշէ Թոփչեան, Գարեգին Խաժակ, Յոնան Դաւթեան, Լիպարիտ Նազարեանց, Յովհաննէս Իւսուֆեան, Միքայէլ Վարանդեան, Լէօ, Յովհաննէս Թումանեան, Նիկոլ Աղբալեան եւ ուրիշներ: «Յառաջ» իր հրատարակութիւնը անխափան շարունակեց մինչեւ 1909-ի ցարական հալածանքը Դաշնակցութեան դէմ: Իսկ այնուհետեւ, «Հորիզոն» անւանափոխւելով, անկուսակցական թերթի պաշտօնական կարգավիճակով՝ շարունակեց իր հրատարակութիւնը մինչեւ 1918:
Արեւմտահայ ճակատին վրայ եւ միեւնոյն ժամանակաշրջանին, Օսմանեան կայսրութեան տարածքին խստացող գրաքննութեան անշնչելի մթնոլորտին մէջ, Վանէն մինչեւ Տրապիզոն եւ Իզմիրէն մինչեւ Սոֆիա ու Բալկաններ, դաշնակցական տեղական մարմիններու եւ գործիչներու նախաձեռնութեամբ կեանքի կոչւած էին բազում թերթեր, որոնք սակայն սահմանափակ տարածում եւ հասողութիւն ունէին, դաստիարակչական եւ քարոզչական ազդու ներգործութիւն ունենալով հանդերձ:Ազգային-քաղաքական զարգացումներու այդ խորապատկերին մէջ կը տեղաւորւի ծնունդը «Ազատամարտ»-ին:
Անոր հրատարակութեան ձեռնարկելու որոշումը տւաւ Դաշնակցութեան Արեւմտեան Բիւրօն: 10 յունիսի 1909-ին լոյս տեսաւ «Ազատամարտ»-ի առաջին համարը եւ անմիջապէս ոչ միայն շարժեց ընթերցող լայն շրջանակներու հետաքրքրութիւնը, այլեւ՝ դարձաւ ժամադրավայրը ատենի հայ մտաւորականութեան ամենէն վաւերական դէմքերուն:
Ռուբէն Զարդարեանի վստահւեցաւ «Ազատամարտ»-ի արտօնատէր-խմբագրապետի պատասխանատւութիւնը: Խմբագրական մարմնին մաս կազմեցին Շաւարշ Միսաքեան, Է. Ակնունի (Խաչատուր Մալումեան), Յակոբ Ճ. Սիրունի (Ճօլօլեան), Արշակ Վռամեան (Օննիկ Դերձակեան), Յարութիւն Շահրիկեան (Ատոմ), Գեղամ Բարսեղեան, Համբարձում Համբարձումեան, Ռուբէն Դարբինեան, Ներսէս Փափազեան, Լիպարիտ Նազարեանց (Լեռնեան), Լեւոն Աղաբաբեան, Լեւոն Մոզեան եւ ուրիշներ: Շատ աւելի ընդգրկուն եղաւ «Ազատամարտ»-ի մնայուն աշխատակիցներուն շրջանակը, որոնց շարքին իրենց կարեւոր տեղը ունեցան Սիմոն Զաւարեանի եւ Դանիէլ Վարուժանի, Սիամանթոյի ու Յակոբ Օշականի, Գարեգին Խաժակի եւ Ռուբէն Սեւակի, Աւետիք Իսահակեանի եւ Կոստան Զարեանի, Աւետիս Ահարոնեանի եւ Զաբէլ Եսայեանի, Լեւոն Շանթի եւ Վազգէն Շուշանեանի, Վրթանէս Փափազեանի եւ Արտաշէս Յարութիւնեանի տարողութեամբ վաւերական ու մեծանուն դէմքեր:
Արեւմտահայ եւ արեւելահայ մտքի ու գրչի այդ ատենի հսկաներուն, փաստօրէն, միեւնոյն թերթի էջերուն միաւորեց դաշնակցական ոգին՝ ոչ միայն իբրեւ սոսկ կուսակցական պատկանելութիւն, այլեւ՝ իբրեւ հայ մտքի եւ հոգիի ազատ ու անկաշկանդ թռիչքին թափ տալու յանձնառութիւն եւ անմնացորդ նւիրում:
Թէեւ հազիւ վեց տարի ապրեցաւ «Ազատամարտ»-ը եւ փակւեցաւ 24 Ապրիլի 1915-ին, այսուհանդերձ՝ անոր հրատարակութեան կարճատեւ շրջանն իսկ բաւարար եղաւ, որպէսզի «Ազատամարտ»-ը նոր հորիզոններ բանայ ընդհանրապէս հայ մամուլին եւ յատկապէս դաշնակցական պաշտօնաթերթերու արդէն բազմանդամ ընտանիքին առջեւ:
«Ազատամարտ» շուտով դարձաւ իր ժամանակի ամենէն տարածուն օրաթերթը՝ մինչեւ 12 հազար տպաքանակի արժանանալով: Եղաւ արեւմտահայ հրապարակագրական լեզւի գեղարւեստական մշակման ախոյեանը: Ստեղծեց արժանահաւատ լրատւութեան, թղթակցութեան եւ իրազեկման կենսունակ ոճ: Ազգային-քաղաքական առաջնորդող խօսքի դրօշակիր դարձաւ ու գաղափարական արժէքներու եւ սկզբունքներու անկաշառ պաշտպանութեան, ինքնահաւատարմութեան ու պատասխանատու քննադատութեան աւանդոյթ մշակեց: Ընդառաջեց հայ ընթերցողի բազմակողմանի հետաքրքրութիւններուն՝ անոնց բաւարարման կողքին նախանձախնդիր ըլլալով, որ բարձրացնէ միջին ընթերցողին լեզւամտածողութեան եւ մշակութային-գեղարւեստական ճաշակին մակարդակը:
«Ազատամարտ» ուղի հարթեց նաեւ իր յաւելւածներով, որոնք յատկապէս գրական-մշակութային մարզերու մէջ իրենց խրախուսած նորարարութիւններով՝ Պոլսոյ հայ իրականութեան սահմաններէն շատ անդին անցան եւ թափ տւին հայ մտքի համընդհանուր թռիչքին ու ճառագայթումին: Այդպիսի՛ն եղաւ յատկապէս գրական յաւելւածը, որ նաեւ իբրեւ առանձնատիպ լոյս տեսաւ «Բագին» անունով եւ իր 73 համարներով՝ կազմեց «Ազատամարտի սերունդ»-ին փառքի դափնեպսակը թէեւ թուրքական իշխանութեանց ձեռնարկած ցեղասպանութեան մեծ ոճիրին առաջին զոհերէն եղաւ «Ազատամարտ»-ը, որուն հրատարակութիւնը խափանւեցաւ 24 Ապրիլ 1915-ին, բայց Առաջին Աշխարհամարտի աւարտէն ետք, 1918-ին, ան վերահրատարակւեցաւ նախ «Արդարամարտ», ապա՝ «Արիամարտ» եւ հուսկ «Ճակատամարտ» անուններով, թուրքական գրաքննութեան կաշկանդումներէն խուսափելով, մինչեւ որ Հանրապետական Թուրքիոյ իշխանութիւնները վերջնականապէս արգիլեցին անոր հրատարակութիւնը:
107 տարի անցած է «Ազատամարտ»-ի ծնունդէն ասդին, բայց ոչ միայն անոր ժառանգորդ դաշնակցական թերթերու ընտանիքին, այլեւ ընդհանրապէս հայ մտքի եւ գրչի հրապարակագրական բեմերուն համար, կոչումի եւ առաքելութեան ոգեշնչող անսպառ աղբիւր կը հանդիսանայ «Ազատամարտ»-ի աւանդը: