Հա

Ազգային

10/07/2016 - 10:00

ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏՔԵՐՈՎ - Վանի զինեալ ինքնապաշտպանութեան բռնկումը (16 յունիսի 1895)

16 յունիսին, 121 տարի առաջ, Վանի եւ շրջակայքի հայութիւնը իր առաջին քայլերը նետեց ինքնապաշտպանութեան եւ օսմանեան լուծէն ազատագրւելու երկար ու արիւնոտ ճամբուն վրայ:
Դաշնակցութեան ֆեդայական սերունդի ռահվիրաներէն անվեհեր Պետոյի (Աղեքսանդր Պետրոսեան) գլխաւորութեամբ, Վանի յեղափոխական հայորդիները իրենց առաջին զինեալ ընդհարումները ունեցան սուլթան Համիդի կազմած քուրդ եւ թուրք «Համիդիէ» հայասպան վոհմակներուն հետ:

Ն.


16 յունիսին, 121 տարի առաջ, Վանի եւ շրջակայքի հայութիւնը իր առաջին քայլերը նետեց ինքնապաշտպանութեան եւ օսմանեան լուծէն ազատագրւելու երկար ու արիւնոտ ճամբուն վրայ:
Դաշնակցութեան ֆեդայական սերունդի ռահվիրաներէն անվեհեր Պետոյի (Աղեքսանդր Պետրոսեան) գլխաւորութեամբ, Վանի յեղափոխական հայորդիները իրենց առաջին զինեալ ընդհարումները ունեցան սուլթան Համիդի կազմած քուրդ եւ թուրք «Համիդիէ» հայասպան վոհմակներուն հետ:
Վանը հայկական յեղափոխութեան գլխաւոր բնօրրաններէն մէկն էր: Խրիմեան Հայրիկի ձեռնարկած ազգային-ազատագրական զարթօնքի օրերէն, Վանը եղաւ օսմանեան բռնակալութեան եւ անոր հայաջինջ քաղաքականութեան դէմ հայկական ըմբոստացման գաղափարական հնոց մը: Հոն ստեղծւեցաւ հայկական ազատամարտի առաջին կազմակերպութիւնը՝ Արմենական կուսակցութիւնը, 1885-ին: Նաեւ 1887-ին հիմնւած Հնչակեան կուսակցութիւնը Վասպուրականի վրայ կենտրոնացուց իր գործունէութիւնը՝ իբրեւ Երկրի մէջ յեղափոխական շարժման ծաւալումին կարեւորագոյն խարիսխը:
1890-ին կազմւած Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւնը եւս, բնականօրէն, դէպի Վան ուղղեց քայլերը սահմանը հատող եւ դէպի Երկիր զէնք հասցնող գաղափարի իր մարտիկներուն: Իսկ այս վերջիններու շարքին բախտորոշ եղաւ Կարսի ծնունդ Պետոյի ծաւալած յեղափոխական գործունէութիւնը, 1892-էն սկսեալ, Վանի եւ շրջակայքի հայ ըմբոստ երիտասարդութիւնը ի մի խմբելու, յեղափոխական կուռ կազմակերպութեան մէջ միաձուլելու, զինելու եւ զինւորապէս պատրաստելու ուղղութեամբ:
Խօսքն ու գործը, իր անձնական օրինակով, առաւելագոյն ներդաշնակութեան մէջ պահող տիպար յեղափոխականն էր Պետօ, որ ի վիճակի եղաւ համերաշխութեան հողը մշակելու հայ յեղափոխական կուսակցութիւններուն միջեւ: Արմենականն ու Հնչակեանը Պետոյի հաւաքագրած դաշնակցականներուն մէջ տեսան կռւի միեւնոյն խրամին մէջ անձնւէր պայքար մղող զէնքի ու գաղափարի իրենց ընկերները: Եւ պատահական չէր, որ Պետօ նահատակւեցաւ արմենական Աւետիսեանի ու հնչակեան Մարտիկի հետ կողք-կողքի, հարիւրաւոր հայ յեղափոխականներու 1896-ին Վանէն հեռացումը առաջնորդելու ժամանակ, քրդական Մազրիկ ցեղին կողմէ պաշարւելով եւ օրհասական կռիւ մղելով:
Հայ յեղափոխական շարժման մարտական ուժեղացման, ազգային-քաղաքական հասունացման եւ ներքին համերաշխութեան ամրագրման առումներով՝ հայ ժողովուրդի պատմութեան նշանակալից պահերէն մէկը եղաւ 16 յունիս 1895-ը:
1894¬1895-ի Սասնոյ, Երզնկայի եւ Կարինի մէջ անզէն հայութեան դէմ ծաւալած համիդեան կոտորածները ահազանգային նշանակութիւն ունեցան Վանի եւ ընդհանրապէս Վասպուրականի հայ յեղափոխական գործիչներուն համար: Հակառակ Վանի նահանգին մէջ եւրոպական մեծ տէրութեանց հիւպատոսական ներկայացուցիչներու կենտրոնացումին եւ համիդեան հայասպան քայլերուն դէմ անոնց դիւանագիտական միջամտութիւններուն, Կարմիր Սուլթանը կորոճար Վանը եւս արեան մէջ խեղդելու դաւադիր ծրագիրներ:
Սասնոյ կոտորածները մեծ ընդվզում առաջացուցած էին Եւրոպայի ազատախոհ շրջանակներուն մօտ, որոնք իրենց կառավարութիւններէն կը պահանջէին արագ եւ ազդու միջամտութիւն կատարել՝ սանձելու համար Համիդի հայաջնջման քաղաքականութիւնը: Այդպէ՛ս կեանքի կոչւեցան, եւրոպական մեծ տէրութեանց դիւանագէտներուն կողմէ, 1895-ի գարնան մշակւած հայկական նահանգներու «Րեֆորմի» (բարենորոգման) ծրագիրները, որոնք սուլթանի հաւանութեան արժանանալէ ետք միայն կրնային ի գործ դրւիլ:
Պետոյի եւ ընդհանրապէս Վանի յեղափոխական գործիչներուն համար ինքնախաբէութեան համազօր էր յոյս կապել եւրոպական դիւանագիտութեան մշակած այդ թուղթէ շերեփներուն: Հայ ժողովուրդին կը սպառնար դաժանագոյն ջարդը, եթէ զէնքը չվերցնէր եւ սեփական ուժերով չպաշտպանւէր օրհասական վտանգին դէմ:
1880-ականները բոլորին սորւեցուցած էին, որ «միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն»: Փաստօրէն, Օսմանեան կայսրութեան հայկական նահանգներու բարենորոգման պահանջը միջազգայնօրէն ամրագրող 1878-ի Բեռլինի Դաշնագիրէն ետք, սուլթանական գահին նոր բարձրացած արիւնարբու հրէշը, «Հիւանդ մարդ» հռչակւած իր կայսրութիւնը փրկելու յուսահատական վերջին ճիգով մը, յղացած էր արեւելեան հարցը իր ներքին, այլ հրատապ բաղադրիչէն՝ Հայկական Հարցէն «բեռնաթափելու» ճիւաղային ծրագիրը:
Հայերէ «պարպւած» ու «մաքրւած» Հայաստանը, որուն Համիդ ծրագրած էր հասնիլ հայաջնջումի իր քաղաքականութեան նենգամիտ բեմագրութեամբ, եւրոպական մեծ տէրութիւնները ի վերջոյ պիտի զրկէր կայսրութեան ներքին հարցերուն միջամուխ դառնալու «Հայկական բարենորոգումներու» պահանջի պատրւակէն:
«Առանց հայերու Հայաստան» մը ունենալու համիդեան ծրագիրը նենգամիտ էր, որովհետեւ իր առաջին քայլերուն մէջ հետամուտ էր հայերու դէմ հասարակական ու տնտեսական ճնշումներու սաստկացումին՝ արագացնելու համար յատկապէս բուն Երկրի, գաւառներու հայութեան արտագաղթը դէպի Պոլիս ու Եւրոպա (արեւմուտքի ուղղութեամբ, ինչպէս եւ դէպի Թիֆլիս ու Կովկաս (արեւելքի ուղղութեամբ):
Համիդեան այս նենգամիտ քաղաքականութիւնը անշուշտ իր «պտուղները» տւաւ. հարստահարւող ու կեղեքւող հայութեան մէջ արտագաղթի ալիքը թափ առաւ, իսկ հայ պահպանողական ու իշխանաւոր խաւի ստրկական համակերպումը աւելի ու աւելի արմատաւորւեցաւ:
Բայց նոյն Բեռլինի Դաշնագրէն ետք ու Խրիմեան Հայրիկի քարոզած Երկաթէ Շերեփի յորդորներուն ներշնչումով՝ կախարդական սրւակի խցանը բացւած եւ հայկական ազատամարտի ոգին անդարձ դուրս եկած էր ու սկսած էր յաղթօրէն թեւածել հայրենի երկնակամարին վրայ: Իսկ եւրոպական մեծ տէրութիւնները, Օսմանեան կայսրութեան անխուսափելի փլուզման եւ անդամահատման մօտալուտ հեռանկարով, իրարու հետ մրցակցութեան մէջ էին՝ Համիդը իրենց հակակշռին տակ առնելու եւ կայսրութեան աւարէն առիւծի բաժին խլելու մաքիաւելութեամբ:
Ահա՛ այդ պայմաններուն մէջ, Հայաստանը կոտորածներու միջոցաւ հայերէ պարպելու համիդեան ծրագրին գործադրութիւնը արագացած էր: Իսկ եւրոպական րեֆորմները վերջին հաշւով իբրեւ պատրւակ կը ծառայէին Համիդին ձեռքը, որպէսզի ընդարձակէր հայկական ջարդերու աշխարհագրութիւնը՝ հասնելով նաեւ Վան:
Ընդհանուր զարգացումներու այս ենթախորքով՝ 1896-ի գարնան Վան ժամանեց հայկական նահանգներու բարենորոգումներու Մայիսեան ծրագրին գործադրութեան հսկող խառն քննիչ յանձնաժողովը, որուն մաս կազմող եւ Համիդը ներկայացնող Ֆերիդ Սաադէդդին փաշան, առանց ժամանակ կորսնցնելու, գործի անցաւ եւ շարժման մէջ դրաւ Համիդեան կոտորածները Վասպուրականի տարածքին եւս իրականացնելու ծանօթ բեմագրութիւնը:
Վան քաղաքին մէջ, հայոց առաջնորդ Սահակ վարդապետին եւ անոր շուրջ խմբւած ազգային ջոջերուն հետ հանդիպումներու շարք մը ունենալով, Ֆերիդ փաշայի յանձնաժողովը հետեւողաբար կրկնեց բարենորոգումներու ծրագրին իրականացման համար իր ունեցած «միակ պայմանը»՝ հայ յեղափոխականներու անձնատւութիւնը կամ Վանէն հեռացումը (յատկապէս «դուրսէն եկածներուն»): Վանի ֆրանսական, անգլիական եւ ռուսական հիւպատոսները ամբողջական աջակցութիւն ցուցաբերեցին այդ պահանջին: Իսկ Վանի շրջակայ գաւառներուն մէջ, ուր արմենականները ընդհանրապէս կառոյց ստեղծած չէին, հնչակեանները կազմակերպականօրէն արմատաւորւելու յաջողութիւն ունեցած չէին եւ միայն Դաշնակցութիւնն էր, որ Նիկոլ Դումանի, Պետոյի (Աղեքսանդր Պետրոսեան) եւ Վարդանի (Սարգիս Մեհրաբեան, հետագայ Խանասորի արշաւանքին ընդհանուր հրամանատարը) խումբերով նոր սկսած էր շարժում առաջացնել ու կազմակերպութիւն ստեղծել, Սաադէդդին փաշան անձամբ կապ հաստատեց քուրդ ցեղապետերուն հետ՝ անոնց կանաչ լոյս տալով անպաշտպան հայերուն դէմ թալան ու կոտորած կատարելու ուղղութեամբ, թուրքական զօրքի աջակցութիւնը խոստանալով:
Մինչ Վանի հայութեան ներկայացուցիչները կը քննարկէին մայիսի վերջերուն Վան հասած քննիչ յանձնաժողովին կողմէ տրւած հայ յեղափոխականներու յանձնումին կամ հեռացման պահանջ¬նախապայմանը, Ֆերիդ Սաադէդդին փաշա արագացուց բիրտ ուժով իր նպատակին հասնելու դաւադրութեան իրագործումը:
Յունիսի առաջին օրերէն սկսեալ հրահանգեց ոստիկանութեան, որ խուզարկեն հայահոծ Այգեստանի բնակարանները՝ թաքնւած հայ յեղափոխականներ եւ զինապահեստներ գտնելու պատրւակով: Այդ խուզարկութեանց ընթացքին ոստիկաններ դիմեցին նաեւ գրգռիչ քայլերու, որոնց ամենէն աղմկայարոյցը եղաւ վանեցի երիտասարդ դաշնակցական Վազգէնի (Տիգրան Տէրոյեան) տան խուզարկութիւնը. Վազգէնը հոն չգտնելով, ոչ ալ որեւէ զէնքի ու զինամթերքի պահեստ գտնելով, թուրք ոստիկանները խոշտանգեցին եւ անպատւեցին Վազգէնի մայրն ու քոյրը՝ Զարուհին, որ յարգւած ուսուցչուհի էր եւ յեղափոխաշունչ հայուհի:
Միջադէպին առաջացուցած ընդհանուր ընդվզումը դեռ չհանդարտած, Ֆերիդ Սաադէդդին փաշայի դրդումով՝ յունիսի 15-16-ի լուսցող գիշերը թուրք գիշերապահ զինւորներ կրակեցին Այգեստանի մէջ հայ երիտասարդներու վրայ, որոնք սակայն դիմադարձեցին եւ երկու թուրք զինւոր սպանեցին ու աստիճանաւոր մը ծանրօրէն վիրաւորեցին:
Յունիս 16-ի առաւօտեան թուրք զինւորները իրենց երկու մեռելները ցուցադրեցին շուկային կենտրոնը՝ գրգռելով թուրք եւ քուրդ ամբոխին հակահայ մոլուցքը:
Հակառակ անոր, որ Վանի հայ ներկայացուցիչները ժողովի մէջ էին քննիչ յանձնաժողովին, եւրոպացի հիւպատոսներուն եւ Վանի կուսակալին հետ, յետմիջօրէի ժամը 3-ին թուրք զինւած ամբոխը, զօրքի եօթը թնդանօթներու պաշտպանութեան տակ, ընդհանուր յարձակումի անցաւ Այգեստանի վրայ:
Եւ սկսաւ Վանի հայութեան առաջին ինքնապաշտպանութիւնը, որ աւելի քան շաբաթ մը տեւեց՝ թուրքական զօրքի եւ զինւած ամբոխի շարունակական յարձակումները յետ մղելով եւ Վան-Այգեստանի հայութեան զանգւածային սպանդի համիդեան ծրագիրը ձախողութեան մատնելով:
Թէեւ ինքնապաշտպանութեան կռիւները վերջ գտան աւելի քան 500 հայ յեղափոխականներու եւ անոնց ընկերակցող շուրջ 1500 հայ երիտասարդներու քաղաքէն հեռացումով ու, ճանապարհին, քանի մը յաղթական կռիւներ մղելէ ետք՝ անոնց մեծ մասին կոտորածով՝ քուրդ Մազրիկ ցեղախումբին ձեռամբ, բայց այդպիսով վերջնականապէս փակւեցաւ Վանի հայութեան «օրինապահ»՝ ծառայամիտ համակերպումի ժամանակաշրջանը եւ սկսաւ սեփական ուժերով ինքնապաշտպանութեան պատրաստւելու երկարամեայ պայքարը, որ Մեծ Եղեռնի տարիներուն պսակւեցաւ յաղթանակով:
Ազգային ու պատմական իր այս դասերուն համար միշտ կը յիշենք եւ կը յիշեցնենք 1896 թւականի յունիսի 16-ը՝ 121-ամեակը զէնք բարձրացնելու եւ սեփական ուժերով ինքնապաշտպանութեան կռիւ մղելու Վանի հայութեան մարտունակութեան շղթայազերծումին:

Յարակից լուրեր

  • 1600 տարւայ պատմութիւն ունեցող հայկական եկեղեցին ոչնչացման եզրին է
    1600 տարւայ պատմութիւն ունեցող հայկական եկեղեցին ոչնչացման եզրին է

    Թուրքիայի «Ժողովուդրների դեմոկրատական» կուսակցութիւնից ընտրւած մեջլիսի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանն այս օրերին Վանի նահանգում ծանօթացել է հայկական եկեղեցիների, վանքերի եւ այլ պատմական ու կրօնական յուշարձանների վիճակին:

  • Դաշնակցութիւնը հալածելու իշխանութեանց մոլագարութիւնը՝ ազգային ներուժի կազմաքանդման կ՚առաջնորդէ
    Դաշնակցութիւնը հալածելու իշխանութեանց մոլագարութիւնը՝ ազգային ներուժի կազմաքանդման կ՚առաջնորդէ

    ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի (CCAF)-ի համանախագահ՝ Մուրատ Փափազեանի Հայաստան մուտքը արգիլելու ՀՀ իշխանութիւններու քայլին յաջորդեցին ՀՅԴ Հոլանտայի «Գարեգին Նժդեհ» երիտասարդական միութեան անդամ Սիւնէ Աբրահամեանի եւ Հոլանտայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Մասիս Աբրահամեանի հայրենիք մուտքը խափանելու դէպքերը։

  • Դաշնակցականութիւնը ապրելակերպ է, մտածողութիւն
    Դաշնակցականութիւնը ապրելակերպ է, մտածողութիւն

    Հերթական անգամ արդէն մեր երկրի դաւաճան իշխանութիւնը արգելում է դաշնակցականների մուտքը Հայաստան, արգելում է Հայ Դատի պաշտպանների մուտքը Հայաստան։

    Լաւ, դաշնակցականներին արգելեցիր, իսկ դաշնակցականութեան մուտքը Հայաստան ո՞նց ես արգելելու։ Չէ որ դաշնակցականութիւնը ապրելակերպ է, մտածողութիւն։

  • «Խորենացին Հայաստանի կադաստրի վկայականը տւեց, Դաշնակցութիւնն այդ հայրենիքը դարձրեց պետութիւն». Վարդան Ալեքսանեան
    «Խորենացին Հայաստանի կադաստրի վկայականը տւեց, Դաշնակցութիւնն այդ հայրենիքը դարձրեց պետութիւն». Վարդան Ալեքսանեան

    Մովսէս Խորենացին մեր ծննդականը տւեց, մեր հասունութեան անձնագիրը տւեց, այլ կերպ ասած՝ մեր կադաստրի վկայականը տւեց, Մովսէս Խորենացին տւեց, թէ մենք որ տարածքում ենք՝ սենց չափարները խփեց, ասաց՝ սա մեր տարածքն է, նա տարածքը սարքեց ինստիտուցիոնալ հայրենիք, իսկ 1918 թ.-ին Դաշնակցութիւնն այդ հայրենիքը դարձրեց պետութիւն՝ աւելի բարձր արժէքի բերեց, եւ հիմա մենք այդ ժառանգութիւնն իրաւունք չունենք մսխելու՝ Yerkir.am-ի հետ հարցազրոյցում ասաց պատմաբան Վարդան Ալեքսանեանը՝ խօսելով ՀՀ անկախութեան օրւայ մասին։

  • Ընկերական մտորումներ. Դաշնակցական ընկերականութիւն
    Ընկերական մտորումներ. Դաշնակցական ընկերականութիւն

    Դաշնակցութեան մէջ ընկերն ու ընկերականութիւնը գաղափարական ու բարոյական արմատացած արժէքներ են, եւ երբե՛ք կարելի չէ զանոնք բաղդատել մարդկային սովորական ու ընթացիկ ընկերականութեան հետ: Դաշնակցական ընկերականութիւնը մարդկային ազնուագոյն յատկանիշներով բնորոշուած ըլլալու կողքին կը պարփակէ նաեւ արժէքային հարուստ գաղափարական այլ համակարգ մը:

Ամենաշատ ընթերցւած

Քւէարկութիւն

Կը յաջողւի՞ արդեօք Արմէն Սարգսեանին նոր որակ մտցնել ՀՀ քաղաքական կեանքում:

Եղանակ

Հեղինակութիւն © 2011-2022 «ԱԼԻՔ» Օրաթերթ։ Բոլոր իրավունքները պահպանւած են։