Հա

Ազգային

17/07/2016 - 10:20

ՆՒԻՐԵԱԼՆԵՐ - Ռուբէն Դարբինեան (Արտաշէս Չիլինկարեան) (1882-1968)

Յունիսի 14-ին, 48 տարի առաջ, 86 տարեկան ծերունազարդ հասակին, Բոստոնի մէջ վախճանեցաւ հայ քաղաքական մտքի մեծավաստակ մշակներէն Ռուբէն Դարբինեան, որուն անունին անջնջելիօրէն կապւած պիտի մնայ նւաճումը հայ մամուլի կոթողական փառքերէն մէկը հանդիսացող «Հայրենիք Ամսագիր»-ի հրատարակութեան:

Հայ քաղաքական մտքի դեգերումներուն դրօշակիրը

Ն.


Յունիսի 14-ին, 48 տարի առաջ, 86 տարեկան ծերունազարդ հասակին, Բոստոնի մէջ վախճանեցաւ հայ քաղաքական մտքի մեծավաստակ մշակներէն Ռուբէն Դարբինեան, որուն անունին անջնջելիօրէն կապւած պիտի մնայ նւաճումը հայ մամուլի կոթողական փառքերէն մէկը հանդիսացող «Հայրենիք Ամսագիր»-ի հրատարակութեան:
Նոյնինքն Բոստոնի «Հայրենիք» օրաթերթին ամենէն երկարակեաց խմբագրապետը եղաւ Ռուբէն Դարբինեան: 1922-էն 1968, մինչեւ իր վերջին շունչը, Ռ. Դարբինեան տէր կանգնեցաւ ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի Կ. կոմիտէութեան «Հայրենիք» հաստատութեան եւ իր բոլոր ուժերը անսակարկ նւիրաբերեց «Հայրենիք»-ի ճառագայթումին:
Անխոնջ աշխատանքի իր բացառիկ շնորհքով, հրապարակագրական տաղանդով ու գաղափարական վարակիչ շունչով՝ Ռուբէն Դարբինեան ոչ միայն տարագիր հայութեան կեանքին մէջ ստեղծեց եւ կենսունակ պահեց հայ մտաւորականութեան ինքնահաստատման ու ինքնադրսեւորման ճառագայթող օջախ մը, այլեւ՝ մօտաւորապէս կէս դար առաջապահ դրօշակիրներէն մէկը հանդիսացաւ Դաշնակցական մտքին ու առաջնորդող խօսքին՝ յատկապէս հայ քաղաքական մտքի դեգերումներուն առջեւ լայն հորիզոն բանալով:
Քսաներորդ դարու 20-ականներու սկիզբէն մինչեւ 60-ականներու աւարտը, խորհրդային կարգերու տակ տւայտող Հայաստանի ու հայութեան ազգային-քաղաքական կողմնորոշման հիմնական բոլոր հարցերուն վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ պատմական մեծ նշանակութեամբ վերիվայրումներու գլխաւոր բոլոր փուլերու ընթացքին, Ռուբէն Դարբինեան իր գաղափարախօսական կարեւոր ներդրումը ունեցաւ եւ վճռորոշ դեր խաղցաւ Հայկական Արեւելումի հունաւորման մէջ:
Խորհրդային ամբողջատիրութեան եւ ապազգային գաղափարախօսութեան դէմ Դաշնակցութեան մղած գաղափարական անհաշտ պայքարը կարեւոր չափով սնանեցաւ Ռ. Դարբինեանի մտքերով: Նոյնպէս եւ մարդկային դէմքով՝ ժողովրդավարական եւ ազատախոհ ընկերվարութեան մշակման մէջ մեծ եղաւ իր ներդրումը: Բայց մանաւանդ բազմակարծութեան ու տեսակէտներու եւ գաղափարներու անկաշկանդ արծարծման նկատմամբ Ռուբէն Դարբինեանի տածած պաշտամունքն ու ցուցաբերած գուրգուրանքը առանձնայատուկ պատւանդան մը ապահովեցին հայ քաղաքական մտքի դեգերումներուն առաջապահ այս մեծ երախտաւորին:
Դաշնակցութեան երկրորդ սերունդի կրտսեր անդամներէն էր աւազանի անունով Արտաշէս Չիլինկարեան մկրտւած, իսկ Դաշնակցութեան գաղափարական հնոցին մէջ Ռուբէն Դարբինեան վերանւանւած գաղափարապաշտ այս հայորդին:
Ծնած էր Ախալքալաք, 4 փետրւարի 1882-ին: Հայկական Ջաւախքի ազգային-քաղաքական եւ հոգեմտաւոր արժէքներով ու աւանդներով սնած՝ Ռուբէն Դարբինեան պատանի տարիքէն փարեցաւ Արեւմտահայաստանի ազատագրութեան դատին:
Հազիւ 14 տարեկան էր Արտաշէս, երբ Ռուբէն Տէր-Մինասեանի եւ այլ անչափահաս սերնդակից ախալքա-լաքցիներու հետ՝ Րաֆֆիի «Խենթ»-էն ներշնչւած, յեղափոխական խումբ կազմեցին ու փորձեցին Երկիր անցնիլ ու միանալ ֆիդայական շարժման: Ռուսական ոստիկանութիւնը ձերբակալեց զանոնք եւ անչափահասութեան պատճառով ազատ արձակեց, բայց կարնեցիի իր արմատներուն կառչած Ռուբէն Դարբինեան արդէն ընտրած էր իր գաղափարական ուղին:
Հիմնական իր կրթութիւնը ստացաւ Թիֆլիսի մէջ: Բարձրագոյն ուսման հետեւեցաւ Գերմանիա՝ Հայդելբրգի եւ Միւնիխի համալսարաններէն ներս: Իրաւաբան վկայւեցաւ Մոսկւայի համալսարանէն: Անմիջապէս վերադարձաւ Թիֆլիս եւ ամբողջապէս նւիրւեցաւ հասարակական կեանքի ու դաշնակցական գործունէութեան՝ ատենի հայ մամուլի էջերէն հանդէս գալով Ռուբէն Դարբինեան ստորագրութեամբ գաղափարախօսական եւ ազգային-քաղաքական յօդւածներով:
1908-1909-ին, երբ Ցարական Ռուսաստանը իր մեծ հալածանքին ձեռնարկեց Դաշնակցութեան դէմ եւ, իբրեւ դաշնակցական յեղափոխականներու, բանտերը նետեց ատենի արեւելահայ մտաւորականութեան սերուցքը՝ հարիւրներով, Ռուբէն Դարբինեան Ռոստոմի յանձնարարութեամբ անցաւ Պոլիս, ուր միացաւ նորաստեղծ ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»-ի խմբագրութեան: Ռուբէն Զարդարեանի, Շաւարշ Միսաքեանի եւ «Ազատամարտ»-ի սերունդը կռանած մտաւորական մեր միւս մեծերու կողքին, Ռուբէն Դարբինեան նոր թափ տւաւ հրապարակագրական իր ընդունակութեանց:
1913-ին մեկնեցաւ Գերմանիա, ուր տարի մը մնաց եւ կարեւոր դեր ունեցաւ Հայ¬Գերմանական ընկերութեան ստեղծումին մէջ: Իսկ 1914-ին վերադարձաւ Անդրկովկաս, ուր նախ Թիֆլիսի, ապա Բաքւի մէջ՝ մասնակցեցաւ Հայ ազգային խորհուրդներու կազմութեան աշխատանքներուն: Բաքւի Հայոց ազգային խորհուրդի քարտուղարն էր, երբ 1918-ին Ռոստոմի կողքին իր մասնակցութիւնը բերաւ հայկական հերոսական դիմադրութեան կազմակերպումին՝ ընդդէմ իթթիհադ-մուսաւաթական հակահայ միացեալ գրոհներուն:
Բաքւի անկումէն ետք անցաւ Երեւան: Մաս կազմեց Խորհրդային Ռուսաստանի հետ բանակցութիւններ վարող հայկական իրերայաջորդ պատւիրակութեանց: Իսկ 1920-ի աշնան մաս կազմեց Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին կառավարութեան՝ Սիմոն Վրացեանի վարչապետութեամբ, ստանձնելով դատական նախարարի պաշտօնը:
Հայաստանի Հանրապետութեան կործանումէն ետք, բոլշեւիկներու նորակազմ ցեղկոմը բանտ նետեց նաեւ Ռուբէն Դարբինեանին, որ փետրւարի 18-ի համաժողովրդային ապստամբութեան յաղթանակով ազատ արձակւեցաւ, մինչեւ ապրիլ մնաց Երեւան եւ, այնուհետեւ, իր կարգին Զանգեզուրի վրայով անցաւ Պարսկաստան, ուրկէ ուղարկւեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, վերջնականապէս հոն հաստատւելու եւ նւիրւելու համար ազգային-հասարակական գործունէութեան իր փայլուն ասպարէզին՝ իբրեւ «Հայրենիք»-ի վաստակաշատ խմբագիրը:
1922-ի ապրիլին, ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի Կենտրոնական կոմիտէի որոշումով՝ Դարբինեանին յանձնւեցաւ «Հայրենիք»-ի խմբագրութիւնը: Խմբագիր Դարբինեանի առաջին նւաճումը եղաւ «Հայրենիք Ամսագիր»-ի լոյս ընծայումը՝ 1922-ի նոյեմբերին: Ամսագիրը անմիջապէս մեծ յաջողութիւն գտաւ եւ իր բովանդակութեամբ դարձաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան ու գրականութեան, մշակոյթին ու արւեստներուն անսպառ աղբիւրը:
1933-ին, Դարբինեանի մղումով, ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի Պատգամաւորական ժողովը որոշում տւաւ՝ նաեւ անգլերէն հրատարակութիւն մը ունենալու: 1934-ի մարտէն սկսեալ լոյս տեսնող «Hairenik Weekly»-ն (ներկայիս՝ «Armenian Weekly») եղաւ Ռ. Դարբինեան խմբագրին երկրորդ կարեւոր ներդրումը: Իսկ աւելի ուշ, անգլերէն քարոզչութեան, վերլուծման եւ մտաւորական զարգացման համար անհրաժեշտութիւնը զգացւեցաւ անգլերէն այլ հրատարակութեան մը եւ Ռ. Դարբինեանի օրով սկսաւ հրատարակւիլ «Armenian Review» հանդէսը, 1948-ի յունւարէն սկսեալ:
Յատկապէս «Հայրենիք Ամսագիր»-ը հանդիսացաւ կոթողական նւաճում մը, որովհետեւ Ռուբէն Դարբինեան կրցաւ ի մի բերել տարագրութեան մէջ ապրող հայ մտաւորականութեան ամբողջ փաղանգ մը՝ հնարաւորութիւնը ընձեռելով հայ ժողովուրդի մեծանուն զաւակներուն, որպէսզի ստեղծագործեն, միտք զարգացնեն, գեղարւեստական ճաշակ մշակեն, հայ քաղաքական մտքի եւ հայ մշակոյթի պատմութիւնը նորահաս սերունդներուն փոխանցեն, իրենց յուշերը գրեն եւ աշխարհասփիւռ հայ կեանքին վրայ ամսական կանոնաւորութեամբ տեղեկատւական եւ քննական լուսարձակ մը բանան:
Կոստան Զարեան եւ Աւետիք Իսահակեան, Միքայէլ Վարանդեան եւ Աւետիս Ահարոնեան, Ռուբէն Տէր-Մինասեան եւ Սիմոն Վրացեան, Ալեքսանդր Խատիսեան եւ Վազգէն Շուշանեան, Յակոբ Օշական եւ Համաստեղ, Յ. Ճ. Սիրունի եւ Արտաշէս Աբեղեան կը բանան, բայց չեն սպառէր երկար շարքը այն անւանի հեղինակներուն, որոնք «Հայրենիք ամսագիր»-ը վերածեցին հայապահպանման եւ հայակերտման իսկական դպրոցի մը մեր սերունդներուն համար:
Ռուբէն Դարբինեան անձնապէս հանդիսացաւ այն մայր օղակը, որ իրարու անքակտելիօրէն կապւած արժէքներու մարգարտաշար շղթայի մը վերածեց իր ժամանակի հայ մտքի հսկաները, հաստատւած հեղինակութիւն ըլլային անոնք, թէ նորայայտ խոստմնալից ուժեր:
1963-ին, Ռ. Դարբինեան սրտի տագնապ ունեցաւ եւ տկարացաւ, սակայն շարունակեց աշխատակցիլ օրաթերթին եւ վարել ամսաթերթի խմբագրութիւնը:
Բայց երկար չդիմացաւ եւ 14 յունիսի 1968-ին տերեւաթափը հայ կեանքէն առյաւէտ տարաւ հայ քաղաքական մտքի այս երախտաշատ մշակը:
Հայ քաղաքական մտքի դեգերումներուն առաջապահ գաղափարի մարտիկին մահւան 48-ամեակին առիթով, Ռուբէն Դարբինեանի ազգային-քաղաքական մտածողութեան եւ գաղափարական կտակին մասին հպանցիկ պատկերացում մը փոխանցելու համար, կարժէ լուսարձակի տակ առնել 1954-ին իր կատարած մէկ ընդգծումը Թուրքիոյ վերաբերեալ:
Խորհրդային ժամանակաշրջանին, հակադաշնակցական բուռն պայքարի խօսնակները շարունակ ծամծմած են, իբրեւ Դաշնակցութեան այսպէս ըսւած «թուրքասէր ուղղութեան խօսուն ապացոյց», Դարբինեանի այն ընդհանրացումը, ըստ որուն՝ «Միջազգային ներկայ կացութեան մէջ Թուրքիոյ ազատ աշխարհին հետ ըլլալը ոչ թէ չարիք մը, այլ բարիք մըն է ազատատենչ հայութեան համար»:
Թուրքասիրութեան հետ ոչ մէկ աղերս ունի, ընդհակառակն՝ ազգայնամոլ եւ ֆաշական թուրքական պետութիւնը ազատ աշխարհի հակակշռին տակ առնելու, կարգի հրաւիրելու եւ անհրաժեշտ բարեկարգման հունին մէջ դնելու արեւելումի մը առաջապահ մտածողութիւնը կը զարգացնէր Ռուբէն Դարբինեան: Դաշնակցական միտքը ատենին եւ մինչեւ մեր ժամանակները պարբերաբար իր բուռն բանավէճի կիզակէտին վրայ կը բերէ ռազմավարական այս հանգուցային օրակարգը:
Ռուբէն Դարբինեան ազգային մտածողութեան անկոխ ուղիներ բանալու դրօշակիր մը եղաւ եւ, իբրեւ այդպիսին, իրաւամբ հանդիսացաւ հայ քաղաքական մտքի կենսունակութեան մշտահոս աղբիւր մը:

Յարակից լուրեր

  • «Հայաստան-Թուրքիա խաղը քաղաքականացնելու փորձեր չեղան, մեր ֆուտբոլիստները լրացուցիչ ճնշում չեն զգայ». ՀՖՖ նախագահ
    «Հայաստան-Թուրքիա խաղը քաղաքականացնելու փորձեր չեղան, մեր ֆուտբոլիստները լրացուցիչ ճնշում չեն զգայ». ՀՖՖ նախագահ

    Հայաստան-Թուրքիա խաղը քաղաքականացնելու փորձեր չեղան, մեր ֆուտբոլիստները լրացուցիչ ճնշում չեն զգայ։

    «Առաջին ալիք»-ի՝ Պետրոս Ղազարեանի հետ հարցազրոյցի ժամանակ ասել է Հայաստանի ֆուտբոլի ֆեդերացիայի նախագահ Արմէն Մելիքբէկեանը։

  • Ակնարկ. «Մօտալուտ» համաձայնագիրը
    Ակնարկ. «Մօտալուտ» համաձայնագիրը

    Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը, թէ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը շուտով կրնան ստորագրել խաղաղութեան համաձայնագիր, կ՛ընդգծէ Ուաշինկթընի ներգրաւուածութեան տարողութիւնը:

  • Ո՛չ շարասիւն, ո՛չ ալ ողնասիւն
    Ո՛չ շարասիւն, ո՛չ ալ ողնասիւն

    Ո՛չ մէկ շարասիւն կրնայ մնալ Հայոց բանակին մէջ, եթէ Հայոց Վարչապետը շարունակէ գործել այս ընթացքով։ Երբ առաջին, երկրորդ, երրորդ եւ չորրորդ շարասիւնները ոչնչացնելու դիտաւորութիւն կայ, բնական հետեւանքը կ’ըլլայ լուսարձակի տակ բերել երեւակայական հինգերորդ շարասիւն մը։

  • Հայրենիք-պետութիւնը կործանումից փրկելու անյետաձգելի հրամայականը...
    Հայրենիք-պետութիւնը կործանումից փրկելու անյետաձգելի հրամայականը...

    Թեւակոխել ենք բնութեան գեղեցկագոյն վերափոխման` գարնան թարմ ու ջինջ շնչով վերածնւած տեսնելու բոլոր երեւոյթներն ու յատկապէս մեր մէջ, որպէս մարդ-էակներ՝ վերաիմաստաւորւած համարելու անհատական, ընտանեկան, հասարակական ու յատկապէս ազգային մեր լինելութեան ու դեռ այդ բոլորում առաջընթացի գրաւականները ամրակայող պատասխանատու եւ յանձնառու պարտաւորութիւնների արժանավայել կենսաւորումը զգալու:

  • «Արցախն առանց Հայաստանի չեմ պատկերացնում». Ռուբէն Վարդանեան
    «Արցախն առանց Հայաստանի չեմ պատկերացնում». Ռուբէն Վարդանեան

    Մարտի 18-ին Ստեփանակերտի Երիտասարդութեան պալատում կայացել է հանդիպում ԱՀ նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի հետ: Հանդիպմանը, որին մասնակցում էին հասարակութեան տարբեր խաւերի ներկայացուցիչներ, քննարկւել է «Ինչպէ՞ս դառնալ առաջնորդ» թեման:

Ամենաշատ ընթերցւած

Քւէարկութիւն

Կը յաջողւի՞ արդեօք Արմէն Սարգսեանին նոր որակ մտցնել ՀՀ քաղաքական կեանքում:

Եղանակ

Հեղինակութիւն © 2011-2022 «ԱԼԻՔ» Օրաթերթ։ Բոլոր իրավունքները պահպանւած են։