Ժամանակի թաւալումով բաւարարուածութեան բարդոյթ մը կը զարգանայ ազգային կեանքին մէջ։ Բարդոյթը, սակայն, լոկ պատրուակ է հեռու մնալու նախաձեռնութենէ։
ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
Ժամանակի թաւալումով բաւարարուածութեան բարդոյթ մը կը զարգանայ ազգային կեանքին մէջ։ Բարդոյթը, սակայն, լոկ պատրուակ է հեռու մնալու նախաձեռնութենէ։
Կը ստեղծուի գոհունակութեան հարկադրանք, որ խորքին մէջ հետեւանք է ընթացիկով ընթանալու խաբկանքին։ Ընթացիկը դիւրին է, պայքար ու աշխատանք չի պահանջեր։
Անտարբերութեան մաշկը կը կարծրանայ։ Յամեցող իրավիճակի հանդէպ կրաւորականութիւնը պէտք չէ խանգարէ տարածուող անտարբերութիւնը։
Ամէն ինչ լաւ է, պէ՛տք է լաւ ըլլայ, այլապէս պիտի խանգարուի մեծին ու փոքրին հանգիստը։
Բայց պիտի գայ այդ օրը – եթէ արդէն չէ եկած, բանալու աչքերը եւ տեսնելու ազգային համայնապատկերը՝ խճանկարուած ձախողութիւններով – քաղաքական անկարողութիւն, կազմակերպական թուլացում, տնտեսական անկում, հոգեկան ու արժէքային վայրէջք, ինքնութեան հիւծում...։
Նկարները, ինքնիկները, երգ ու պարերը, դատարկաբանութիւնները, յուսատու խօսքերը պիտի չկարենան փրկել այդ օ՛րը։
Փրկութիւնը միայն յեղափոխութեան մէջ է – մտքի եւ գործի յեղափոխութեան՝ ընդդէմ հանգստաւէտութեան, անտարբերութեան եւ կրաւորականութեան։
Բարեբախտաբար, կա՛յ յեղափոխութիւնը, միշտ ներկայ է – Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն է։ Եւ երբ հարկ է, այս յեղափոխութիւնը կրկին անգամ կ՚ըլլայ յեղափոխութիւնը յեղափոխութեան մէջ։
Ատոր համար կը դիմես մեծ Սպարապետին՝ Գարեգին Նժդեհին, որպէսզի ծնի յեղափոխութիւնը յեղափոխութեան մէջ։ Կը կարդաս անոր «Ցեղի ոգու շարժը» (Սոֆիա, 1932) գիրքը՝ կրկին ծանօթանալու Դաշնակցութեան յեղափոխականութեան ու էութեան, կարդալով հետեւեալ հատուածը.- «Հ.Յ.Դ.ն «բարոյական» յեղափոխութիւն է, արժէքներու գնահատման նոր չափանիշ: Առանց նուիրումի՝ չկայ բարձր ստեղծագործութիւն, իսկ նուիրումի գաղափարը հայութեան համար հոգեբանութիւն դարձաւ Դաշնակցութեան մարտիրոսագրութեան ու հերոսականի շնորհիւ:
«Այդ է պատճառը, որ «Դաշնակցութիւնը, իբր ցեղի ներքին հոգեկան կարողութիւն» չի խորտակւում անգամ արտաքին պարտութիւնների դէպքում։ Նա մնում է իր ստեղծագործ ապագային հաւատացող իտէալիստ հայութեան հոգեւոր կորիզը։
Դաշնակցութիւնը, սակայն, պիտի ունենայ նաեւ իր ողբերգանքը: Չէ՞ որ ամէն հերոսական ըստ էութեան ծնունդ է մի ողբերգականի։
«Իւրսն եկ եւ Իւրքն զնա ոչ ընկալան»։ Ոչինչ, ոչինչ է այնքան խոր՝ որքան տառապանքը զոհաբերողի՝ որ զոհաբերում է իր նմանների համար եւ մնում չհասկցուած»:
Այդ պահուն կը զգաս հրամայականը կրկին անգամ ըլլալու յեղափոխութիւնը յեղափոխութեան մէջ։