Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշէլ Աուն երկուշաբթի, 21 դեկտեմբերին ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանը եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին:

Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին շրջանի եւ Լիբանանի վերջին իրադարձութիւններն ու ՀՅԴ-ի դերը յաչս միջազգային շրջանակներու եւ հարթակներուն` ի նպաստ Լիբանանի զօրակցութեան, յատկապէս Լիբանանի պատմութեան ներկայի զգայուն փուլին: Նմանապէս խորհրդակցութիւնները անդրադարձան Արցախի ներկայ կացութեան:
«Ազդակ»