«Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէ»-էն մինչեւ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում» ուղիղ 100 տարուան պատմութիւն մը կայ։
18 Փետրուարը խորհրդանիշն է այդ պատմութեան։ Խորհրդանիշն է իրաւազրկումի եւ անարդարութեան դէմ հայ մարդու արդար ծառացումին, հայրենիքի մէջ ստեղծուած անհանդուրժելի կացութեան դէմ համաժողովրդային մերժումին եւ պոռթկումին։
ՎԻԳԷՆ ԱՒԱԳԵԱՆ
«Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէ»-էն մինչեւ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում» ուղիղ 100 տարուան պատմութիւն մը կայ։
18 Փետրուարը խորհրդանիշն է այդ պատմութեան։ Խորհրդանիշն է իրաւազրկումի եւ անարդարութեան դէմ հայ մարդու արդար ծառացումին, հայրենիքի մէջ ստեղծուած անհանդուրժելի կացութեան դէմ համաժողովրդային մերժումին եւ պոռթկումին։
18 Փետրուար 1921-ին, իր անկախութիւնը կորսնցուցած հայրենի հայութիւնը, «Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէ»-ին առաջնորդութեամբ, ընդդիմացաւ երկրի գերիշխանութեան եւ անվտանգութեան սպառնացող համայնավար ապազգային պատասխանատուներու ճնշումի եւ կեղեքումի քաղաքականութեան։
18 Փետրուար 2021-ին, Արցախի երեք չորրորդը կորսնցուցած եւ Սիւնիքի ազգային ապահովութեան վտանգին դէմ յանդիման կանգնած հայրենի ժողովուրդը, այս անգամ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»-ին գլխաւորութեամբ, ո՛չ կ’ըսէ յանձնուողական եւ պարտուողական ամէն տրամադրութեան, որ կը փորձէ «Իմ քայլ»ական ապազգային պատասխանատուներու միջոցով երկիրը պարտութիւններու եւ նուաստացումներու գիրկը նետել։
18 Փետրուար 1921-էն 100 տարի ետք, դժբախտաբար, շատ բան չէ փոխուած հայ իրականութեան մէջ։ Բան չէ փոխուած յանուն հողին եւ հայուն մարտնչելու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կամքին ու վճռականութեան մէջ։ Բան չէ փոխուած նաեւ յանուն ազգային մեր գերագոյն շահերուն եւ նպատակներուն պայքարելու համազգային շարժումի ոճին մէջ, ժողովուրդը ունենալով գլխաւոր ու միակ խարիսխը այդ պայքարին, որովհետեւ Քրիստափորեան ծանօթ պատգամով. «Բոլորը մեր դէմ են, մենք չենք կարող ոչ ոքի կողմը լինել- ահա մեր ֆորմուլան, մինչ… մինչ կը տեսնենք, թէ ո՞վ է մեր շահերում տեսնում իր սեփական շահերը»։
Այն ժողովուրդը, որ 100 տարի առաջ խաբուեցաւ Առաջին Հանրապետութեան ներկայացուցիչներէն իշխանութիւնը խաղաղօրէն ստանձնած համայնավար վարիչներու խոստումներէն եւ շատ շուտով բախեցաւ դժբախտ եւ տխուր իրականութիւններու, ինքզինք գտնելով ստրկութեան, հալածանքի եւ դաժան ճնշումներու կռունկին տակ։
Այն ժողովուրդը, որ 100 տարի ետք, այս անգամ խաբուեցաւ 2018-ի իշխանափոխութեան շիլ խոստումներէն եւ շուտով ինքզինք գտաւ իր պատմութեան ամէնէն ամօթալի պարտութիւններէն մէկուն դէմ յանդիման, կորսնցնելով իր հողն ու երազը, ազգային արժանապատուութիւնն ու հպարտութիւնը, իրբեւ պետութիւն եւ ազգ գոյատեւելու հիմնական կռուանները։
1921-ին, ժողովուրդը իր պատմական փորձառութեամբ եւ ներքին տրամաբանութեամբ այլ ելք չգտաւ՝ բացի ոտքի կանգնելէ, երկիրը «Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէ»-ին ժամանակաւոր կերպով յանձնելէ եւ իշխանութիւնը բռնագրաւած վարչակարգին դէմ դնելէ։
100 տարի ետք, նոյն ժողովուրդը ուրիշ ելք չունի՝ բացի դարձեա՛լ ոտքի կանգնելէ, «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»-ին առաջնորդութեամբ ժամանակաւոր իշխանութիւն ձեւաւորելէ, մինչեւ որ կարելի ըլլայ իշխանութենէն ընդմիշտ հեռացնել պատասխանատուութեան ղեկին կառչած, պարտուած, հեղինակազրկուած, վարկաբեկուած, անպատասխանատու ղեկավարութիւն մը, որ իր ազգակործան մօտեցումով շատ չի տարբերիր 1921-ին Հայաստանը ահաւոր փորձութիւններու մատնած համայնավար վարիչներէն։
18 Փետրուար 1921-ին ժողովուրդը ըսա՛ւ իր խօսքը, մերժեց իրեն պարտադրուած իշխանութիւնը եւ յաջողեցաւ թօթափել անտարբերութեան, յուսահատութեան, վախի մթնոլորտը եւ կարողացաւ գէթ ժամանակաւորապէս վերականգնել ինքնիշխան ժողովուրդի իր պայծառ դիմագիծը։
Խօսքը դարձեա՛լ ժողովուրդին է, այսօր, վաղը, բայց մանաւանդ 20 Փետրուարի համաժողովրդային մեծ հանրահաւաքին, Արցախեան պահանջատիրութեան 31-րդ տարեդարձին, բարձրաղաղակ ու բարձրաճակատ իր ներկայութիւնը, կեցուածքն ու որոշումը փոխանցելու եւ այս անգամ ո՛չ թէ ժամանակաւորապէս, այլ՝ վերջնականապէս վերականգնելու յաղթանակած ու հպարտ ժողովուրդի իր իսկական եւ արժանապատիւ դիմագիծը։