Սովորաբար, ամէն տարի, 27-28 Փետրուարին, հայութիւնը կը նշէր Սումկայիթի հայութեան ջարդը, աշխարհին ներկայացնելով 1988-ի Արցախեան շարժումին իբրեւ հակադարձութիւն, Պաքուի հայատեաց իշխանութիւններուն Սումկայիթի եղեռնագործութիւնը, որուն զոհ գացին 1500 հայորդիներ եւ գաղթական դարձան 18 հազար ուրիշներ։
ՎԻԳԷՆ ԱՒԱԳԵԱՆ
Սովորաբար, ամէն տարի, 27-28 Փետրուարին, հայութիւնը կը նշէր Սումկայիթի հայութեան ջարդը, աշխարհին ներկայացնելով 1988-ի Արցախեան շարժումին իբրեւ հակադարձութիւն, Պաքուի հայատեաց իշխանութիւններուն Սումկայիթի եղեռնագործութիւնը, որուն զոհ գացին 1500 հայորդիներ եւ գաղթական դարձան 18 հազար ուրիշներ։
Սովորաբար նաեւ Սումկայիթի ջարդին յիշատակութիւնը առիթ կ’ըլլար միջազգային ընտանիքին եւ մարդկային իրաւանց պաշտպան ընկերակցութիւններուն ներկայացնելու 20-րդ դարու աւարտին մարդու կողմէ մարդու դէմ գործուած ոճրային ամէնէն դատապարտելի արարքները՝ ազգային խտրականութեան եւ մաքրագործումի հիմքով։
32 տարուան սովորութիւնը, սակայն, այս տարի կը խախտի, որովհետեւ հայաստանեան ներքաղաքական զարգացումները ուշադրութիւնը շեղած են այլ տեղ, պահ մը մոռցնել տալով թշնամի՛ն՝ ազերին, որուն ուսերուն ծանրացած կը մնայ ո՛չ միայն Սումկայիթի, այլեւ՝ Պաքուի, Կիրովապատի եւ Գանձակի հայութեան ջարդերուն պատասխանատուութիւնը, հիւսիսային Արցախի՝ Գետաշէնի, Մարտունաշէնի եւ Շահումեանի հայութեան տեղահանութիւնն ու կոտորածը եւ դեռ՝ Արցախեան առաջին եւ երկրորդ պատերազմներուն հայութեան պատճառած անհաշուելի վնասները՝ մարդկային զոհերէն մինչեւ նիւթական կորուստներ, միջազգայնօրէն արգիլուած զէնքերու գործածութենէն մինչեւ հայութեան պատմամշակութային դարաւոր արժէքներու ոչնչացումը։
Այսօր, այս բոլորին շուրջ գրեթէ լռութիւն է Հայաստանի մէջ։ Փոխարէնը աղմկած են երկու հրապարակներ, որոնցմէ մէկը ժողովուրդին անունով կը պահանջէ երկրի ապաշնորհ իշխանութիւններուն հրաժարականը, իսկ երկրորդը նոյն ժողովուրդին ետեւ պահուըտած՝ կը ջանայ իշխանութեան ղեկին մնալու իր կեցուածքը արդարացնել եւ… երկիրը նորանոր կործանումներու առաջնորդել։
Գաղտնիք չէ, որ ժողովուրդը երեք տարիէ ի վեր իր ճակատագիրը ճշդած է արդէն եւ արդիւնքը յստակ է. ամբողջական հիասթափութիւն, յուսալքութիւն եւ պարտութիւն։
Այժմ ժողովուրդին անունով խօսողները եւ նոյնինքն ժողովուրդը հարկ է որոշէ, թէ անցնող երեք տարուան ընթացքին իր կեանքը բարելաւուա՞ծ է։ Իր անվտանգութիւնը ապահովուա՞ծ է։ Արցախի հարցը լուծուա՞ծ է։ Եթէ այո՛, կարելի է ուրեմն վստահիլ իշխանութեան ղեկին գտնուողներուն եւ զօրակցիլ անոնց։ Իսկ եթէ ոչ, կը նշանակէ, թէ արդարացի են կառավարութեան եւ անոր թիւ մէկ ներկայացուցիչին՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հրաժարականը պահանջող բոլոր կոչերն ու կեցուածքները, անոնք հնչեն ազգ-բանակին կողմէ թէ մտաւորական ու ակադեմական յարգելի շրջանակներու բերնով, խորհրդարանական ու արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերու կողմէ թէ հայ եկեղեցւոյ եւ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն միջոցով, գործարար մարդոց կողմէ թէ արուեստի եւ մշակոյթի դէմքերու անունով։
Անցնող օրերուն, բանակի հրամանատարութեան 25 Փետրուարի կեցուածքը իշխանութիւններու դէմ ժողովրդային պայքարին մէջ յառաջացուց կարեւոր բեկում, բայց պէտք է ընդգծել նաեւ, որ բանակը իր հանդարտութեամբ եւ քաղաքական ուժերը իրենց հաւասարակշռութեամբ յաջողեցան իշխանութիւն-ընդդիմութիւն սուր հակադրութիւնը մինչեւ օրս պահել քաղաքական պայքարի դաշտին մէջ, առիթ տալով նախագահ Արմէն Սարգսեանի, որպէսզի բարոյական իր հեղինակութեամբ ու կշիռով յարմար լուծումներ գտնէ տագնապէն դուրս գալու համար։
Նախագահ Սարգսեան շատ ընտրանքներ չունի իր դիմաց։ Ան կա՛մ հաւատարիմ կը մնայ վարչապետին եւ կառավարութեան հրաժարականը պահանջող իր ծանօթ կեցուածքին եւ ետ կը մղէ զինեալ ուժերու ընդհանուր հրամանատարը պաշտօնազրկելու վարչապետ Փաշինեանի առաջարկը եւ կամ՝ կը դաւաճանէ ինքն իր կեցուածքին եւ, ազգի մեծամասնութեան հակառակ, ընթացք կու տայ ընդհանուր հրամանատարը պաշտօնազրկելու եւ անոր հետ, անոր զօրակցող բանակի բարձրաստիճան սպայակոյտը հեռացնելու վարչապետի քայլին։ Բան մը, որ քատրային ընթացիկ փոփոխութենէ շատ աւելի հեռուները կ’երթայ եւ յղի կը մնայ ծայրայեղ վտանգաւոր հետեւանքներով։
Ժողովուրդն ու պատմութեան դատաստանը կը սպասեն նախագահ Արմէն Սարգսեանին ողջմիտ որոշումը, որմէ կախեալ է մեր հայրենիքին ներկան եւ ազգին ապագան։