Հա

Ազգային

07/06/2021 - 13:10

Իշխանութեան փոփոխութիւնը հրամայական անհրաժեշտութիւն է

7 յունիսին պաշտօնապէս կը սկսի Հայաստանի խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններու ընտրարշաւը: Թէեւ այդ ընտրարշաւը շատոնց ընթացք առած է, քանի որ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի ամբողջ գործունէութիւնը միտուած է ընտրութիւններու կազմակերպման: Մարզային այցելութիւններ, նոյնիսկ Ֆրանսա եւ Պելճիքա այցելութիւնները նպատակ ունին ցոյց տալու, որ Փաշինեան կը տիրապետէ կացութեան, վստահ է իր յաղթանակով եւ իշխանութեան վերարտադրութիւնը, փոքր գեղեցկագիտական յարդարանքներով հանդերձ, մատչելի է:

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

 

7 յունիսին պաշտօնապէս կը սկսի Հայաստանի խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններու ընտրարշաւը: Թէեւ այդ ընտրարշաւը շատոնց ընթացք առած է, քանի որ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի ամբողջ գործունէութիւնը միտուած է ընտրութիւններու կազմակերպման: Մարզային այցելութիւններ, նոյնիսկ Ֆրանսա եւ Պելճիքա այցելութիւնները նպատակ ունին ցոյց տալու, որ Փաշինեան կը տիրապետէ կացութեան, վստահ է իր յաղթանակով եւ իշխանութեան վերարտադրութիւնը, փոքր գեղեցկագիտական յարդարանքներով հանդերձ, մատչելի է:

Ինքնավստահութեան այս դրսեւորումը խաբուսիկ է: Զանազան դէպքեր կու գան յիշեցնելու, որ իշխանութիւնը արդէն կորսնցուցած է դէպքերու ընթացքին վրայ ազդելու իր լծակները. իշխանութիւնը ձեւականօրէն կայ, սակայն գործնականօրէն դադրած է գոյութիւն ունենալէ: Ինչպէս ժողովրդային ասոյթը կ՛ըսէ. «Ամանը կայ, ամանումը չկայ»:

Կարիք չկայ թուելու գայթակղութիւնները. անոնք ամէնօրեայ են եւ հետզհետէ աւելի սահմռկեցուցիչ: Այս իշխանութեան փոփոխութիւնը հրամայական անհրաժեշտութիւն է. վերարտադրութիւնը պիտի ծառայէ գայթակղութիւններու արդարացման ու անոնց շարունակութեան:

Պաշտօնական ընտրարշաւը անհրաժեշտաբար պէտք է բեկում մտցնէ մինչ այդ ընթացող խօսքակռիւին մէջ: Ո՛չ միայն պատշաճ բառամթերքի ու ոճի որդեգրումով, այլեւ պետական վարչամեքենան վերականգնելու, արտաքին ու ներքին քաղաքականութիւն մշակելու, բանակը վերակազմակերպելու եւ վերազինելու, տնտեսութիւնը աշխուժացնելու համար գաղափարներ հրապարակելով: Մէկ խօսքով` արմատապէս պէտք է փոխել տրամադրութիւնները եւ հոգեպէս ընկճուած ժողովուրդին յոյս ներշնչել: Իսկական փոփոխութիւն ու ճշմարիտ յեղափոխութիւն, այսինքն` եղածը շրջելու, փոխելու անհրաժեշտութիւն կայ:

20 յունիսի ընտրութիւնները պետականաշինութեան, քանդուածը, քայքայուածը վերականգնելու սկիզբ պիտի ըլլայ: Եղածէն դժգոհութիւնը համատարած է, սակայն փոխելու կամքը` թոյլ: Ահա, ընտրարշաւը պէտք է ծառայէ ջրդեղելու կամքը եւ իր բեւեռները կորսնցուցած ժողովուրդէն ստեղծելու վերականգնումի տենդով զսպանակուած, հեռանկար ունեցող հայրենի հպարտ հասարակութիւն:

 

«Ազդակ»

 

Յարակից լուրեր

  • «Հայաստան-Թուրքիա խաղը քաղաքականացնելու փորձեր չեղան, մեր ֆուտբոլիստները լրացուցիչ ճնշում չեն զգայ». ՀՖՖ նախագահ
    «Հայաստան-Թուրքիա խաղը քաղաքականացնելու փորձեր չեղան, մեր ֆուտբոլիստները լրացուցիչ ճնշում չեն զգայ». ՀՖՖ նախագահ

    Հայաստան-Թուրքիա խաղը քաղաքականացնելու փորձեր չեղան, մեր ֆուտբոլիստները լրացուցիչ ճնշում չեն զգայ։

    «Առաջին ալիք»-ի՝ Պետրոս Ղազարեանի հետ հարցազրոյցի ժամանակ ասել է Հայաստանի ֆուտբոլի ֆեդերացիայի նախագահ Արմէն Մելիքբէկեանը։

  • Ակնարկ. «Մօտալուտ» համաձայնագիրը
    Ակնարկ. «Մօտալուտ» համաձայնագիրը

    Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը, թէ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը շուտով կրնան ստորագրել խաղաղութեան համաձայնագիր, կ՛ընդգծէ Ուաշինկթընի ներգրաւուածութեան տարողութիւնը:

  • Ո՛չ շարասիւն, ո՛չ ալ ողնասիւն
    Ո՛չ շարասիւն, ո՛չ ալ ողնասիւն

    Ո՛չ մէկ շարասիւն կրնայ մնալ Հայոց բանակին մէջ, եթէ Հայոց Վարչապետը շարունակէ գործել այս ընթացքով։ Երբ առաջին, երկրորդ, երրորդ եւ չորրորդ շարասիւնները ոչնչացնելու դիտաւորութիւն կայ, բնական հետեւանքը կ’ըլլայ լուսարձակի տակ բերել երեւակայական հինգերորդ շարասիւն մը։

  • Հայրենիք-պետութիւնը կործանումից փրկելու անյետաձգելի հրամայականը...
    Հայրենիք-պետութիւնը կործանումից փրկելու անյետաձգելի հրամայականը...

    Թեւակոխել ենք բնութեան գեղեցկագոյն վերափոխման` գարնան թարմ ու ջինջ շնչով վերածնւած տեսնելու բոլոր երեւոյթներն ու յատկապէս մեր մէջ, որպէս մարդ-էակներ՝ վերաիմաստաւորւած համարելու անհատական, ընտանեկան, հասարակական ու յատկապէս ազգային մեր լինելութեան ու դեռ այդ բոլորում առաջընթացի գրաւականները ամրակայող պատասխանատու եւ յանձնառու պարտաւորութիւնների արժանավայել կենսաւորումը զգալու:

  • «Արցախն առանց Հայաստանի չեմ պատկերացնում». Ռուբէն Վարդանեան
    «Արցախն առանց Հայաստանի չեմ պատկերացնում». Ռուբէն Վարդանեան

    Մարտի 18-ին Ստեփանակերտի Երիտասարդութեան պալատում կայացել է հանդիպում ԱՀ նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի հետ: Հանդիպմանը, որին մասնակցում էին հասարակութեան տարբեր խաւերի ներկայացուցիչներ, քննարկւել է «Ինչպէ՞ս դառնալ առաջնորդ» թեման:

Ամենաշատ ընթերցւած

Քւէարկութիւն

Կը յաջողւի՞ արդեօք Արմէն Սարգսեանին նոր որակ մտցնել ՀՀ քաղաքական կեանքում:

Եղանակ

Հեղինակութիւն © 2011-2022 «ԱԼԻՔ» Օրաթերթ։ Բոլոր իրավունքները պահպանւած են։