Հա

Ազգային

28/06/2021 - 13:20

Յաղթանակը յետաձգուած է

Ընտրութիւնը կայացած է: Շատոնց նախատեսուած էր, որ կանխահաս արտակարգ ընտրութիւնը կ՛առաջնորդէ սխալ ու վնասակար արդիւնքներու: Ըսուած էր, որ ժամանակաւոր ու չէզոք կառավարութիւն մը պէտք է հանդարտեցնէ մթնոլորտը, մարէ կիրքերը ու խաղաղած, բանականութեամբ առաջնորդուող հանրութիւնը հրաւիրէ ընտրութիւն կատարելու: Այս պահանջը թարգմանուեցաւ իբրեւ աթոռակռիւ: 

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

 

Ընտրութիւնը կայացած է: Շատոնց նախատեսուած էր, որ կանխահաս արտակարգ ընտրութիւնը կ՛առաջնորդէ սխալ ու վնասակար արդիւնքներու: Ըսուած էր, որ ժամանակաւոր ու չէզոք կառավարութիւն մը պէտք է հանդարտեցնէ մթնոլորտը, մարէ կիրքերը ու խաղաղած, բանականութեամբ առաջնորդուող հանրութիւնը հրաւիրէ ընտրութիւն կատարելու: Այս պահանջը թարգմանուեցաւ իբրեւ աթոռակռիւ: Արտակարգ կանխահաս ընտրութիւն կատարելու համար սահմանադրական բեմագրութիւնը գործադրուեցաւ, ու օրէնքով ճշդուած կարճատեւ ընտրապայքարէ մը ետք, ժողովուրդը հրաւիրուեցաւ ընտրութիւն կատարելու: Ժամանակաւոր կառավարութիւն պահանջողներու նախատեսութիւնը իրականացաւ: Զարմանալ պէտք չէ ի տես ազգային ուժերու պարտութեան: Անձնատուական պարտութիւն կրած, Արցախի երեք քառորդը զիջած, հինգ հազար երիտասարդներու մահուան պատճառ դարձած, աւելի քան տասը հազար վիրաւորներու ու հաշմանդամներու պատասխանատուութիւնը ունեցող, ռազմագերիները ազատելու ու սահմանները պաշտպանելու անկարող իշխանութիւնը վստահութեան քուէի արժանացաւ:

Երբ բողոքները քննուին, երբ Սահմանադրական դատարանը, որուն պիտի դիմեն ընդդիմադիր երկու դաշինքները, իր վերջնական որոշումը կայացնէ, պիտի կազմաւորուի երեք ուժերու մասնակցութեամբ նոր Ազգային ժողովը:

Բազմատեսակ բացատրութիւններ կը հրամցուին հասկնալու համար ընտրապայքարի վերջին օրերուն հրապարակուած նախատեսութիւններուն տրամագծօրէն հակասող արդիւնքը: Տարրական տրամաբանութիւնը, մտաւորականութեան ու առհասարակ ժողովրդային ընտրանիին դիրքորոշումը, դժգոհութեան ահագնացող ալիքը տարբեր արդիւնք կը նախանշէին: Ո՞ւր է ուրեմն գաղտնիքը իր իսկ շահերուն ու սպասումներուն հակասող ընտրութեան:

Գաղտնիքը սկզբնական նախատեսութեան մէջ է: Ո՛չ, ժողովուրդը ապազգային չէ դարձած, ժողովուրդը իր իրաւունքներէն չէ հրաժարած: Ան այժմ կողմնորոշուելու դժուարութիւն ունի, որովհետեւ ստացած ծանր հարուածէն ետք, ենթակայ է հոգեբանական տեղատուութեան, չ՛ուզեր պայքարիլ: Ժամանակ կը շահի իր ազգային կողմնորոշումը ճշդելու համար, կը վախնայ փոփոխութեան բերելիք նոր զոհողութիւններէն: Ժողովուրդը առժամապէս եղածը պահպանել կ՛ուզէ, իր ընելիքը աւելի բարենպաստ պայմաններու տակ որոշելու համար:

Փաստ կ՛ուզէ՞ք. ժողովուրդի կարեւոր հատուած մը, 270.000 ընտրող, արդէն կողմնորոշուած է: Փաշինեանի ստացած ձայներուն կարեւոր մէկ մասը, մեծամասնութիւնը, սպասողական ձայներ են, որոնց տէրերը ժամանակի թաւալումին հետ պիտի գիտակցին իրենց սխալին ու միանան ազգային արժէքներ դաւանող ընդդիմութեան, որուն գոյութիւնը ժամանակաւոր է:

Ազգային ուժերը, բաղդատաբար նախորդ ընտրութեան, յառաջդիմած են: Յառաջդիմութիւնը հսկայաքայլ է. ատիկա հրաւէր է վերցնելու նետուած ձեռնոցը եւ շարունակելու պայքարը մինչեւ վերջնական յաղթանակ` կազմութիւնը ազգային արժէքներու յենած իշխանութիւն:

Ո՛չ պէտք է գանգատիլ, ո՛չ ալ իշխանութեան ի նպաստ քուէարկողները դատապարտել: Մենք ծառայ ենք ժողովուրդին ու հպատակ իր կամքին: Մեզի պատուիրակուած պայքարի նորոգուած ճակատը մեր յարատեւ պայքարին նորօրեայ դրսեւորումն է: Ֆրանսական առած մը կ՛ըսէ, որ «Դժբախտ ճակատագիրը պէտք է կամաւոր սրտով դիմագրաւել»: Կամաւոր սրտով լծուինք ժողովուրդը իր ներկայ ստրկութենէն ազատագրելու գործին: Այն ժողովուրդին, որուն պատճառած բազում ցաւերն ու դառնութիւնները դիմագրաւած ենք հեռաւոր ու մօտաւոր անցեալին, բայց շարունակած ենք պաշտպանել զայն ու սիրել անխառն սիրով:

Մեր նպատակը իշխանութիւն դառնալը չէ: Իշխանութիւնը միջոց է, ոչ` նպատակ: Նպատակը Հայաստանի ու հայութեան ազատագրումն է, որուն համար ծառայութիւնը գերագոյն երջանկութիւն է ազգային ապրումներով առաջնորդուող ամէն հայ անհատի:

Անգամ մը եւս կրկնենք նախորդ շաբթուան մեր նշանաբանը. Հայաստան` ամէն բանէ վեր:

 

«Ազդակ»

 

Յարակից լուրեր

  • ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան միութիւններու 100-ամեակ. Յուշեր եւ վկայութիւններ
    ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան միութիւններու 100-ամեակ. Յուշեր եւ վկայութիւններ

    Պատանեկան միութիւններու ստեղծումը ընդհանրապէս Մերձաւոր արեւելեան երեւոյթ է: Պատմութեան մէջ 1918-ին եւ անկէ ետք «խօսք կայ» աշակերտական միութեան մը մասին, որուն անդամները նոյնիսկ ջոկատով մը Սարդարապատի ճակատամարտին մասնակցութիւն բերած են: Այդ մէկը խորքին մէջ զուտ աշակերտական չէր, այլ` ուսանողական:

  • Չմոռնալ ժամանակի եւ միջավայրի հրամայականները
    Չմոռնալ ժամանակի եւ միջավայրի հրամայականները

    Այս յօդուածը կը գրեմ Երեւանէն, ուր կարճատեւ այցելութեամբ կը գտնուիմ մասնակցելու համար գիտաժողովի մը, որ կազմակերպուած է Համազգայինի Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակին եւ Խ. Աբովեանի անուան Հայկական պետական մանկավարժական համալսարանին կողմէ` գործակցաբար: Գիտաժողովը տեղի ունեցաւ շատ յաջող կերպով: 17 բանախօսներ, բոլորն ալ համալսարանական դասախօսներ, պատմաբաններ ու բանասէրներ քննեցին «Հայ հասարակական-քաղաքական միտքը 19-րդ դարի վերջին եւ 20-րդ դարի առաջին կէսին-պատմութիւն եւ արդիականութիւն» նիւթը:

  • Ինչո՞ւ պաշտօնազրկուեցաւ Ռուբէն Վարդանեանը
    Ինչո՞ւ պաշտօնազրկուեցաւ Ռուբէն Վարդանեանը

    Կա՞ր արդեօք տարակարծութիւն Արայիկ Յարութիւնեանի եւ Ռուբէն Վարդանեանի միջեւ: Տարակարծութիւնը նո՞ր էր, թէ՞ արդէն գոյութիւն ունէր ի սկզբանէ, երբ առաջինը չորս ամիս առաջ պետական նախարար կը նշանակէր երկրորդը: Կը նշանակէր արտակարգ իրաւասութիւններով, ձգելով այն տպաւորութիւնը, որ ինք բացարձակ իշխանութեան դիրքերը կը զիջի անձի մը, որ քաղաքական դէմք չէ, փորձառութիւն չունի, բայց Արցախի Հանրապետութեան ու անոր ժողովուրդին ծառայելու պատրաստակամութիւն յայտնած է, հայտ ներկայացուցած է ինչպէս կ՛ըսեն: 

  • 35 տարի առաջ, այս օրերուն
    35 տարի առաջ, այս օրերուն

    Գերմանիոյ Միւնիխ քաղաքին մէջ գումարուող Համաշխարհային խաղաղութեան խորհրդաժողովին առիթով, կազմակերպուած է բազմաձայն զրոյց մը, նուիրուած` հարաւային Կովկասի ապահովութեան: Զրոյցին կը մասնակցէին Վրաստանի, Հայաստանի, Ազրպէյճանի ղեկավարները (նախագահ կամ վարչապետ) եւ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործերու ու անվտանգութեան քարտուղարը:

  • Պիտի սթափի՞նք արդեօք
    Պիտի սթափի՞նք արդեօք

    Թուրքիոյ հարաւը եւ Սուրիոյ հիւսիսը հարուածած ահեղ երկրաշարժը չի կրնար անտարբեր ձգել ոեւէ բանաւոր անհատ: Նաեւ հայ անհատ: Քանդուած քաղաքներու եւ գիւղերու անուններէն շատերը հարազատ են մեր ականջին: Գահրաման Մարաշը մեր Մարաշն է, Ղազի Այնթէպը մեր Այնթէպն է, Օսմանիէն մեր Զէյթունն է ու տակաւին կրնանք շարունակել թուումը վայրերու, որոնք հարիւրամեակ մը առաջ հայաշատ ու հայաշունչ աւաններ էին: Զոհերուն թիւը ամէն օր կ՛աճի, ու տակաւին յայտնի չէ, թէ քանի տասնեակ հազարներու պիտի յանգի: Զոհերուն մէջ հայեր ալ կան, թէ՛ Սուրիոյ եւ թէ՛ Թուրքիոյ մէջ. անոնց թիւը առայժմ տասնեակ մըն է: Մաղթենք, որ շէնքերու փլատակներու վերացման աւարտին անոնց թիւը չաւելնայ:

Ամենաշատ ընթերցւած

Քւէարկութիւն

Կը յաջողւի՞ արդեօք Արմէն Սարգսեանին նոր որակ մտցնել ՀՀ քաղաքական կեանքում:

Եղանակ

Հեղինակութիւն © 2011-2022 «ԱԼԻՔ» Օրաթերթ։ Բոլոր իրավունքները պահպանւած են։