Հա

Ազգային

20/09/2021 - 12:50

Պահպանել անկախութիւնը

Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութենէն ի վեր զգուշաւոր լաւատեսութիւն կը տիրէ քաղաքացիներուն մօտ: Ժխտական երեւոյթները կը յամենան փոփոխուիլ: Ելեկտրական հոսանքի մատակարարումը չէ բարելաւուած, վառելանիւթը կը շարունակէ անմատչելի մնալ, կենսական ապրանքներու գիները չեն իջած, աղքատութիւնը չէ նահանջած: Կը մնայ յոյսը, որ շուտով պիտի թեւակոխենք առողջացման փուլ մը, երբ կառավարութիւնը խորհրդարանի վստահութեան քուէին արժանանալէ ետք, լծուի, ինչպէս կը խոստանայ, ծանր աշխատանքի: Բարին Աստուծմէ, ինչպէս կ՛ըսէ մեր ժողովուրդը:

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

 

Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութենէն ի վեր զգուշաւոր լաւատեսութիւն կը տիրէ քաղաքացիներուն մօտ: Ժխտական երեւոյթները կը յամենան փոփոխուիլ: Ելեկտրական հոսանքի մատակարարումը չէ բարելաւուած, վառելանիւթը կը շարունակէ անմատչելի մնալ, կենսական ապրանքներու գիները չեն իջած, աղքատութիւնը չէ նահանջած: Կը մնայ յոյսը, որ շուտով պիտի թեւակոխենք առողջացման փուլ մը, երբ կառավարութիւնը խորհրդարանի վստահութեան քուէին արժանանալէ ետք, լծուի, ինչպէս կը խոստանայ, ծանր աշխատանքի: Բարին Աստուծմէ, ինչպէս կ՛ըսէ մեր ժողովուրդը:

Հայաստան կը նախապատրաստուի վերանկախացման 30-ամեակի տօնակատարութեան: Նիկոլ Փաշինեան խոստացաւ «գունագեղ» եւ «մասշտաբային» միջոցառում մը, որուն ընթացքին յիշատակում պիտի ըլլայ վերջին պատերազմի զոհերուն:

Զոհերուն հարազատները, գերեվարուած անձերու մերձաւորները, որոնց միացած են քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներ, կը պահանջեն չեղարկել հանդիսութիւնը եւ զայն փոխարինել անկախութիւնը խաթարող երեւոյթներու դէմ պայքարով:

Արդար էր, որ Հայաստանի անկախացման երեսնամեակը տօնէինք խնդութեամբ ու համաժողովրդական ոգեւորութեամբ: Սակայն երբ տակաւին գերիներ ունինք Ազրպէյճանի մէջ, երբ հինգ հազար զոհերու յիշատակը թարմ է, ու զոհաբերումի պատճառները չեն ճշդուած ու յստակացած, երբ հայրենիքի կորսուած մեծ հատուածէն գաղթականները կը մնան անորոշութեան մէջ, երբ Գորիս-Կապան ճանապարհի Որոտանի հատուածին մէջ հաստատուած են ազրպէյճանական ուժերը, ինչպէ՞ս կարելի է ուրախանալ:

Պատերազմի աւարտէն գրեթէ մէկ տարի ետք, ո՛չ ստուգապէս գիտենք անոր բռնկման պատճառը, ո՛չ ալ վարման եղանակը: Պատասխանատուութիւնները չեն ճշդուած, ներկան վիրաւոր է, ապագան` անորոշ:

Ինչո՞ւ չեն վերսկսիր Մինսքի խմբակի հովանաւորութեամբ բանակցութիւնները: Պատերազմէն առաջ, Մինսքի խմբակի պաշտօնական տեսակէտն էր այն, որ Արցախի տագնապը ռազմական լուծում չունի: Ազրպէյճան կը յաւակնի, որ ինք լուծած է այդ տագնապը: Ըստ Ազրպէյճանին, Արցախի Հանրապետութենէն մնացած փոքր պատառին վրայ ռուսական հսկողութիւնը ժամանակաւոր է: Ազրպէյճան կ՛ուզէ սահմանազատում ու սահմանագծում կատարել Հայաստանի հետ, պատերազմի իր յաղթանակը պաշտօնական համաձայնագիրով հաստատելու համար: Սահմանազատումը կ՛ենթադրէ երկու երկիրներու հողային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչումը: Այս ճանաչումը Ազրպէյճանի համար կը նշանակէ Հայաստանի կողմէ պաշտօնապէս ընդունումը Արցախի ազերիական պատկանելիութեան: Ուրիշ խօսքով, Արցախի կարգավիճակի հարցին խափանումը: Կը հետեւի Մինսքի խմբակին տրուած իրաւասութեան` բանակցութիւններու ճամբով Արցախի կարգավիճակի որոշումը, դադարումը:

Ահա այսքան վտանգաւոր պայմաններու մէջ կը դիմաւորենք Հայաստանի վերանկախացման երեսնամեակը: Համազգային զօրաշարժ մը անհրաժեշտ է անկախ Հայաստանի գոյութեան իսկ սպառնացող վտանգը դիմագրաւելու համար: Թուրքեւազրպէյճանական միացեալ ճակատը կը նպատակադրէ յայտնապէս խորտակել Հայաստանը սկսելով Արցախէն, անցնելով Սիւնիք, ապա Սեւան, օր մըն ալ` Երեւան:

Հայաստանի վերանկախացման 30-ամեակը պէտք է վերածել Հայաստանի գոյութեան սպառնացող վտանգին դէմ ծառացման մեկնակէտի, անկախութեան պահպանման համար պայքարի պատուանդանի:

 

«Ազդակ»

 

Յարակից լուրեր

  • Հայաստանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարբերութիւնը
    Հայաստանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարբերութիւնը

    Նիկոլ Փաշինեան պարբերաբար իր վարած բանակցութիւններուն մասին նպատակային գաղափարներ կը յայտնէ: Այսպէս, մեր վերջին անկախութիւնները նպատակ ունեցած են Հայաստանի Հանրապետութեան ընդարձակումը: Ինք կը մտածէ, որ անկախութեան նպատակը պէտք է ըլլայ երկրի բարգաւաճումը եւ աւելի լաւ ապրելու ձգտումը:

  • «Հէնց Արցախը յայտնւի Ադրբեջանի կազմում՝ Հայաստանին կը մնան հաշւած շաբաթներ կամ ամիսներ». Սերժ Սրապիոնեան
    «Հէնց Արցախը յայտնւի Ադրբեջանի կազմում՝ Հայաստանին կը մնան հաշւած շաբաթներ կամ ամիսներ». Սերժ Սրապիոնեան

    Գրականագէտ Սերժ Սրապիոնեանն այն կարծիքին է, որ այս իրավիճակում Հայաստանում հոգեբանօրէն ամենաճնշւած տեսակներից է առաջին վարչապետ Վազգէն Մանուկեանը, որն յունիսի 6-ին կոչով դիմել էր ուժայիններին:

  • Ոտքի կանգնի՛ր, յունահայութիւն
    Ոտքի կանգնի՛ր, յունահայութիւն

    Ամբողջ հայ ժողովուրդը, Արցախէն ու Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռքի ծայրամասերը, մտահոգութեամբ կը հետեւի Հայաստանի, Ատրպէյճանի ու մեծ ուժերուն միջեւ շարունակուող բանակցութիւններու զարգացումներուն, այսպէս կոչուած «խաղաղութեան պայմանագիրի» ընդհանուր տարազումին մէջ, որուն հիմնական եւ ամէնէն մտահոգիչ բաժինը դարձած է Արցախի ու անոր վրայ ապրող ժողովուրդի ապագան։

  • Անջատում յանուն թրքութեան
    Անջատում յանուն թրքութեան

    «Ես իրաւասու եմ պաշտպանել միայն Հայաստանի Հանրապետութեան շահը, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը թող իր ապագան որոշի»։ Եթէ 6 կամ 8 տարի առաջ Հայաստանի որեւէ պաշտօնեայ նման յայտարարութիւն անէր, նրա հետ լաւագոյն դէպքում տեղի կունենար այն, ինչ պատահեց գործող ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեանին՝ 2020թ. նոյեմբերի 9-ին։ Բայց այսօր նման յայտարարութիւն է հնչում Հայաստանի նոյն արտգործնախարար Արարատ Միրզոյենի կողմից եւ հնչում է անհետեւանք։

  • «Սերժ Սարգսեանը, Ռոբերտ Քոչարեանը, Արցախը, բանակն ու եկեղեցին Փաշինեանի եւ Թուրքիայի ընդհանուր թշնամին են». Էլբակեան
    «Սերժ Սարգսեանը, Ռոբերտ Քոչարեանը, Արցախը, բանակն ու եկեղեցին Փաշինեանի եւ Թուրքիայի ընդհանուր թշնամին են». Էլբակեան

    168 TV-ի «Ռեւիւ» հաղորդաշարի եթերում, խօսելով Քիշնեւից յետոյ մինչեւ հոկտեմբեր Հայաստանի եւ Ադրբեջանի ղեկավարների մակարդակով պլանաւորւած հանդիպումների մասին, նման տեսակէտ յայտնեց քաղաքագէտ Էդգար Էլբակեանը։

Ամենաշատ ընթերցւած

Քւէարկութիւն

Կը յաջողւի՞ արդեօք Արմէն Սարգսեանին նոր որակ մտցնել ՀՀ քաղաքական կեանքում:

Եղանակ

Հեղինակութիւն © 2011-2022 «ԱԼԻՔ» Օրաթերթ։ Բոլոր իրավունքները պահպանւած են։