Հա

Ազգային

28/12/2021 - 12:50

Դէպի ո՞ւր․ Ինչ կրնանք ընել

Աւելի քան տարի մը ետք, կ’ուզեմ անդրադառնալ 2020 Սեպտեմբեր-Նոյեմբեր պատերազմին, հարցը դիտելով աւելի լայն դիտանկիւնէ։ Արդ, աւելորդ է անգամ մը եւս ըսել, որ երբ դիւանագիտութիւնը կը լռէ, հրանօթները կը գոռան։ Աւելորդ է ըսել նաեւ, որ դիւանագիտութիւնը, ինչպէս պատերազմը, ընդհանուր համակարգը քաղաքական նպատակներու կը ծառայէ։ Առանց քաղաքական յստակ նպատակներու՝ դիւանագիտութիւնը կը ճապաղի, կը խարխափէ, անորոշութեան կը մատնուի։

ԶԱՒԷՆ ԼԻՅԼՈԶԵԱՆ

 

Աւելի քան տարի մը ետք, կ’ուզեմ անդրադառնալ 2020 Սեպտեմբեր-Նոյեմբեր պատերազմին, հարցը դիտելով աւելի լայն դիտանկիւնէ։ Արդ, աւելորդ է անգամ մը եւս ըսել, որ երբ դիւանագիտութիւնը կը լռէ, հրանօթները կը գոռան։ Աւելորդ է ըսել նաեւ, որ դիւանագիտութիւնը, ինչպէս պատերազմը, ընդհանուր համակարգը քաղաքական նպատակներու կը ծառայէ։ Առանց քաղաքական յստակ նպատակներու՝ դիւանագիտութիւնը կը ճապաղի, կը խարխափէ, անորոշութեան կը մատնուի։

Փաստօրէն, մեր քաղաքականութիւնը անկախութենէն ասդին՝ եղած է առկայ իրավիճակը՝ ստատուս քուոն պահպանելը, այսինքն՝ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի օրօք, նախ 29 հազար քառ․ քլմ․ տարածութեամբ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պահպանելն էր, իսկ յաջորդ նախագահներուն՝ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի օրօք, առաջին նախագահի թիմի այլախոհ ուժային կառոյցներու ղեկավարներուն՝ գլխաւորաբար Վազգէն Սարգսեանի խրախուսած, հետագային մեծապէս նպաստած Արցախի ազատագրութեան պատերազմով հայկական դիրքերու պահպանումը՝ մինչեւ քաղաքական հանգուցալուծում։
Վերջին իշխանութիւններու օրօք խնդիրը փոխուեցաւ․ մեզի անծանօթ մնաց քաղաքական գիծ, որ կը ծառայէ ազգային-պետական առաւելութեան մը նուաճումին։ Պատերազմէն առաջ ինչ որ ներքին թէ արտաքին ճակատներուն վրայ ցուցադրուեցաւ, շա՜տ հեռու էր նման նպատակէ մը։

Ինչքանով որ հասու եղանք հետեւելով զարգացումներուն, քսան տարի ետք Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի քաղաքական պարտութիւնը սեփական թիմի այլախոհ տարրերու ձեռամբ, ապիկար կերպով յաղթանակի վերածելն էր։ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի համար չկար ազգային պահանջատիրութիւն, վերականգնուելիք իրաւունքներ, անոնք չկան նոյն դպրոցէն շրջանաւարտ ապիկարներուն համար․ փոխարէնը՝ կայ տարածք 29 հազար քառ․ քլմ․՝ անունը Հայաստանի Հանրապետութիւն, նպատակը՝ այդ տարածքին վրայ ժողովուրդի թուաքանակի մը պահպանումով անկախ պետականութիւն ձեւացնելն է, այսինքն՝ ոչ թէ պետականութիւնը զարգացնել եւ սպասարկել ինքնուրոյնութեան, անկախութեան աստիճանական բարձրացման, այլ սոսկ՝ յաջող կերպով սպասարկել հզօր ուժերու շրջանին մէջ ունեցած շահերուն։ Այդ ուժերուն անունն ըլլայ Ռուսաստան, Մ․ Նահանգներ, Եւրոպա, Չինաստան թէ այլ, կարեւոր չէ։ Կարեւորը սեփական իշխանութիւնը պահպանելն եղաւ։ Ներկան այլ կերպ կարելի չէ բացատրել։
Քսանչորս տարուան վաղեմութեան ռազմական նուաճումը քաղաքականօրէն որբ ու անտէր մնաց եւ դատարկութիւն գոյացաւ պետական ներքին թէ արտաքին քաղաքականութիւններուն մէջ, ղեկավարող ուղեցոյցներ չեղան, որոնք ընդհանուր ճակատով մը յաջողութիւնը զարգացնէին։ Ահա այս դատարկութիւններն էին, որոնք տարուէ տարի ամլացուցին դիւանագիտութիւնը, պաշտպանողական դիրքի վրայ դրին պետութեան, իսկ ռազմական նուաճումը պահպանելու ամբողջ պատասխանատուութիւնը բեռցուեցաւ բանակին ու զինուորականութեան ուսերուն։

Լաւ օրէն չէր, որ ամբոխները ձեռնածութեան ենթարկելու պարարտ հող ստեղծուեցաւ յայտնի ամբոխավարին ու իր հետեւորդներուն համար, իրենց թիկունքին ունենալով արտաքին շահագրգիռ ուժեր։
Կը հետեւի այլ դիտողութիւն մը․ ինչպէ՞ս երեսուն տարուան պետութիւն մը կ’ունենայ սահմանադրութիւն եւ սահմանադրական առնուազն երեք փոփոխութիւն։ Ասիկա ուրիշ ապացոյց մըն է, որ պետական ռազմավարութիւն, անոր վրայ կառուցուած քաղաքականութիւն գոյութիւն չէ ունեցած իրար յաջորդած իշխանաւորներուն համար։ Իւրաքանչիւրը փորձած է իր չափերուն, պատկերացումներուն, սեփական յաւակնութիւններուն եւ շահերուն չափով կտրել ՍԵՓԱԿԱՆ ՄԵՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ԾԱԾԿՈՂ ԾԱԾԿՈՑԸ։ Ծածկոցը, ոչ թէ հագուստ, կոստիւմ եւ այլն։ Նախնականութիւնը միշտ ներկայ է։

Այլ հարցում մը։ Ինչպէ՞ս կը պատահի կամ ինչո՞ւ տապալած խորհուրդներուն, կոմունիստական կուսակցութեան տեղ բազմաթիւ կուսակցութիւններ մէջտեղ եկան ու ժամանակ առ ժամանակ շատերը կը վերակենդանանան, քաղաքականութիւն «կը վերադառնան», յայտարարութիւններ կը հրապարակեն, ժողովներու, խորհրդակցութիւններու կը մասնակցին, դարձեալ կարեւոր չէ՝ իշխանական թէ ընդդիմադիր ճամբարներու շրջանակին մէջ։ Կարեւորը՝ ներկայութիւն կը փաստեն, թիւ կը կազմեն, իսկ օգուտ՝ կարելի է միայն դատել արդիւնքներէն։

Ըսել՝ որ Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք վտարանդի դարձած քաղաքական ուղղութիւններէն ովքե՞ր կան այսօր քաղաքական դաշտին վրայ կամ ովքե՞ր անոնց գաղափարները, ուղղութիւնը որդեգրած են ներկայիս եւ կը շարունակեն պայքարիլ անոնց իրագործման համար։ Լաբիրինթոս է, խառնիճաղանճ, խուժանի ասպարէզ է քաղաքական դաշտը, ուր լուրջ կազմակերպութիւններ, իրենց գաղափարական եւ կազմակերպական կառուցուածքով ու ներուժով պարզապէս տեղ չունին, ժողովրդականութիւն չեն վայելեր, ձայն չունին։

Ա՛ս ալ պետական ռազմավարութեան բացակայութենէն կը բխի․ ի՞նչ է իշխանաւորի պահանջածն ի վերջոյ՝ աղմկարարութիւն եւ ուշադրութեան շեղում, մանր, անմակարդակ ըսի-ըսաւներով ու աժանագին մամուլով տեղ չձգել լուրջ միտքին, խօսքին ու աշխատանքին, իսկ եթէ հնարաւոր է՝ քանի մը յարկ - ոչ թէ աստիճան - բարձր գտնուողն ալ ծառայեցնել սեփական նկրտումներուն։

Այս պղտոր ջուրերուն մէջ է որ կ’աճին աչքաբացները եւ սրընթաց նուաճումներ կ’արձանագրեն գուրգուրանքով զարգացուող դատարկութեան մէջ։

Եւ ըսել, որ եկող-գացող հռետորները, քարոզչութիւն կատարողները, նոյնիսկ անոնք, որոնք արթուն միտք ունին, այս երեք տասնամեակը լեցուցին պետութեան կայացման, հզօրացման, առաւելութիւն ձեռք ձգելու, տարբեր հեքիաթներ հիւսելով ու ծառայեցին օրուան իշխանութիւններուն։ Եւ ՀՀ քաղաքացի չկրթուեցաւ․ ճակատ մեկնող զինուորի թիկունքը այդպէս մերկացուցին, գիտակցաբա՛ր թէ անգիտակցաբար՝ էական չէ։ Իրողութիւնն է որ կ’արձանագրենք․ աճեցուցինք ամբոխ՝ որ դատարկ գլուխէ հնչած աղմուկին ականջալուր է։ Նոյնպէս կարեւոր չէ ճշդել, թէ ո՛վ է դատարկաբանը։ Ան դատարկութեան մէջ նուաճած է ասպարէզ, զոր կը փորձէ ընդարձակել՝ բնականաբար ուրիշ խաղացողներու հաշւոյն… Եւ խօսքը աչքաբացինն է, խաբելով կ’ընէ թէ այլ ձեւերով, այդ արդէն նոյնպէս էական չէ։

Դատարկաբանին հաւաքագրելը, օտար ուժերու գործիք՝ գործակալ սարքելը հեշտ է։ Ան գործակալ դառնալով կը նպաստաւորուի, ո՛չ միայն նիւթապէս, ենթադրեալ նպատակներու, գաղափարական շղարշի, դատի մը զինուոր ըլլալ կը ձեւացնէ, լրացնելով այն տուեալները, որոնցմով ինք իր գլխաւոր խնդիրը կը լուծէ՝ որ է դերակատա՛ր ըլլալ, ազդեցութիւն ձեռք ձգել, ըսո՛ղ ըլլալ, հրամայող ու թելադրող դառնալ եւ պահպանել այդ դիրքը որքան կարելի է երկար, ճամբուն նոյնիսկ զինք որդեգրած կամ հաւաքագրած ուժերը փոխելով։ Կարեւորը անհատական նպատակն է։ Ան նոյն ձեւով կը վերաբերի իր հետ ճամբայ ելածներուն եւ այդ դիրքին հասնիլ նպաստողներուն հետ։

Ուրիշ ոչինչ կարեւոր է․ կարեւորը նուաճուած ասպարէզը, կարիերան է, զոր նուաճելու պատրաստ ամբողջ բանակ մը կայ, քանի որ աւելցնելու ոչինչ կը պահանջուի, ոչ մէկ նպատակ գոյութիւն ունի, հեշտացուած է ամէն ինչ, մինչեւ հարցերը լրջանան։

Եւ այսօր լրջացած են հարցերը, սակայն լուրջ գաղափար եւ ուղղութիւն առաջադրելու դաշտ չէ մնացած անվտանգութեան խնդիրներու լուծումէն դուրս։ Երկիրը անկիւն սեղմեցին բազմակողմ յարձակումը պարտութեամբ պսակած իշխանութիւնները․ «Եռակողմ յայտարարութիւնը կը մերժէ՞ք» բարձրագոչ հարց տուաւ ինքնիրեն պատասխանատու միաժամանակ անմեղ հռչակողն ընդդիմութեան։ Եռակողմ յայտարարութիւնը ո՞վ կրնայ մերժել, եթէ ոչ պետութիւնը իր ամբողջութեան մէջ,– գործադիր, օրէնսդիր, դատական իշխանութիւններ, քաղաքական թէ հասարակական կազմակերպութիւնները, զանոնք որդեգրած կամ անոնց հետեւող-չհետեւող ժողովուրդը՝ միասնաբար։

Ահա այս միասնութիւնն է որ չկայ, գոյութիւն չունի այսօր․ երեսուն տարին բաւարար եղաւ որ «միասին»ը պառակտուի, նոյնիսկ թշնամիին դիմագրաւման հրամայականին դիմաց։ Իսկապէս անօրինակ վիճակ է, որ բազմաթիւ խաղացողներու ասպարէզ դաշտը, խաղաձեւը, օրէնքները անհարազատ դարձած են քուէարկող թուաքանակին։ Իսկ որո՞ւն կրնայ լսել այս ամբոխը, որո՞ւն վարժուած է լսել ան իր մօտիկ ու հեռաւոր անցեալով․ իշխանաւորին, որ լծակներու կը տիրապետէ՝ վարչական, իրաւական, քրէական, ոստիկանական, եթէ հարկը պահանջէ՝ զինուած ուժերու․ մարդիկ անցած երեսուն տարիներուն դաստիարակուած են, որ անկախ Հայաստանի մէջ ուժի մէջ են չգրուած նոյն օրէնքները եւ նոյն վերաբերմունքը, նոյն պատիժի եւ խրախուսանքի ձեւերը, ինչը սովետի օրով էր։ Մէկ ու միակ ըսող, մնացեալը լսող ու համաձայնող․ չհամաձայնողը տեղ չունի այդ խեղուած դրուածքին մէջ։

Երբ կ’ըսենք որ սովետը մեզի այլասերուած եւ այլանդակուած բարքեր ժառանգեց, որոնցմէ պէտք է կարելի եղածին չափ արագ ազատուիլ, մարդիկ կը նեղանան՝ որ գիտե՜ս, սովետը այսպէս, սովետը այնպէս։ Սովետը իրեն ձեռնտու համակարգ սարքեց, որ կարենայ սանձերը իր ձեռքը պահել, ղեկավարել։ Ժամանակը ցոյց տուաւ, որ այդ համակարգը փտած էր եւ անպիտան, նոյնիսկ զայն ստեղծողին համար։ Սովետը տապալեցաւ, չկայ։ Նոր սովետ սարքելու հետամուտ կրնայ ըլլալ միայն ազատութեան եւ անկախութեան թշնամին, յառաջադէմ եւ բարգաւաճող Հայաստան չկամեցողը։

Ազատ, անկախ դառնալու համար, Հայաստանը իր ազատ եւ ժողովրդավար, ազգային շահերուն սպասարկող արդիւնաւէտ համակարգ պիտի ձեւաւորէ, բան մը որ ցարդ չտեսանք եւ չշօշափեցինք։
Իսկ համակարգը գործիքներու ամբողջութիւնն է, որ կը ծառայէ նպատակներու եւ առաջադրանքներու իրագործման, որոնք ցարդ չեն ձեւակերպուած՝ յաղթահարելու համար գոյութենական մարտահրաւէրները։

Այլ հարց մըն ալ առաջադրենք․ այսօր ժողովուրդն ունի՞ մտաւորականութիւն, որուն կը կարդայ կամ կ’իմանայ, կը հաւատայ եւ կը հետեւի։ Կա՞յ։ Վերջինները Կապուտիկեանը, Բալայեանը, Համբարձումեանը կը յիշենք, որոնք բեմահարթակէն թէ մամուլէն, հեռուստատեսութենէն հանրութեան խօսք կ’ուղղէին ու կ’իմացուէին։ Սովետէն ժառանգուած անուններ են ասոնք, դիրքի ու համբաւի տիրացած սովետի օրերուն, իրենց սովետը վստահած էր լեցնել մշակոյթի, գիտութեան, ընկերային գիտութիւններու ասպարէզն այնպէս՝ որ իրեն ծառայէ, իսկ իրենց ազդեցութիւնն ուղղակիօրէն կը բխէր տիրող վարչակարգէն, անշուշտ՝ սահմաններու մէջ։ Այս անունները ու ուրիշ շատ-շատերուն շուտով վարկաբեկեցին յետսովետական իշխանութեան մարդիկ, սակայն չկարողացան անոնց դատարկ թողած ասպարէզը լեցնել ու ազգային, անկախ պետութեան զարգացման ուղի եւ անոր սպասարկող խաւ ստեղծել։ Այդպէս ալ ժողովրդական նոր դէմքեր ու անուններ չյայտնուեցան։ Միակ ըսող ու լսուողը իշխանաւորը մնաց, ինչպէս սովետի օրով, իսկ իշխանաւորին սպասարկող մտաւորականները չունեցան այն վարկը եւ հմայքը, որ պէտք էր ունենային։

Պատճա՞ռը։ Արժանահաւատութեան կորուստը։ Իշխանաւորի թիմակիցը մտաւորականի վսեմ կոչումը չյաջողեցաւ նուաճել, ուղիղ եւ հատու, անկախ կարծիք չունենալուն համար։ Այլախոհ մտաւորականներ յետմահու միայն յարգանքի արժանացան, երբ անվնաս էին իրենց կեցուածքով ու կարծիքով, իսկ իրենց վաստակը՝ մոռցուած։

Ոսկէ օրէնք մը գոյութիւն ունի մտաւորականին համար․ ծառայել յաւերժական արժէքներու, այլ երբեք վաղանցուկին, ժամանակաւորին։ Յաւերժականը ազգն է եւ հայրենիքը, լայն եւ համապարփակ՝ բոլոր ստորոգելիներով՝ արդարութիւնը, ազգային համախոհութիւնը եւ այլն։ Ժամանակաւորը՝ իշխանութիւնները հայ թէ օտար, իրենց բերած բարքերով, որոնք յաւերժականին չեն ծառայեր։ Ջատագովական ներբողը իշխանաւորին արդեօ՞ք արժէք ներկայացուցած է խնկարկուողի անհետացումէն ետք․ ընդհանրապէս ներկայացուցա՞ծ է․ թերեւս զաւեշտի եւ դարու բարքերը ծիծաղի առարկայ դարձնելու, քննադատելու եւ դատապարտելու օրինակ ծառայեցնելու համար սոսկ։ Բարձրութիւն մըն է մտաւորական հասկացողութիւնը, զոր պէտք է անդադար նուաճել ու վերանուաճել, օրական պայքարիլ չկորսնցնելու զայն, յանձնառու ըլլալով ամէն զրկանքի ու հալածանքի, իշխանաւորի անտեսումին, մոռացումին։ Մտաւորականին արժեւորողը ժամանակակից հանրութիւնն է, իսկ յաւերժացնողը՝ պատմութիւնը։

Այսօր ունինք այլ խնդիր մը․ մտաւորականին լսարանը՝ կարդացող, լսող, արժեւորող, համաձայնող ու հակաճառող՝ հանրային խօսքի պատշաճութեան սահմաններուն մէջ, չկա՛յ։ Այդ ալ չքացաւ։ Բեւեռացած հասարակութեան մէջ այլամերժ, ամբողջատիրական ըմբռնողութիւնը համաժողովրդական բնոյթ ունի։ Եւ դարձեալ լսուող ձայնը բացառապէս լծակներու տիրապետողինն է։ Այլընտրանք՝ եթէ նոյնիսկ կար վերջին երեսնամեակին, ան ալ խամրեցաւ ու խառնուեցաւ անպիտան մոլախոտերուն։ Առողջ բանականութիւնը պարտուեցաւ։

Ե՞լք կայ։ Անշո՛ւշտ պիտի ըլլայ։ Ելքի ուղին հեշտ չէ անցնիլ․ պէտք է կամք եւ կորով, անձնականէն ու խմբակայինէն բարձր տեսլական։ Ի վերջոյ մէկ նաւու ճամբորդներ ենք, նաւը պէտք է կարգի բերենք եւ ուղղութիւնը որոշենք։ Եթէ ընկղմեցաւ, ոչ ոք պիտի փրկուի։ Նաւապետը այն մարդն է, որ փոթորիկին մէջ կարող է հնարաւորինս անվտանգ նաւարկել։ Եւ մտաւորականութիւնը մեծ դեր ունի հասարակ յայտարարը գտնելու եւ առաջադրելու, լուծումներու շուրջ համախոհութիւն ստեղծելու, հետապնդելու որ անոնք կեանքի կոչուին, անդադար հսկել եւ հետեւիլ լուծումներու անշեղ գործադրութեան։

Հեշտ չէ, բայց անկարելի ալ չէ։ ՄԵՆՔ ԱԶԳՈՎԻՆ ՕԴ ՈՒ ՋՈՒՐԻ ՆՄԱՆ ԿԱՐԻՔ ՈՒՆԻՆՔ ԼԱ՛ՅՆ ՀԱՄԱԽՈՀՈՒԹԵԱՆ, ուր բնականաբար տեղ չունին կասկածելի վարքի տէր մարդիկ, որոնք գործով ապացուցած են որ ատակ չեն իրենց տրուած վստահութիւնը արժեցնել եւ ընդհանուրի բարօրութեան համար բանիլ, որոնք խօսքով ու գործով աշխատած են պառակտել հասարակութիւնը, որոմ ցանել նոյն տան մէջ ապրողներու միջեւ ու խորտակման մահացու վտանգ ստեղծել հայրենիքին համար։

Պարզ է թէ որո՛ւն մասին է խօսքը․ մահացու վտանգ ստեղծող արկածախնդիրն ու իր գործակիցները։ Սակայն զանոնք միայն մատնացոյց ընելով փրկութեան ուղին գծած չենք ըլլար։ Վերեւ ակնարկեցի, որ երկար շղթայի մը հետեւանք է այս դժբախտ օրը, դարձեալ ծունկի բերել Հայաստանը, զայն այդ օրին հասցնելու համար թերեւս բազմաթիւ ուժեր դաշնակցած ու աշխատակցած են, անխոնջ ու հաստատակամ։ Այս բազմազգ ու խայտաբղէտ համախոհութեան գոյութիւնը տարբեր բացատրութիւններ կրնայ ունենալ, իւրաքանչիւր մասնակից՝ իրը, կարեւորը սակայն հասարակ հայուն նուաճուելու պատրաստակամութիւնը կը մնայ։ Ազատութիւն եւ անկախութիւն ըմբռնումներու խեղաթիւրումով հանրութեան լայն խաւերու անարատ սպասումներուն փոքրաթիւ խափանարարներ այնքա՛ն թոյն խառնեցին եւ աղճատեցին, լղրճեցին, որ այսօր ունինք թունաւոր մերան, մակարդ։ Երկրորդական դարձան պետութիւն եւ հաւաքական ապագայի երաշխաւորում, առաջին կարգի վրայ դրուեցան անձի ու անմիջական շրջապատի բարօրութիւնը, հարստացումը հանրային սեփականութեան հաշւոյն։

Ազատութեան եւ անկախութեան զինուորեալն արդեօ՞ք նման քայլի կ’երթար։ Բնական է՝ ո՛չ։ Հասարակութեան լայն խաւերուն մակարդուած հակապետական թունաւոր նիւթին անունը՝ սեփական երկրի անկախ գոյատեւման եւ զարգացման նկատմամբ կասկածն է ու այդ գաղափարի յարատեւ սնանկացումը, փոխարէնը՝ օտարի ենթարկայութեան դատապարտուածութեան ամրացումը։ Կարճ՝ եկող-գացող իշխանաւորները ոչ միայն այս կասկածը չփարատեցին ծրագրով ու գործով, այլեւ աւելի խորացուցին զայն։ Կը բաւէ միայն աչքէ անցնել իւրաքանչիւրի ձեւած սահմանադրական ծածկոցը, ուր առաջին դէմքը թէեւ ամէն ինչի տնօրինողն է, սակայն զինք պատասխանատուութեան կանչելու լծակներ չեն նախատեսուած իր տնօրինումներուն համար․ փաստօրէն օրէնքէն վեր էր ան եւ վեր կը մնայ, անհաշիւ իրեն տրուած է ամէն իրաւասութիւն եւ արտօնուած է ամէն ինչ։

Հիմա ըսէք՝ ղեկավարը, որ քաղաքացիին անունով կը տնօրինէ երկրի ներկան ու ապագան, բախտը, եթէ պատասխանատուութենէ զերծ է, արդեօ՞ք չի քաջալերեր ամէն խաւի ու մակարդակի արկածախնդիրի որ քաղաքական իշխանութեան կամ ազդեցութեան ձգտի, արդեօ՞ք նաեւ հոն չի գտնուիր պատճառը բազմատասնեակ կուսակցութիւններու գոյութեան, որոնց անունը ոչ ոք կը յիշէ՝ եթէ նոյնիսկ կարդացած-լսած է։ Վերջապէս դժգոհ քաղաքացիներու երկրին վերագրուող «անտէրանոց» արտայայտութիւնն արդեօ՞ք երկրի ու պետութեան ապագային մասին հաւատը կ’ամրապնդէ։ Բնական է ոչ։ Գաղտնիք չէ։ Ամէն ոք գիտէ, սակայն այս թոյնի ազդեցութեան առաջքն առնելու, ներգործութիւնը դադրեցնելու գործ այդպէս ալ չեղաւ։ Արդիւնքը՝ ներկան է։ 2018-ին մարդոց խաբեցին՝ անհատ առ անհատ ըսին դո՛ւն ես տէրը։ Եւ նոյնիսկ խելահաս մարդիկ խաբուելու պատրաստ էին։

Երէկուան խաբուածները զիրենք խաբողին օրինակով այսօր պատրաստ չեն հաւաքաբար եւ հրապարակաւ խոստովանելու եւ ընդունելու, որ իրենք չարաչար սխալած են եւ պատրաստ են նա՛եւ իրենց բաժին սխալն ուղղել։ Եւ առագաստները ծալլած ժողովրդային նաւը փոթորիկէ փոթորիկ ժայռերուն կը բախի, կը ցնցուի, մասեր կը կորսնցնէ… Զանգուածը ջրամոյն ըլլալո՞ւ կը սպասէ․ ինչի՞ վրայ դրած է յոյսը, յայտնի չէ։ Քաղաքական գործիչներ, կուսակցութիւններ, հասարակական կազմակերպութիւններ կը փորձեն ժողովրդային փուչիկը փչել, բայց իրենց շունչը կը սպառի, իսկ փուչիկն ա՛լ չ’ուռիր… Պատռած է։ Վստահութիւնը կորսուած։ Ամէն ինչ չափ ու սահման ունի։

Ինչպէ՞ս վերականգնել ինքնավստահութիւնը եւ պետականօրէն առաջ ընթանալ, արդի հանելուկն է։

Ըսողը, հանրութեան կողմէ լսուելու համար հնարաւորութիւններ, լծակներ եւ լուծումներ պիտի ունենայ, անմիջական եւ հեռահար ծրագիր՝ որ ատակ է երաշխաւորել կացութիւնը յեղաշրջելու իր կարողութիւնը կամ նման յատկութիւններ ցուցաբերել, վստահութիւն ներշնչել։

Առանց ասոնց բոլոր շարժումները դատապարտուած են ամուլ մնալու։

Պէտք է նոր արահետ բանալ եւ յաղթահարել այս կացութիւնը տարբեր մակարդակներու եւ ճակատներու վրայ։

«Յուսաբեր»

 

Յարակից լուրեր

Ամենաշատ ընթերցւած

Քւէարկութիւն

Կը յաջողւի՞ արդեօք Արմէն Սարգսեանին նոր որակ մտցնել ՀՀ քաղաքական կեանքում:

Եղանակ

Հեղինակութիւն © 2011-2022 «ԱԼԻՔ» Օրաթերթ։ Բոլոր իրավունքները պահպանւած են։