Հա

Ազգային

24/01/2022 - 13:10

Ամէն փոփոխութիւն անպայման աւելի լաւին չ՛առաջնորդեր

Երկար ժամանակէ ի վեր չենք խօսած Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան մասին: Ի՞նչ խօսէինք. անվերջ արժեզրկուող դրամանիշի, անոր հետեւանք` գիներու յարատեւ բարձրացման, աղքատութեան շատացման, յոռետեսութեան ու անելանելիութեան զգացումին տարածման պայմաններուն մէջ դժուար էր կատարուածը հասկնալ ու վերլուծումի փորձ կատարել: Պետական ղեկավարներու կողմէ կացութիւնը հակակշռելու նախաձեռնութիւններ ալ չկային, ու բոլորս անկարող ականատեսներ դարձած էինք պետական մեքենային ամլացման:

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

 

Երկար ժամանակէ ի վեր չենք խօսած Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան մասին: Ի՞նչ խօսէինք. անվերջ արժեզրկուող դրամանիշի, անոր հետեւանք` գիներու յարատեւ բարձրացման, աղքատութեան շատացման, յոռետեսութեան ու անելանելիութեան զգացումին տարածման պայմաններուն մէջ դժուար էր կատարուածը հասկնալ ու վերլուծումի փորձ կատարել: Պետական ղեկավարներու կողմէ կացութիւնը հակակշռելու նախաձեռնութիւններ ալ չկային, ու բոլորս անկարող ականատեսներ դարձած էինք պետական մեքենային ամլացման:

Երբ շիի համայնքը ներկայացնող երկու կուսակցութիւնները համատեղ հաղորդագրութեամբ մը յայտնեցին նախարարներու խորհուրդի նիստերուն իրենց մասնակցութեան մասին, շատերը չհաւատացին: Բայց ստոյգ է. երկուշաբթի, 24 յունուարին նախարարներու խորհուրդը, եռամսեայ անհասկնալի, ու դատապարտելի դադարէ մը ետք նիստ կը գումարէ ու կը սկսի լուծումներ փնտռել քաղաքացիներու տաժանքը մեղմացնելու կոչուած բազում հարցերու: Սկսելու համար 2022 թուականի պետական ամավարկէն (պիւտճէէն), որ կառավարութեան կողմէ մշակուած ու խորհրդարանին կողմէ հաստատուած պէտք է ըլլար 2021-ի աւարտէն առաջ:

Բարի լուրը հազիւ հաղորդուած, դրամանիշի սակը զգալի բարելաւում արձանագրեց, որոշ նիւթերու գիները թեթեւ նուազում արձանագրեցին, ուրիշներ տակաւին կը սպասեն:

Լիբանանը կարիքը ունի լուրջ ու ծաւալուն օժանդակութեան` երկրի տնտեսական ու ելեւմտական տագնապը լուծելու համար: Օժանդակութեան տրամադրումը պայմանաւորուած է բարեկարգումներու ծրարի մը գործադրութեամբ: Ըստ Լիբանան այցելող Քուէյթի արտաքին գործերու նախարարին, բարեփոխումներու ծրարը կը պարունակէ տասնհինգ կալուածներ: Հարցական կը մնայ սակայն այն, որ փափաքելով հանդերձ այդ փոփոխութիւնները կատարել, Լիբանանը իսկապէս ի վիճակի՞ է իրականացնելու զանոնք: Կարելի պիտի ըլլա՞յ լիբանանեան համայնքներու միջեւ հաստատուած փխրուն հաւասարակշռութիւնը պահպանել ու Սահմանադրութեան եւ այլ օրէնքներու յարգումով փոխել… պետական կառավարման համակարգը:

Փորձենք լաւատես ըլլալ ու սպասել յառաջիկայ դրական զարգացումներուն: Ոչ` որովհետեւ կը հաւատանք ներքին գիշատիչներու ու արտաքին ճնշողներու անշահախնդիր տրամադրութիւններուն, այլ որովհետեւ լաւատեսութիւնը աւելի կենարար է ու խրախուսող: Բարին յուսանք, որպէսզի բարին իրականանայ:

Լիբանանի մէջ արմատական փոփոխութիւն կատարելու միջոց կրնայ հանդիսանալ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւնը, որ որոշուած է կատարել 15 մայիս 2022-ին: Կարելի պիտի ըլլա՞յ անձնակազմի ճշմարիտ, ոչ քողարկուած, փոփոխութիւն յառաջացնել: Դժուար է նախատեսութիւն կատարել, քանի որ փոփոխութեան կողմնակիցները առայժմ չեն բացայայտեր իրենց ծրագիրները ու ներկայութիւն չեն հրապարակի վրայ:

Եթէ Սաատ Հարիրի յայտարարէ թեկնածու չառաջադրուելու իր որոշման մասին եւ եթէ իրեն հետեւին սիւննի այլ ղեկավարներ եւս, ասպարէզը կը բացուի սիւննի նորացուած ղեկավարութեան մը համար: Ի՞նչ տեսակի, ի՞նչ որակի, ի՞նչ գաղափարի հետեւորդ սիւննի նոր ղեկավարութիւն մը կրնայ յառաջանալ` անորոշ է ցարդ: Ամէն փոփոխութիւն անպայման աւելի լաւին չ՛առաջնորդեր: Անգամ մը եւս յուսանք, որ բարին ըլլայ:

Երեսփոխանական յառաջիկայ ընտրութիւնները լուրջ փորձաքար պիտի հանդիսանան հայ համայնքին համար: Ընտրական օրէնքը, որ գործադրուեցաւ չորս տարի առաջ, ցոյց տուաւ, որ չ՛ապահովեր համայնքային արդար ու ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն խորհրդարանին մէջ: Համայնքային ներքին միասնականութիւնը աւելի քան անհրաժեշտ է, տագնապի այս օրերուն, համայնքային շահերը պաշտպանելու ատակ երեսփոխանական խմբաւորում մը ունենալու համար: Կրկին յուսանք, որ բարին ըլլայ:

Կեդրոնանալով Լիբանանի վրայ, չենք մոռցած ո՛չ Հայաստանը, ո՛չ Արցախը, ո՛չ ալ սփիւռքը: Պէտք չէ մոռնանք, որ Լիբանանի ու առհասարակ սփիւռքի մէջ մեր բարեկեցութիւնը կը ծառայէ սփիւռքահայերու շահերուն, բայց նաեւ, ու աւելիով, Հայաստանի ու Արցախի շահերուն:

 

«Ազդակ»

 

Յարակից լուրեր

Ամենաշատ ընթերցւած

Քւէարկութիւն

Կը յաջողւի՞ արդեօք Արմէն Սարգսեանին նոր որակ մտցնել ՀՀ քաղաքական կեանքում:

Եղանակ

Հեղինակութիւն © 2011-2022 «ԱԼԻՔ» Օրաթերթ։ Բոլոր իրավունքները պահպանւած են։