Հա

Ազգային

18/02/2022 - 13:30

Արցախի շարժման մոլուցքով

34 տարի առաջ էր, այս օրերուն, Ստեփանակերտի մէջ, Արցախի հայութիւնը քայլարշաւներով եւ հաւաքներով պոռթկաց, պահանջելով դուրս գալ Ատրպէյճանի կազմէն եւ միանալ Մայր Հայաստանին։

34 տարի առաջ էր, այս օրերուն, Ստեփանակերտի մէջ, Արցախի հայութիւնը քայլարշաւներով եւ հաւաքներով պոռթկաց, պահանջելով դուրս գալ Ատրպէյճանի կազմէն եւ միանալ Մայր Հայաստանին։

Անարդարօրէն Հայաստանէն խլուած եւ Ատրպէյճանին յանձնուած այս սուրբ հողն ու անոր քաջարի բնակիչները ոտքի ելած էին միակամ եւ վճռական։ Ազգային նոր զարթօնքի պահը հնչած էր։

1988-ի փետրուարեան այդ ցուրտ օրերուն, երբ արցախեան իւրայատուկ ձիւնն ու սառնամանիքը բնութեան ցասումն ալ կ’ընկերացնէ ժողովուրդի պոռթկումին, 1918-ի մայիսեան զանգերու ղօղանջէն տարբեր պատկեր մը ստեղծած էին, սակայն սուրբ նպատակն ու խրոխտ կամքը միեւնոյնն էին, այսինքն՝ Արցախը տասնամեակներ ետք նոյն ոգիով կ’արձագանգէր Սարդարապատին, նաեւ Էրզրումէն հնչած ձայնին…։

Աւելի քան 30 տարի ետք, դժբախտ իրականութիւն է, որ 44-օրեայ պատերազմին արձանագրուած պարտութենէն ետք, հայրենի այժմու ղեկավարութիւնը այլանդակ շրջադարձ մը կատարած է 1988-ին բացուած ուղիէն եւ կիրարկած անողնայար, անհեռատես եւ թափթփած քաղաքականութեամբ մրցումի ելած է ինք իրեն հետ՝ փոշիացնելու սուղ իրագործումները:

1988-ին վերընձիւղուած Արցախեան ազգային-ազատագրական շարժումը լոկ անջատողական շարժում չէր, ծաւալապաշտ ձգտումներով տոգորուած տարածքի համար կռիւ չէր, այլ արդար պայքար՝ ազատութեան եւ անկախութեան համար, նորագոյն քայլ մը՝ հայկական հողերու հաւաքին:

Ընդհակառակը, դարաւոր թշնամին էր, որ մութ բայց աղաղակող հաշիւներով կը փորձէր հայկական հողեր գրաւել եւ սեղմել օղակը, ի վերջոյ կերտելու համար Պոլիսէն մինչեւ կեդրունական Ասիա երկարող «համաթուրանական մայրուղի»-ն։ Յստակ էր, թէ այդ ծրագիրը իրականացնելու համար, աշխատանք կը տարուէր նմանապէս հայութէնէ արմատախիլ եղած եւ «մարսուած» Նախիջեւանի մօտակայ շրջաններէն (Սիսիան, Կապան, Վայք) ներս, որպէսզի թուրքեր եւ ազերիներ բնակութիւն հաստատեն եւ ի վերջոյ դառնան այդ տարածաշրջանին տէրն ու տիրականը։ Ազերիական «բջիջներ» սկսած էին կազմուիլ եւ անհանգստացնել շրջանի բնակչութիւնը։

Արցախեան Շարժումը յաջողութեամբ գլուխ հանեց բուռն պայքարը՝ ընդդէմ «համաթուրանական մայրուղի»-ի կործանարար ծրագրին. կրկնակիօրէն դժուարին առաքելութիւն, որովհետեւ հայրենիքը դեռ Խորհրդային Միութեան տիրապետութեան տակ կը գտնուէր։ Այսօր, 44-օրեայ պատերազմէն ետք, դժբախտաբար միեւնոյն արհաւիրքը կը շարունակուի վերանորոգ ձեւով, այս անգամ Սոթքի, Սեւ Լիճի եւ այլ շրջաններու իւրացմամբ։

Արցախցիին ու ողջ հայութեան արդար եւ օրինական քայլերուն դէմ հետեւողականօրէն գործեց Ատրպէյճանը, սկսելով Պաքուի եւ Սումկայիթին մէջ բնակութիւն հաստատած հայերու կոտորածէն, մինչեւ ծանր հրետանիով եւ օդուժով՝ Ստեփանակերտի անմեղ բնակչութեան վրայ կոյր ռմբակոծումները, սակայն հայութիւնը շուրջ 30 տարի դիմադրեց, եւ կարելի եղաւ կացութիւն շրջել եւ դուրս գալ այդ պարտուողի եւ լուծի տակ մնացողի բարդոյթէն։

Մօտաւորապէս մէկ ու կէս տարի առաջ, պատահեցաւ անսպասելին եւ անըմբռնելին. փոխան գերակայութեան բարդոյթին, անվստահութիւնը, սեփական վախն ու անկարգութիւնն են, որ կը տիրապետեն։ Ո՛չ միայն նսեմացած է կարողականութիւնը, այլ արձակուրդի ղրկուած է վճռակամութիւնը՝ որոշում տալու ունակութիւնը (decision making)։

Նոր էջ մը բանալու եւ խաղաղութեան չհիմնաւորուած երազներու քողին ետին պահուըտելով, Երեւանի ղեկը գրաւողները առանց նախապայմանի սեղան նստած են Թուրքիոյ հետ, որ սակայն յստակ նախապայմաններով ներկայացած է նոյն սեղանին՝ կարճ ու կտրուկ՝ «Ո՛չ Ցեղասպանութիւն, Ո՛չ Արցախ» յանկերգներով։

Դժբախտաբար, անցեալ 34 տարիներուն, առաւել կամ նուազ չափով թերացանք լիարժէք տէր կանգնելու Արցախեան Շարժումով ստեղծուած հզօրութեան, իսկ 44-օրեայ պատերազմին՝ հող, զէնք, զինամթերք եւ կեանքեր ու… կամք կորսնցուցինք։ Վարդանանց հերոսամարտի տօնի նախօրեակին, Թուր Կէծակին ոչ միայն պատեանին մէջ պահած ենք, այլ դիտմամբ կորսնցուցած ենք։

Կարելի՞ է այս դրութենէն դուրս գալ։

Անկասկա՛ծ։ Կարելի է վերստին զարթնուլ եւ ճակատաբաց, ամենայն արժանապատուութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ վերակերտել, շարունակե՛լ 34 տարի առաջ սկիզբ առած Արցախեան Շարժումը, որպէսզի անկէ անդին՝ սեւեռինք մեր դատի բոլոր հորիզոններուն:

 

«Հայրենիք»-ի խմբագրական

Պոսթըն

 

 

Յարակից լուրեր

  • Անկախութեան սաղմը
    Անկախութեան սաղմը

    1988 թ. փետրւարի 13-ից ԼՂԻՄ-ի շրջկենտրոններում եւ Ստեփանակերտ քաղաքում սկսւեցին զանգւածային ցոյցեր եւ հանրահաւաքներ՝ պահանջելով Արցախի միացումը մայրհայրենիքին: Ժողովրդի պոռթկմանը իրաւական լուծում տրւեց փետրւարի 20-ին: 1988 թ. փետրւարի 20-ին, ադրբեջանական ճնշումներին հակառակ, ԼՂԻՄ ժողովրդական պատգամաւորների 20-րդ գումարման խորհրդի արտահերթ նստաշրջանը գումարւեց, որի արդիւնքում որոշում ընդունւեց դիմել Ադրբեջանական ԽՍՀ եւ Հայկական ԽՍՀ Գերագոյն խորհուրդներին խնդրանքով՝ «խորապէս ըմբռնել Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան ձգտումները եւ լուծել ԼՂԻՄ-ը Ադրբեջանական ԽՍՀ կազմից Հայկական ԽՍՀ կազմ տեղափոխելու հարցը, միաժամանակ միջնորդել ԽՍՀՄ Գերագոյն խորհրդի առջեւ ԼՂԻՄ-ը Ադրբեջանական ԽՍՀ կազմից Հայկական ԽՍՀ կազմ տեղափոխելու հարցին դրական լուծում տալու համար»:

  • Փետրւարեան անկրկնելի պոռթկումը
    Փետրւարեան անկրկնելի պոռթկումը

    1921 թ. Փետրւարեան համաժողովրդական ապստամբութեանը յաջորդած հարիւր տարիների ընթացքում, մասնաւորապէս՝ մինչեւ նախորդ դարի կէսերը, երբ դեռեւս ողջ էին ապստամբութեան առաջնորդներից ոմանք (Ս. Վրացեան, Բաշգառնեցի Մարտիրոս, Կ. Սասունի եւ ուրիշներ), եւ 1990-ից յետոյ, երբ հայ ժողովուրդը վերանւաճեց իր անկախութիւնը, այդ յիրաւի նշանաւոր, պատմական իրադարձութեան մասին յաճախ է գրւել, սակայն սխալւած չենք լինի, եթէ ասենք, որ մինչեւ օրս էլ այն մնում է ըստ արժանւոյն չգնահատւած: Մենք նկատի ունենք՝ պետականօրէն տրւող գնահատականը, որը դեռեւս չի հնչել Հայաստանի անկախ հանրապետութեան որեւէ իշխանական վարչակազմի կողմից:

  • Խմբագրական. Գծուող եւ չգծուող զուգահեռներ (Փետրուարեան ապստամբութեան 101-ամեակին առիթով)
    Խմբագրական. Գծուող եւ չգծուող զուգահեռներ (Փետրուարեան ապստամբութեան 101-ամեակին առիթով)

    Ազատագրական շարժման պատմութեան կամ ընդհանրապէս մեր ժամանակակից պատմութեան շրջադարձային իրադարձութիւններու նշումի այժմէականացման փորձը օրինաչափ է հայ հրապարակագրութեան մէջ: Միշտ չէ, որ կարելի կ՛ըլլայ հարազատ աղերսներ գտնել պատմական եւ ժամանակակից իրադարձութիւններու խորհուրդներուն միջեւ:

  • Ազգայինի յաւերժական հրամայականով... Փետրւարեան ապստամբութեան 100-ամեակի առիթով
    Ազգայինի յաւերժական հրամայականով... Փետրւարեան ապստամբութեան 100-ամեակի առիթով

    Հայութեան ու Հայաստանի պատմութեան անցքերի ու վճռորոշ դրւագների մասին մերօրեայ գիտահետազօտական փորձերն ու մեկնաբանութիւնները, ինչ խօսք՝ խիստ անհրաժեշտ են ու օգտաւէտ: Դա արդէն տարիներ ի վեր կիրառւել է Հայաստանի Հանրապետութեան ակադեմական-գիտական շրջանակների մակարդակում: 

  • Մեր օրերի իրականութիւնն ու Փետրւարեան ապստամբութեան արդիական գաղափարները
    Մեր օրերի իրականութիւնն ու Փետրւարեան ապստամբութեան արդիական գաղափարները

    Փետրւարեան ապստամբութիւնը բոլորեց իր 100 տարին:

    100 տարի առաջ այս օրը՝ 1921 թւականի փետրւարի 18-ին հայ ժողովուրդն ընդվզեց հայրենիքը զաւթած բոլշեւիկների դէմ, որոնց աշխարհայեացքը, իդէալներն ու գաղափարները որեւէ կապ չունէին հայրենիքի այդ օրերի իրականութեան, անցեալի, ներկայի եւ ապագայի հետ:

Ամենաշատ ընթերցւած

Քւէարկութիւն

Կը յաջողւի՞ արդեօք Արմէն Սարգսեանին նոր որակ մտցնել ՀՀ քաղաքական կեանքում:

Եղանակ

Հեղինակութիւն © 2011-2022 «ԱԼԻՔ» Օրաթերթ։ Բոլոր իրավունքները պահպանւած են։