Հա

Ազգային

05/03/2022 - 14:15

95 տարեկան «Ազդակ»-ը` Դաշնակցութեան նուէրը հայութեան

Չենք գիտեր, թէ 5 մարտ 1927-ին, երբ առաջին անգամ լոյս կը տեսնէր «Ազդակ»-ը մտածուա՞ծ էր, որ 95 տարի շարունակ եւ գրեթէ անխափան պիտի շարունակէր գոյատեւել ու տեւական սնունդ հայթայթէր ընթերցողին, նաեւ անվիճելի դերակատարութիւն ունենար սերունդներու հայեցիութեան պահպանման մէջ:

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

 

Չենք գիտեր, թէ 5 մարտ 1927-ին, երբ առաջին անգամ լոյս կը տեսնէր «Ազդակ»-ը մտածուա՞ծ էր, որ 95 տարի շարունակ եւ գրեթէ անխափան պիտի շարունակէր գոյատեւել ու տեւական սնունդ հայթայթէր ընթերցողին, նաեւ անվիճելի դերակատարութիւն ունենար սերունդներու հայեցիութեան պահպանման մէջ:

Դիւրին չէ 95 տարուան պատմութիւն ունեցող թերթին պատմականը կատարել եւ խորքային արժեւորման ենթարկել անոր երթը:

«Ազդակ»-ը 95 տարի ամբողջ եղաւ նախ լիբանանահայութեան, ապա միաժամանակ սփիւռքահայութեան հանապազօրեայ հացը, ոչ միայն տեղեկութեանց փոխանցման իմաստով, այլ նաեւ հայ քաղաքական միտք կազմաւորելու, հանրային կարծիք ձեւաւորելու եւ ազգանպաստ ու հայրենաուղղուած մտածողութիւն տարածելու ու ամրապնդելու իմաստով:

Հայաստանի անկախացումով եւ հանրային ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու զարգացումով «Ազդակ»-ը դարձաւ նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի մեր ժողովուրդին, բայց մանաւանդ մտաւորականութեան համար հեղինակութիւն եւ ուղղութեան նշաձող:

Թերթատենք 95 տարուան «Ազդակ»-ի հաւաքածոն` իր բազմահազար էջերով: Հո՛ն է Լիբանանի հայութեան պատմութիւնը, սփիւռքահայ գաղութներու անցուդարձերը, հո՛ն կը գտնենք խորհրդային օրերու հայաստանեան առօրեան, հո՛ն են Թուրքիոյ հակահայ քաղաքականութեան դրսեւորումները:

Պատմական սկզբնաղբիւր է «Ազդակ»-ը, անկասկած:

Հայ մշակոյթը, գիրն ու գրականութիւնը, թատրոնն ու գեղարուեստը, Հայաստանի եւ սփիւռքի զանազան ոլորտներուն մէջ ի յայտ եկած ստեղծագործ արուեստագէտներ «Ազդակ»-ի մէջ եւ «Ազդակ»-ով տարածում գտած են մեր ժողովուրդին մէջ:

Ցեղասպանութենէն ճողոպրած եւ միջինարեւելեան երկիրները իբրեւ հայրենիք ընտրած վերապրողները, դպրոցի բացակայութեան, «Ազդակ»-ով սորված են հայերէն, «Ազդակ»-ով ապրած է արեւմտահայերէն լեզուն:

«Ազդակ»-ը ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պաշտօնաթերթն է: Դաշնակցական թերթ է` ըստ էութեան: Բայց այդպէս ըլլալով, Դաշնակցութեան նուէրն է հայութեան: Նաեւ` ազատ կարծիքի, ազատ մտածողութեան, հակադիր միտքերու, առողջ քննարկումի թէ վէճի ամպիոն է, որ ամէն բանէ աւելի յաջողած է օժանդակել հայ քննական, քաղաքական մտքի ձեւաւորման եւ զարգացման:

95 տարեկան «Ազդակ»-ը հայկական հարստութիւն է:

Դաշնակցութեան նուէրը` հայ ժողովուրդին:

«Ազդակ»

 

Յարակից լուրեր

Ամենաշատ ընթերցւած

Քւէարկութիւն

Կը յաջողւի՞ արդեօք Արմէն Սարգսեանին նոր որակ մտցնել ՀՀ քաղաքական կեանքում:

Եղանակ

Հեղինակութիւն © 2011-2022 «ԱԼԻՔ» Օրաթերթ։ Բոլոր իրավունքները պահպանւած են։