Հա

Ազգային

23/07/2022 - 13:05

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կոչը

27 յուլիսին ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ պիտի նշուի Լիզպոնի գործողութեան 39-ամեակը: Այս առիթով տեղի պիտի ունենայ քայլարշաւ Սիսի շրջանի ՀՅԴ «Ազիրեան» ակումբի դիմացէն մինչեւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատուն, ուր տեղի պիտի ունենայ ոգեկոչման հանդիսութիւն:

Սիրելի՛ հայորդիներ,

Հայաստանն ու հայութիւնը կ՛ապրին աննախընթաց ճգնաժամային ու անկիւնադարձային փուլ մը: Արցախի կարեւոր մասի կորուստէն ետք ահաւասիկ ամէն օր Հայաստանի սահմանները ոտնահարելու եւ հողատարածքներ զաւթելու թշնամիին վարքագիծը կը դառնայ տեսանելի փաստ: Անշուշտ տարածաշրջանին մէջ կատարուող փոփոխութիւնները եւ միջպետական ու մեծապետական սակարկութիւնները Արցախը եւ Հայաստանը նկատի կ՛ունենան տկար օղակ: Սակայն այս բոլորէն առաջ եւ բոլորէն անդին զարմանալի՛ն Հայաստանի իշխանութիւններու որդեգրած վարքագիծն է: Հայրենիքի կորուստի համազգային վտանգը հետեւողականօրէն կ՛անտեսուի այս վարչախումբին կողմէ, եւ ան ճիգ չի խնայեր այդ անտեսումի մթնոլորտը խորացնելու հասարակութեան մէջ:

Այսօր մէկ հրամայականի շուրջ միաւորուելու պատմական ու ճակատագրական փուլին դիմաց ենք. ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ՎՏԱՆԳՈՒԱԾ Է եւ անոր փրկութիւնը է ու կը մնայ գերխնդիր: Այդ վտանգի յաղթահարումը եւ ոչ թէ անոր հետ համակերպումը պէտք է դառնայ համահայկական հրատապ օրակարգ:

Համակերպումի ընթացքը կասեցնելու ու Հայաստանի իշխանութեանց պառակտումի վարքագիծը մերժելու հաստատական որոշումը անհրաժեշտ է, որ ինքզինք պարտադրէ ամբողջական ու լիիրաւ կերպով մեր համազգային երթին մէջ:

27 յուլիսին ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ պիտի նշուի Լիզպոնի գործողութեան 39-ամեակը: Այս առիթով տեղի պիտի ունենայ քայլարշաւ Սիսի շրջանի ՀՅԴ «Ազիրեան» ակումբի դիմացէն մինչեւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատուն, ուր տեղի պիտի ունենայ ոգեկոչման հանդիսութիւն:

Ներկայ փուլին Լիզպոնի հերոս տղոց աքթը եւ առհասարակ սփիւռքի մէջ ծաւալած Հայ դատի հետապնդման աշխատանքները լուսարձակի տակ դնելու իրողութիւնը բազմիմաստ ու այժմէական խոր պատգամներ կը պարփակէ: Աւելի՛ն, Հայ դատի պահանջատիրութեան առաջամարտիկը հանդիսացող լիբանանահայութիւնը յաւելեալ պարտաւորութեան տակ կը գտնուի անցնող տասնամեակներուն ձեռք բերուած նուաճումներու ոտնահարման դիմաց թումբ հանդիսանալու: Հետեւաբար, պահը կը թելադրէ, որ բոլորս միասնաբար` մեծով ու պզտիկով, 27 յուլիսի երեկոյեան մասնակցինք Լիզպոնի նահատակ հերոսներու յիշատակին կազմակերպուած քայլարշաւին եւ ոգեկոչման հանդիսութեան, վերանորոգենք Հայ դատի աննահանջ պայքարի մեր ուխտը եւ վերաշեշտադրենք լիբանանահայութեան այդ պայքարին նկատմամբ յանձնառութեան ամբողջական պատրաստակամութիւնը:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն քաջ կը գիտակցի, որ բազում փորձութիւններէ անցած ու այդ փորձութիւններուն ճամբով կենսափորձ նուաճած լիբանանահայ համայնքը կը շարունակէ մնալ ազատ, անկախ ամբողջական ու միացեալ Հայաստանի տեսլականի անկեղծ զինուորը եւ այսօրուան արցախեան եւ հայաստանեան տարածքներու ճակատներուն վրայ արձանագրուած պարտութիւնները կը նկատէ ժամանակաւոր ու կը հաւատայ հայութեան յարատեւ կռիւի յաջողութեան:

Վերջապէս, թշնամիներու կողմէ գծուող նոր քարտէսները չեն կրնար իբրեւ ընդունուած իրականութիւն ընկալելի դառնալ հայաշխարհին կողմէ եւ Հայաստանն ու Արցախը պարտութեան առաջնորդած ներկայ իշխանութեան վարչախումբը օր առաջ պարտաւոր է անսալու համայն հայութեան պահանջին, որպէսզի իրերայաջորդ սերունդներու թափած թանկ արիւնն ու քրտինքը յումպէտս չհոսին, եւ հայութիւնը յաջողի վերակերտել իր ազգային արժանապատուութիւնը:

Մեր պահանջատիրական ուխտի վերանորոգման առիթ է 27 յուլիսը, եւ վստահ ենք, որ իւրաքանչիւր հայորդի անմասն պիտի չմնայ այս իրադարձութենէն:

 

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

22 Յուլիս, 2022թ.

«Ազդակ»

 

Յարակից լուրեր

  • ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին նախաձեռնութեամբ Հալէպ հասաւ լիբանանահայութեան մարդասիրական օժանդակութիւնը
    ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին նախաձեռնութեամբ Հալէպ հասաւ լիբանանահայութեան մարդասիրական օժանդակութիւնը

    Կիրակի, 12 մարտի յետմիջօրէին, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցի հասաւ լիբանանահայութեան կողմէ առաքուած մարդասիրական օժանդակութիւնը:

  • ՋԱՀ-ի կազմակերպութեամբ ընթացք առաւ «Արցախի կոթողները» խորագիրով շրջուն ցուցահանդէսը
    ՋԱՀ-ի կազմակերպութեամբ ընթացք առաւ «Արցախի կոթողները» խորագիրով շրջուն ցուցահանդէսը

    Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ՋԱՀ (Ջաւախք-Արցախ-Հայաստան) յանձնախումբին, երկուշաբթի, 20 եւ չորեքշաբթի 22 փետրուարին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլէճին եւ Մ. եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանին մէջ ընթացք առաւ «Արցախի կոթողները» խորագիրով շրջուն ցուցահանդէսը, որ պիտի այցելէ Լիբանանի տարբեր հայկական վարժարաններ:

  • Հայ Օգնութեան Միութեան Գանատայի Շրջանային Վարչութեան կոչը
    Հայ Օգնութեան Միութեան Գանատայի Շրջանային Վարչութեան կոչը

    Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

    Ինչպէս գիտէք Փետրուարի 6, 2023-ին ահաւոր երկրաշարժ մը ցնցեց Թուրքիոյ հարաւը եւ Սուրիոյ հիւսիսային շրջանը ներառեալ հայաշատ Հալէպ քաղաքը։ Երկրաշարժը տապալեց շէնքեր եւ ծանրակշիռ աւերներ պատճառեց, որուն հետեւանքով արձանագրուեցան հազարաւոր վիրաւորներ եւ հարիւրաւոր մահեր: Պատերազմի եւ տնտեսական ծանր պայմաններուն տակ ապրող սուրիահայը կրկին մատնուեցաւ նոր տեսակի սարսափի, անորոշութեան եւ վտանգի:

  • Հայ Օգնութեան միութեան կոչը՝ սուրիահայութեան օժանդակութեան
    Հայ Օգնութեան միութեան կոչը՝ սուրիահայութեան օժանդակութեան

    Հայ Օգնութեան Միութիւնը մեծ յուզմունքով կը հետեւի Փետրուար 6, 2023-ին, վաղ առաւօտեան Սուրիոյ եւ տարածաշրջանին մէջ պատահած 7.8 ուժգնութեամբ ցնցած երկրաշարժին աղէտալի հետեւանքներուն: Հիւսիսային Սուրիոյ քաղաքները մանաւանդ Հալէպը մեծապէս ցնցուած են եւ անգամ մը եւս մեր զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը կը յայտնենք Սուրիահայ գաղութին, որոնք կրկին անգամ կը գտնուին ծանր պայմաններու մէջ:

  • Հանրահաւաքի մասնակցութեան կոչ՝ ի զօրակցութիւն Արցախի
    Հանրահաւաքի մասնակցութեան կոչ՝ ի զօրակցութիւն Արցախի

    Այս օրերին, մի անգամ եւս, սեւ մութ ամպեր են կուտակւել հայոց աշխարհի եւ նրանից անբաժան հայկական լեռնաշխարհի՝ հայոց արծւաբոյնը համարւող ԱՐՑԱԽի շուրջ: Արցախը պանթէոնն է յաւերժաբոյր քաջամարտիկ նահատակների, այլեւ խորհրդանիշը մեր ժողովրդի ազատագրական սուրբ եւ արդար պայքարի:

Ամենաշատ ընթերցւած

Քւէարկութիւն

Կը յաջողւի՞ արդեօք Արմէն Սարգսեանին նոր որակ մտցնել ՀՀ քաղաքական կեանքում:

Եղանակ

Հեղինակութիւն © 2011-2022 «ԱԼԻՔ» Օրաթերթ։ Բոլոր իրավունքները պահպանւած են։