Հա

Ազգային

31/10/2022 - 13:20

Արցախէն հնչող պահանջը

30 հոկտեմբեր 2022-ին, Ստեփանակերտի վերածնունդի հրապարակը հաւաքուեցաւ Արցախի ողջ ժողովուրդը: Արցախի ժողովուրդը, 31 հոկտեմբերին Սոչիի մէջ Փաշինեան, Ալիեւ եւ Փութին եռակողմ հանդիպման նախօրեակին ըսաւ իր վճռական մերժումը Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ընդունելու նախապատրաստուող որոշման դէմ: 27 հոկտեմբերին, «Վալտայ» ակումբի հանդիպման ընթացքին Փութին յայտարարած էր, որ ուաշինկթընեան համաձայնագիրը կ՛ենթադրէ Ղարաբաղի նկատմամբ Ազրպէյճանի գերիշխանութեան ճանաչում. եթէ Հայաստանը ասիկա կ՛ընտրէ, ապա խնդրեմ, մենք չենք կրնար հակառակը պարտադրել:

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

 

30 հոկտեմբեր 2022-ին, Ստեփանակերտի վերածնունդի հրապարակը հաւաքուեցաւ Արցախի ողջ ժողովուրդը: Արցախի ժողովուրդը, 31 հոկտեմբերին Սոչիի մէջ Փաշինեան, Ալիեւ եւ Փութին եռակողմ հանդիպման նախօրեակին ըսաւ իր վճռական մերժումը Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ընդունելու նախապատրաստուող որոշման դէմ: 27 հոկտեմբերին, «Վալտայ» ակումբի հանդիպման ընթացքին Փութին յայտարարած էր, որ ուաշինկթընեան համաձայնագիրը կ՛ենթադրէ Ղարաբաղի նկատմամբ Ազրպէյճանի գերիշխանութեան ճանաչում. եթէ Հայաստանը ասիկա կ՛ընտրէ, ապա խնդրեմ, մենք չենք կրնար հակառակը պարտադրել:

Ի՞նչ է ուաշինկթընեան համաձայնագիրի նախագիծը: 27 սեպտեմբեր 2022, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, Հայտար Ալիեւի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ եւ Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվըն մշակած են խաղաղութեան պայմանագիրի տարբերակ մը, որ առանցքային խօսակցութեան նիւթ դարձած է Փրակայի մէջ, 6-7 հոկտեմբերին Եւրոպական քաղաքական համայնքի ժողովի ծիրին մէջ կայացած քառակողմ հանդիպման ընթացքին (Փաշինեան, Ալիեւ, Մաքրոն եւ Շարլ Միշել): Փրակայի մէջ յայտարարուած էր, որ Հայաստան եւ Ազրպէյճան կը հաստատեն իրարու տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը:

Ուաշինկթընեան գաղտնազերծուած փաստաթուղթը ունի բազմաթիւ կէտեր, որոնցմէ մէկը կը վերաբերի Արցախին: Փաստաթուղթը կ՛ըսէ հետեւեալը. «Ազրպէյճանի կառավարութիւնը կ՛առաջադրէ ներկայացուցիչ մը, որ կ՛աշխատի համանման ներկայացուցիչին հետ` Ղարաբաղի էթնիկ հայ համայնքին կողմէ նշանակուած` Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներուն իրաւունքներուն եւ անվտանգութեան քննարկումներ կատարելու համար: Ներկայացուցիչները իրենց քննարկումներուն թափանցիկութիւնը կ՛ապահովեն միջազգային հանրութեան: Կողմերը կը շարունակեն քննել միջազգային դիտորդի հնարաւոր կարգավիճակը` առանց Ազրպէյճանի ինքնիշխանութիւնը բռնաբարելու, նպատակ ունենալով վստահութիւնը ապահովել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրող ազգային փոքրամասնութեան խումբերու պաշտպանութեան առնչութեամբ:

Վերեւի շարադրուածը դիւանագիտական բաց բնագիրով Արցախի ինքնորոշման իրաւունքէն հրաժարում կ՛ենթադրէ: Նիկոլ Փաշինեան կը յայտարարէ, որ ինք կը պատրաստուի ստորագրել հրամցուած փաստաթուղթը, զայն նկատելով Հայաստանի 29.800 քառ. քիլոմեթր տարածքի անվտանգութեան երաշխիքը:

Երկու տարիէ ի վեր, բանակցութիւններու ընթացքին կը թուէր, որ Արցախը մոռցուած է, կամ խաղէն դուրս մղուած: Բաւեց, որ Ռուսիան եւ Արեւմուտքը բուռն կերպով հակադրուին, որպէսզի թէ՛ մէկը եւ թէ՛ միւսը վերյիշեն, որ Արցախ ու հոն ապրող ժողովուրդ գոյութիւն ունին: Ռուսիա, որ Արցախի հարցը կը փորձէր մոռացութեան տալ, յանկարծ անոր ինքնիշխանութեան հաւանական երաշխաւորի տպաւորութիւն կը բացայայտէ: Իսկ Արեւմուտքին համար, Արցախը Ազրպէյճանի մաս կը կազմէ, թերեւս ալ միջազգային դիտորդներու անունին տակ այնտեղ ալ թափանցելու կարելիութիւն մը ընծայելով իրեն:

Արցախի ժողովուրդի մերժումը յստակօրէն բանաձեւուած է խորհրդարանի յայտարարութեան մէջ: «Հայաստանի Հանրապետութեան ո՛չ մի իշխանութիւն իրաւունք չունի հրաժարուել Արցախի ժողովուրդի անվտանգութիւնը ապահովելու առաքելութիւնից»: Աւելի անդին` «Պահանջում ենք Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններից` միջազգային հարթակներում հանդէս գալ հայկական երկու հանրապետութիւնների միասնական շահերը պաշտպանելու դիրքերից` հիմք ընդունելով առկայ հիմնաւոր փաստաթուղթերը, մասնաւորապէս Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան հռչակագիրը եւ Գերագոյն խորհուրդի 1992 թուականի յուլիսի 8-ի պատմական որոշումը»:

Հայաստանի ժողովուրդը այլեւս չի կրնար անտարբերութիւն ձեւացնել: Ժողովուրդը իշխանութենէն պէտք է պահանջէ վերջ տալ Ռուսիոյ եւ Արեւմուտքի միջեւ երերացող խաղերուն եւ տէր կանգնիլ իր պարտաւորութեան, ինչպէս կը պահանջէ Արցախի խորհրդարանի կոչը: Ինչպէս 1988-ին, արցախեան պահանջատիրութեան սկիզբին, հայութիւնը միակամ` Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք, տէր պէտք է կանգնի Հայաստանի եւ Արցախի միասնական պայքարին:

Դիմադրութեան շարժման հրաւիրած հանրահաւաքը, 5 նոյեմբերին, ի պաշտպանութիւն Արցախէն հնչած պահանջներուն, պէտք է համախմբէ ողջ հայութիւնը:

Պահանջատիրական պայքարը 1988-ին սկսաւ Արցախէն: Այժմ կը վերսկսի Արցախէն: Արցախէն առկայծող բոցը բռնկեցուց ամբողջ հայկական աշխարհը: Նոյնը պէտք է պատահի նաեւ հիմա:

 

«Ազդակ»

 

Յարակից լուրեր

  • ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան միութիւններու 100-ամեակ. Յուշեր եւ վկայութիւններ
    ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան միութիւններու 100-ամեակ. Յուշեր եւ վկայութիւններ

    Պատանեկան միութիւններու ստեղծումը ընդհանրապէս Մերձաւոր արեւելեան երեւոյթ է: Պատմութեան մէջ 1918-ին եւ անկէ ետք «խօսք կայ» աշակերտական միութեան մը մասին, որուն անդամները նոյնիսկ ջոկատով մը Սարդարապատի ճակատամարտին մասնակցութիւն բերած են: Այդ մէկը խորքին մէջ զուտ աշակերտական չէր, այլ` ուսանողական:

  • Չմոռնալ ժամանակի եւ միջավայրի հրամայականները
    Չմոռնալ ժամանակի եւ միջավայրի հրամայականները

    Այս յօդուածը կը գրեմ Երեւանէն, ուր կարճատեւ այցելութեամբ կը գտնուիմ մասնակցելու համար գիտաժողովի մը, որ կազմակերպուած է Համազգայինի Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակին եւ Խ. Աբովեանի անուան Հայկական պետական մանկավարժական համալսարանին կողմէ` գործակցաբար: Գիտաժողովը տեղի ունեցաւ շատ յաջող կերպով: 17 բանախօսներ, բոլորն ալ համալսարանական դասախօսներ, պատմաբաններ ու բանասէրներ քննեցին «Հայ հասարակական-քաղաքական միտքը 19-րդ դարի վերջին եւ 20-րդ դարի առաջին կէսին-պատմութիւն եւ արդիականութիւն» նիւթը:

  • Ինչո՞ւ պաշտօնազրկուեցաւ Ռուբէն Վարդանեանը
    Ինչո՞ւ պաշտօնազրկուեցաւ Ռուբէն Վարդանեանը

    Կա՞ր արդեօք տարակարծութիւն Արայիկ Յարութիւնեանի եւ Ռուբէն Վարդանեանի միջեւ: Տարակարծութիւնը նո՞ր էր, թէ՞ արդէն գոյութիւն ունէր ի սկզբանէ, երբ առաջինը չորս ամիս առաջ պետական նախարար կը նշանակէր երկրորդը: Կը նշանակէր արտակարգ իրաւասութիւններով, ձգելով այն տպաւորութիւնը, որ ինք բացարձակ իշխանութեան դիրքերը կը զիջի անձի մը, որ քաղաքական դէմք չէ, փորձառութիւն չունի, բայց Արցախի Հանրապետութեան ու անոր ժողովուրդին ծառայելու պատրաստակամութիւն յայտնած է, հայտ ներկայացուցած է ինչպէս կ՛ըսեն: 

  • 35 տարի առաջ, այս օրերուն
    35 տարի առաջ, այս օրերուն

    Գերմանիոյ Միւնիխ քաղաքին մէջ գումարուող Համաշխարհային խաղաղութեան խորհրդաժողովին առիթով, կազմակերպուած է բազմաձայն զրոյց մը, նուիրուած` հարաւային Կովկասի ապահովութեան: Զրոյցին կը մասնակցէին Վրաստանի, Հայաստանի, Ազրպէյճանի ղեկավարները (նախագահ կամ վարչապետ) եւ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործերու ու անվտանգութեան քարտուղարը:

  • Պիտի սթափի՞նք արդեօք
    Պիտի սթափի՞նք արդեօք

    Թուրքիոյ հարաւը եւ Սուրիոյ հիւսիսը հարուածած ահեղ երկրաշարժը չի կրնար անտարբեր ձգել ոեւէ բանաւոր անհատ: Նաեւ հայ անհատ: Քանդուած քաղաքներու եւ գիւղերու անուններէն շատերը հարազատ են մեր ականջին: Գահրաման Մարաշը մեր Մարաշն է, Ղազի Այնթէպը մեր Այնթէպն է, Օսմանիէն մեր Զէյթունն է ու տակաւին կրնանք շարունակել թուումը վայրերու, որոնք հարիւրամեակ մը առաջ հայաշատ ու հայաշունչ աւաններ էին: Զոհերուն թիւը ամէն օր կ՛աճի, ու տակաւին յայտնի չէ, թէ քանի տասնեակ հազարներու պիտի յանգի: Զոհերուն մէջ հայեր ալ կան, թէ՛ Սուրիոյ եւ թէ՛ Թուրքիոյ մէջ. անոնց թիւը առայժմ տասնեակ մըն է: Մաղթենք, որ շէնքերու փլատակներու վերացման աւարտին անոնց թիւը չաւելնայ:

Ամենաշատ ընթերցւած

Քւէարկութիւն

Կը յաջողւի՞ արդեօք Արմէն Սարգսեանին նոր որակ մտցնել ՀՀ քաղաքական կեանքում:

Եղանակ

Հեղինակութիւն © 2011-2022 «ԱԼԻՔ» Օրաթերթ։ Բոլոր իրավունքները պահպանւած են։