Հա

Ազգային

14/11/2022 - 16:30

Մտորումներ` Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան մասին

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 132-ամեակի նշումներու սեմին, իր գործունէութեան վերաբերող հարցականներու ու երբեմն հնչող մեղադրանքներու լոյսին տակ, թուղթին կը յանձնեմ կարգ մը մտածումներ, աւելի ճիշդ` մտորումներ:

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

 

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 132-ամեակի նշումներու սեմին, իր գործունէութեան վերաբերող հարցականներու ու երբեմն հնչող մեղադրանքներու լոյսին տակ, թուղթին կը յանձնեմ կարգ մը մտածումներ, աւելի ճիշդ` մտորումներ:

Դաշնակցութեան էութիւնը բնորոշող, իր հիմնադրութեան հիմքերէն մէկը, կարեւորագոյնը, իր յեղափոխութիւնն է: Քանի որ դաշնակցութեան գործունէութեան առաջին երեսնամեակին ընթացքին, երբ արմատաւորուեցան կուսակցութեան բարոյական չափանիշները, զինեալ պայքարն էր յեղափոխութեան ամէնէն աւելի տեսանելի արտայայտութիւնները, շատերու գիտակցութեան մէջ արմատաւորուեցաւ յեղափոխութեան եւ զինեալ պայքարի նոյնութեան շփոթանքը:

Պէտք չէ շփոթել յեղափոխութիւնը բռնութեան, որեւէ տեսակի, նոյնիսկ ոչ զինեալ բռնութեան հետ: Դաշնակցութեան գործունէութեան յարիր են, իբրեւ բարոյական նկարագրի ստորոգելիներ, խիզախութիւնն ու քաջութիւնը: Բայց այդ յատկանիշները բնորոշ չեն, առանձինն, յեղափոխութեան հետ: Բայց ի՞նչ է ուրեմն յեղափոխութիւնը:

ՀՅ Դաշնակցութեան յեղափոխականութիւնը հայ ազգին ու հայոց, հայրենիքին վիճակուած կայունութեան, եղածին արմատական փոփոխութիւնն է: Այո՛, դաշնակցականը ի հարկին գիտէ զէնք գործածել, սակայն զէնքի հարկադրական գործածութիւնը ուղղուած է թշնամիին դէմ. հայկական բանակի ստեղծումէն ետք, դաշնակցականը ի հարկին զէնքին կը դիմէ` կամաւորագրուելով հայկական բանակին: Երբ կայ ազգային բանակ, անիկա ունի զէնքի գործածութեան մենաշնորհը: Բանակին զէնքը պէտք է գործածուի միա՛յն արտաքին թշնամիին դէմ, ներխուժողին դէմ, բնաւ` ներքին հակառակորդին:

70 տարիներ Դաշնակցութիւնը հարկադրաբար գործեց իր գործունէութեան բնական միջավայրէն` Հայաստանէն դուրս: Դաշնակցականը ապրեցաւ ու պայքարեցաւ անկախ ու միացեալ Հայաստանի տեսիլքով: Դաշնակցականը գործեց բարեկամ ու երբեմն ոչ բարեկամ միջավայրերու մէջ. ու լծուեցաւ սփիւռքեան համայնքներու կազմակերպումին, աշխատեցաւ ինքնապաշտպանութեան, ինքնութեան պահպանման համար: Բայց մանաւանդ` Հայաստանի անկախութեան գաղափարական պահպանումին համար: Հայաստանի Հանրապետութեան Եռագոյն դրօշը շփոթուեցաւ Դաշնակցութեան դրօշին հետ:

1991-ին եկաւ անկախութիւնը: Եռագոյն դրօշը, որ Դաշնակցութիւնը գուրգուրանքով պահպանած էր, վերադարձաւ իր հարազատ տիրոջ` Հայաստանի Հանրապետութեան:

Դաշնակցութեան գործելակերպը հարկադրաբար պիտի պատշաճէր սփիւռքեան պայմաններուն: Միեւնոյն գործելակերպը չի կրնար գործադրուիլ Հայաստանի մէջ, որ պետութիւն է, որ մե՛ր պետութիւնն է, թէեւ ոչ անպայման Դաշնակցութեան երազած պետութիւնը, բայց այնուամենայնիւ մե՛րն է, հա՛յ ազգինն է: Դաշնակցութիւնը, որ իբրեւ պետական կուսակցութիւն կարճատեւ փորձառութիւն մը ունեցած էր 1918-էն 1920-ի յետպատերազմեան դժուար ժամանակներուն, այսօր, փոփոխուած աշխարհի մը նոր պայմաններու առկայութեան, պէտք է գործէ՛ իբրեւ պետական կուսակցութիւն: Դաշնակցութեան կազմակերպական ապակեդոնացումը հնարաւորութիւն կու տայ Հայաստանի կառոյցին որդեգրելու, ՀՅԴ ծրագրին ու ընդհանուր ժողովի որդեգրած ռազմավարութեան հաւատարմութեան պայմաններու մէջ, կատարելու մարտավարական ընտրանքներ ու որդեգրելու ՀՀ սահմանադրութեան ու քաղաքական, ընկերային եւ ապահովական կացութեան պատշաճող գործելակերպ: Այդ գործելակերպը անպայմանօրէն նկատի պիտի ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան պետականութեան կայացման, անվտանգութեան ու հայ ժողովուրդի ձգտումներուն եւ իղձերուն հաւատարիմ մնալու հրամայականը: Դաշնակցականը չի կրնար չգուրգուրալ այն անկախ Հայաստանի պետականութեան, այն վարդահեղեղ արշալոյսին, որուն ոտնաձայնը լսած էր նահատակ բանաստեղծը` Դանիէլ Վարուժան:

Դաշնակցութիւնը ստեղծուած է կատարելու համար ճշգրիտ գործ մը. այդ գործը անմնացորդ ծառայութիւնն է «Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրութեան դատին»: Ծրագիրը անշուշտ թէ՛ կը մանրամասնէ այս հակիրճ ու սեղմ բանաձեւումը նպատակին եւ թէ՛ կը հիմնաւորէ զայն: Դաշնակցութիւը վերացական աշխարհի մէջ գործող կազմակերպութիւն չէ: Տուեալ ժամանակաշրջանի մը մէջ` հիմնուելով աշխարհաքաղաքական ընդհանուր վիճակին, ուժերու դասաւորումին եւ տագնապներու գոյութեան վրայ, յատկապէս Հայաստանի մերձակայ տարածաշրջանին մէջ` նկատի ունենալով Հայաստանի ու հայութեան քաղաքական ու ընկերատնտեսական վիճակը, նաեւ հիմնուելով իր շարքերու կարելիութիւններուն վրայ, Դաշնակցութեան ընդհանուր ժողովը, միշտ հաւատարիմ Ծրագրին, կը մշակէ ռազմավարութիւն եւ կը ճշդէ իրագործելի անմիջական առաջադրանքները: 132 տարիներու երկայնքով, առաջադրանքներու միջեւ բաղդատութիւնները անիմաստ են. իւրաքանչիւր շրջան իր առանձնայատկութիւնը ունի, ուրեմն նաեւ ունի այդ շրջանին յատուկ, կարելի իրագործումի ահակ անմիջական աշխատանքային օրակարգ: Կը փոխուին տուեալները, կը փոխուի նաեւ համապատասխանաբար օրակարգը` միշտ մնալով, կը կրկնեմ, գաղափարական նոյն հարթութեան վրայ:

Աշխատանքային ու պայքարի ընթացիկ օրակարգը սահմանելու ատեն կրնան տարակարծութիւններ յառաջանալ, հինի ու նորի, նոյնիսկ պատմականօրէն շատ հինի ու նորագոյն անշահ բաղդատութիւններ կրնան ըլլալ: Նման բաղդատութիւններ պարբերաբար եղած են, երբ ոմանք, չարամտօրէն, ուրիշներ գաղափարական սկզբունք պահելու բարեմտութեամբ, քննադատած են Դաշնակցութեան գործունէութիւնը: Դաշնակցութիւնը պիտի անտեսէ չարամիտ բամբասանքները եւ ուշադրութեամբ սերտէ բարեկամական առարկութիւնները: Փոխէ իր առաջադրանքները, եթէ անոնց մէջ ցոյց տրուին սխալներ կամ թերութիւններ: Այլապէս` բացատրէ իր հետապնդած օրակարգին էութիւնը: Առաջադրանքներու ճշդումին առիթով, յիշեցնենք, որ անոնց սկզբնաղբիւրը Ծրագրի նպատակն է, գործնականացումը` ընդհանուր ժողովի ճշդած ռազմավարութիւնը: Ուրեմն, որեւէ գործունէութեան պարագային, կուսակցական շահ հասկացողութիւնը գոյութիւն չունի, քանի որ Դաշնակցութեան համար հայրենիքի ու հայութեան շահը գերակայ է ամէն ուրիշ նկատառումէ, ինչպէս անհատ Դաշնակցականի շահը ստորադաս է Դաշնակցութեան շահին: Դաշնակցական մարմինները եւ ժողովները կը հսկեն այս հաւասարութիւններու ճշգրիտ գործադրութեան:

Վերեւի նշումները կը հաստատեն, որ Դաշնակցութիւնը քարացած մտայնութեամբ, ժամանակէն ու միջավայրէն անկախ ապրող կազմակերպութիւն չէ: Ան, ահաւասիկ 132 տարիներէ ի վեր, վկան է պատմական ժամանակահատուածին, միշտ այժմէական, միշտ ժրաջան, միշտ գաղափարապաշտ:

 

«Ազդակ»

 

Յարակից լուրեր

  • ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան միութիւններու 100-ամեակ. Յուշեր եւ վկայութիւններ
    ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան միութիւններու 100-ամեակ. Յուշեր եւ վկայութիւններ

    Պատանեկան միութիւններու ստեղծումը ընդհանրապէս Մերձաւոր արեւելեան երեւոյթ է: Պատմութեան մէջ 1918-ին եւ անկէ ետք «խօսք կայ» աշակերտական միութեան մը մասին, որուն անդամները նոյնիսկ ջոկատով մը Սարդարապատի ճակատամարտին մասնակցութիւն բերած են: Այդ մէկը խորքին մէջ զուտ աշակերտական չէր, այլ` ուսանողական:

  • Չմոռնալ ժամանակի եւ միջավայրի հրամայականները
    Չմոռնալ ժամանակի եւ միջավայրի հրամայականները

    Այս յօդուածը կը գրեմ Երեւանէն, ուր կարճատեւ այցելութեամբ կը գտնուիմ մասնակցելու համար գիտաժողովի մը, որ կազմակերպուած է Համազգայինի Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակին եւ Խ. Աբովեանի անուան Հայկական պետական մանկավարժական համալսարանին կողմէ` գործակցաբար: Գիտաժողովը տեղի ունեցաւ շատ յաջող կերպով: 17 բանախօսներ, բոլորն ալ համալսարանական դասախօսներ, պատմաբաններ ու բանասէրներ քննեցին «Հայ հասարակական-քաղաքական միտքը 19-րդ դարի վերջին եւ 20-րդ դարի առաջին կէսին-պատմութիւն եւ արդիականութիւն» նիւթը:

  • Ինչո՞ւ պաշտօնազրկուեցաւ Ռուբէն Վարդանեանը
    Ինչո՞ւ պաշտօնազրկուեցաւ Ռուբէն Վարդանեանը

    Կա՞ր արդեօք տարակարծութիւն Արայիկ Յարութիւնեանի եւ Ռուբէն Վարդանեանի միջեւ: Տարակարծութիւնը նո՞ր էր, թէ՞ արդէն գոյութիւն ունէր ի սկզբանէ, երբ առաջինը չորս ամիս առաջ պետական նախարար կը նշանակէր երկրորդը: Կը նշանակէր արտակարգ իրաւասութիւններով, ձգելով այն տպաւորութիւնը, որ ինք բացարձակ իշխանութեան դիրքերը կը զիջի անձի մը, որ քաղաքական դէմք չէ, փորձառութիւն չունի, բայց Արցախի Հանրապետութեան ու անոր ժողովուրդին ծառայելու պատրաստակամութիւն յայտնած է, հայտ ներկայացուցած է ինչպէս կ՛ըսեն: 

  • 35 տարի առաջ, այս օրերուն
    35 տարի առաջ, այս օրերուն

    Գերմանիոյ Միւնիխ քաղաքին մէջ գումարուող Համաշխարհային խաղաղութեան խորհրդաժողովին առիթով, կազմակերպուած է բազմաձայն զրոյց մը, նուիրուած` հարաւային Կովկասի ապահովութեան: Զրոյցին կը մասնակցէին Վրաստանի, Հայաստանի, Ազրպէյճանի ղեկավարները (նախագահ կամ վարչապետ) եւ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործերու ու անվտանգութեան քարտուղարը:

  • Պիտի սթափի՞նք արդեօք
    Պիտի սթափի՞նք արդեօք

    Թուրքիոյ հարաւը եւ Սուրիոյ հիւսիսը հարուածած ահեղ երկրաշարժը չի կրնար անտարբեր ձգել ոեւէ բանաւոր անհատ: Նաեւ հայ անհատ: Քանդուած քաղաքներու եւ գիւղերու անուններէն շատերը հարազատ են մեր ականջին: Գահրաման Մարաշը մեր Մարաշն է, Ղազի Այնթէպը մեր Այնթէպն է, Օսմանիէն մեր Զէյթունն է ու տակաւին կրնանք շարունակել թուումը վայրերու, որոնք հարիւրամեակ մը առաջ հայաշատ ու հայաշունչ աւաններ էին: Զոհերուն թիւը ամէն օր կ՛աճի, ու տակաւին յայտնի չէ, թէ քանի տասնեակ հազարներու պիտի յանգի: Զոհերուն մէջ հայեր ալ կան, թէ՛ Սուրիոյ եւ թէ՛ Թուրքիոյ մէջ. անոնց թիւը առայժմ տասնեակ մըն է: Մաղթենք, որ շէնքերու փլատակներու վերացման աւարտին անոնց թիւը չաւելնայ:

Ամենաշատ ընթերցւած

Քւէարկութիւն

Կը յաջողւի՞ արդեօք Արմէն Սարգսեանին նոր որակ մտցնել ՀՀ քաղաքական կեանքում:

Եղանակ

Հեղինակութիւն © 2011-2022 «ԱԼԻՔ» Օրաթերթ։ Բոլոր իրավունքները պահպանւած են։