Հա

Ազգային

03/12/2022 - 14:40

«Յանուն հայրենիքին ու Հայ Դատին». Ի նպաստ Հայ Դատին Թորոնթոյի մէջ հանգանակուեցաւ 132,687 հազար տոլար

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպած «Յանուն հայրենիքին եւ Հայ Դատին» խորագիրը կրող հանգանակային ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 1 դեկտեմբեր 2022-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի սրահին մէջ:

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպած «Յանուն հայրենիքին եւ Հայ Դատին» խորագիրը կրող հանգանակային ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 1 դեկտեմբեր 2022-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի սրահին մէջ:

Օրուան հանդիսավար՝ Խաժակ Գուլաճեանը, բարի գալուստ մաղթեց եւ իր խօսքին մէջ նշեց Հայ Դատի գրասենեակներու կատարած կարեւոր դերակատարութիւնը հայ ազգի քաղաքական իրաւունքներուն տէր կանգնելու, ապա հաստատեց, որ ձեռնարկը կը նպատակադրէ օժանդակել Հայ Դատի գրասենեակներուն, որոնք տարիներ շարունակ քաղաքական-քարոզչական լուրջ գործունէութիւն կը ծաւալեն:

Ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը Գանատայի Հայ Դատի գրասենեակի անցնող քանի մը տարիներու աշխատանքները եւ նուաճումները ամփոփող, որմէ ետք Հայ Դատի գրասենեակի տնօրէն Սեւակ Պելեանը յստակացումներ կատարեց Արցախի հիմնահարցին հետHorizon Weekly Newspaperկապուած աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն մասին, ապա որոշ մանրամասնութիւններով ներկայացուց գրասենեակի աշխատանքի ընթացքը, քաղաքական-դիւանագիտական մակարդակի ծաւալած յարաբերութիւնները եւ յայտնեց, որ գաղութը նոր մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուի եւ նոր ռազմավարութեան կարիքը կը զգացուի, հետեւաբար պէտք է յալելեալ լրջութեամբ հետեւիլ Հայ Դատի աշխատանքներուն:

Խօսքի աւարտին Սեւակ Պելեան յանձնախումբի եւ գրասենեակին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր համակիրներուն անվերապահ աջակցութեան, որ խթան հանդիսացած է ու կը շարունակէ հանդիսանալ Հայ Դատի գրասնեակի աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան իր խօսքի առաջին բաժինով ընդհանուր պատկեր մը տուաւ ՀՅԴ աշխատանքներուն մասին, որպէս համահայկական կառոյց: Նախ ներկայացուց հիմնական մարտահրաւէրները, ինչպէս Արցախի կարգավիճակի խնդիրը, որ կը շարունակէ անտեսուած մնալ թէ՛ Արեւելքէն եւ թէ՛ Արեւմուտքէն, Հայաստան-Ազրպէյճան հակամարտութեան մէջ սահմանագծման եւ սահմանազերծման հարցը, Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւնները, Ռուսիա-Թուրքիա շահերու համընկնումը ներկայ հանգրուանին, որոնք մեծապէս կը վտանգեն ոչ միայն Արցախի կարգավիճակին, այլ նաեւ Հայաստանի հողային տարածքային ամբողջութեան։ Ապա խօսեցաւ ստեղծուած քաղաքական թոհուբոհին մէջ ՀՅԴ-ի տարած հսկայական աշխատանքներուն մասին, ինչպէս Հայրենիքի փրկութեան շարժում, խորհրդաժողովները եւրոպական երկիրներ եւ Միջին Արեւելք, դիւանագիտական մակարդակի հանդիպումներ, ջաւախահայութեան օժանդակութիւններ, եւ վերջապէս նոր հրատարակութիւններ Հայ Դատի մասին: Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան փակեց իր խօսքը նշելով, որ իր ներկայացուցածը մէկ փոքր հատուածն է այն հսկայ աշխատանքներուն, որ առաջ կը տանի ՀՅԴ կազմակերպութիւնը, ապա հրաւիրեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեանը, որ զեկուցէ կարգ մը շրջաններուն մէջ ՀՅԴ-ի գործնական աշխատանքներուն մասին:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեան իր կարգին զեկուցեց Աւստրալիոյ, Հարաւային Ամերիկայի եւ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի մէջ Հայ Դատի տարած աշխատանքներուն մասին: Ան կարեւորեց երիտասարութիւնը աշխուժացնելու որդեգրուած ծրագիրները, այլ ազգային փոքրամասնութիւններու հետ համագործակցութեան կարեւորութիւնը, եւ ի նպաստ Ջաւախքի, Հայաստանի եւ Արցախի տարբեր շրջաններուն համար մշակուած Հայ Դատի յանձնախումբերու ծրագիրները:

Ընկ. Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան երկրորդ բաժինով զեկուցեց Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի աշխատանքներուն մասին: Ան հիմնական կէտերու մէջ ամփոփեց Հայ Դատի աշխատանքներու սահմանումը՝ հայրենիքի օժանդակութիւնը եւ պետական հիմերու ամրապնդումը, Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի շեշտաւոորւմը, Հայ իրաւական կեդրոնի ստեղծումն ու անոր ծաւալուն աշխատանքը, տարբեր երկիրներու մէջ հայութեան ժառանգած իրաւունքներու պաշտպանութեան խնդիրը, Ջաւախահայութեան իրաւունքներու հարցը, Արեւմտեան Հայաստանի Դատը եւ վերջապէս ժողովուրդի քաղաքականացումն ու յատկապէս հայ երիտասարդութիւնը դէպի քաղաքական կեանք մղելու հրամայականը:

Բիւրոյի ներկայացուցիչը ըսաւ, որ նշեալ բոլոր աշխատանքները ռազմավարական իմաստով կը համադրուին Հայ Դատի կեդրոնական խորհուրդին կողմէ եւ այդ ուղղութեամբ ալ ստեղծուած են միջազգային գրասենեակներ՝ Ուաշընկթընի, Պրիւքսէլի, Միջին Արեւելքի, Մոսկուայի եւ Երեւանի մէջ:

Բիւրոյի ներկայացուցիչը իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն, նուիրատուներուն եւ ըսաւ. «Մեր ուժը մեր ժողովուրդը եղած է միշտ: Ձեր նուիրատութիւններով կամաւոր աշխատանքը կ՚արդիւնաւորէք»:

Հանդիսավար Խաժակ Գուլաճեան յայտարարեց, որ Հայ Դատի առաքելութեան համար է հանգանակուած է 132, 687 տոլար: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր նուիրատուներուն, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս սատար կը կանգնին Հայ Դատի գործունէութեան:

Ձեռնարկի աւարտին Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան, Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեան եւ Օթթաուայի Հայ Դատի գրասնեակի գործավար Սեւակ Պելեան պատասխանեցին ներկաներուն հարցումներուն:

 

«Հորիզոն »

 

Յարակից լուրեր

  • Մեր պատմութիւնը վկայ, մենք կրնանք վստահիլ միայն մեր ուժերուն վրայ
    Մեր պատմութիւնը վկայ, մենք կրնանք վստահիլ միայն մեր ուժերուն վրայ

    Մենք մինչեւ 2020 Սեպտեմբեր յաղթանակած ժողովուրդ էինք: Արցախը ազատագրուած էր, Հայաստանը՝ վերանկախացած, Ջաւախքը՝ աշխուժացած, Արեւմտեան Հայաստանի մէջ՝ զարթօնքի ծիլեր արձակուած եւ Սփիւռքի մէջ ունեցած էինք հայ դատի կարեւոր ձեռքբերումներ համաշխարհային մակարդակով: Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը ամրապնդուած էր եւ ազգային օրակարգի հիմնական կէտերու շուրջ ալ համախոհութիւն ստեղծուած էր, մանաւանդ 2015ի հարիւրամեակի համախմբող մթնոլորտէն ետք:

  • Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանը հանդիպեց համայնքի կազմակերպութիւնների հետ
    Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանը հանդիպեց համայնքի կազմակերպութիւնների հետ

    ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանը, որ ՀՅԴ 132-ամեակի տօնակատարութեան միջոցառումների շրջանակում, ՀՅԴ ԱՄՆ Արեւմտեան շրջանն էր այցելել իր համայնքային հանդիպումների շարքին Շաբաթ, Փետրուար 18-ի առաւօտեան Կենտրոնական կոմիտէի անդամների ընկերակցութեամբ մտերմիկ նախաճաշ-հանդիպում ունեցաւ ազգային եկեղեցական միաւորների ներկայացուցիչների հետ:

  • Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչը այցելեց Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի ազգային առաջնորդարան
    Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչը այցելեց Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի ազգային առաջնորդարան

    Երկուշաբթի, 20 Փետրուար 2023-ի կէսօրին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Տիար Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան, ընկերակցութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական կոմիտէի հերթապահ՝ Տիար Տարօն Տէր-Խաչատուրեանի եւ անդամ՝ Տիար Ստեփան Պոյաճեանի, այցելեց Արեւմտեան Թեմի Ազգ. Առաջնորդարան եւ տեսակցութիւն ունեցաւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի հետ:

  • ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի շարքերուն կը միանայ 16 նորագիր
    ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի շարքերուն կը միանայ 16 նորագիր

    ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի 2023-ի նորագիրներուն Երդման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 18 փետրուար 2023-ին, Դաշնակցութեան ծրագրած եւ գործադրած «Նեմեսիս» գործողութեան գործիչ ընկ. Երուանդ Ֆունտուքեանի շիրիմին շուրջ, Ուիթիըրի Rose Hills գերեզմանատան մէջ: Ընկ. Ե. Ֆունտուքեան եւ ընկ. Յարութիւն Յարութիւնեան հետախուզութեան գործակիցները եղած էին ընկ. Միսաք Թորլաքեանին, որ արդարահատոյց հարուածը տուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին Պաքուի հազարաւոր հայերու ջարդերուն կազմակերպիչ Պէյպուտ Խան Ճիւանշիրին:

  • ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանի այցը Լոս Անջելըս
    ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանի այցը Լոս Անջելըս

    ՀՅԴ 132-ամեակի տօնակատարութեան միջոցառումների շրջանակում, ՀՅԴ ԱՄՆ արևմտեան շրջանն է այցելել ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանը: Տ. Խաչատուրեանը Լոս Անջելըս է հասել Ուրբաթ, Փետրուար 18ի միջօրէին: Նա հիմնական բանախօսն է ՀՅԴ 132-ամեակի պաշտօնական տօնակատարութեան որը տեղի է ունենալու Կիրակի Փետրուար 19ին Գլենդէյլի «Ալէքս» թատրոնում երեկոյեան ժամը 6:00ին: Այս տարի ՀՅԴ 132-ամեակի առիթով երեք հիմնական միջոցառումներ են նախատեսուել, որոնցից առաջինը «Ալէքս» թատրոնի մէջ կայանալիք միջոցառումն է:

Ամենաշատ ընթերցւած

Քւէարկութիւն

Կը յաջողւի՞ արդեօք Արմէն Սարգսեանին նոր որակ մտցնել ՀՀ քաղաքական կեանքում:

Եղանակ

Հեղինակութիւն © 2011-2022 «ԱԼԻՔ» Օրաթերթ։ Բոլոր իրավունքները պահպանւած են։