Ահազանգելով 12 դեկտեմբեր 2022-էն ի վեր ազրպէյճանական տարրերու կողմէ Արցախը Հայաստանին հետ կապող Լաչինի միջանցքի փակման դէմ` լիբանանահայ գաղութը վերահաստատեց իր զօրակցութիւնը Արցախի ժողովուրդին: Արդարեւ, երկուշաբթի, 19 դեկտեմբեր 2022-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի ունեցաւ Արցախի զօրակութեան յատուկ հաւաք, Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ կուսակցական ու միութենական կառոյցներու ներկայացուցիչներու եւ մեծաթիւ հայորդիներու:
Ահազանգելով 12 դեկտեմբեր 2022-էն ի վեր ազրպէյճանական տարրերու կողմէ Արցախը Հայաստանին հետ կապող Լաչինի միջանցքի փակման դէմ` լիբանանահայ գաղութը վերահաստատեց իր զօրակցութիւնը Արցախի ժողովուրդին: Արդարեւ, երկուշաբթի, 19 դեկտեմբեր 2022-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի ունեցաւ Արցախի զօրակութեան յատուկ հաւաք, Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ կուսակցական ու միութենական կառոյցներու ներկայացուցիչներու եւ մեծաթիւ հայորդիներու:
«Արցախի ժողովուրդին հետ» կարգախօսով զօրակցական այս հաւաքը կազմակերպուած էր հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու` Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան (ՍԴՀԿ), Ռամկավար ազատական կուսակցութեան (ՌԱԿ) եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) կողմէ:
Լիբանանեան, հայկական եւ Արցախի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, Կալի Աւագեան ողջունելով ներկաները` բացուած յայտարարեց ձեռնարկը: «Մեզի համար հայրենիքի սահմաններու անսասանելիութիւնը գերխնդիր է, մեզի համար հայութեան դէմ շղթայազերծուած նոր գրոհին դիմաց Հայաստանի պետականութեան ու դիւանագիտութեան ամրապնդումը եւ այդ ճամբով համազգային մեր ներուժի օգտագործումը կը շարունակէ մնալ ամուր համոզում», ընդգծեց ան իր բացման խօսքին մէջ:
Ապա առցանց կապով խօսք առնելով` Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան ողջունելով լիբանանահայերը` «աշխարհասփիւռ հայութիւնը կարող է բաժնել միայն հեռաւորութիւնը», շեշտեց ան: Հայրենի պատգամախօսը վերյիշեց իր ապրած տպաւորութիւնները Այնճարի մէջ, որ «այնքա՜ն հասարակաց ընդհանրութիւններ ունի Արցախի հետ»: Պարզելով Արցախի այժմու իրավիճակը` «Արցախ կանգնած է մարդասիրական աղէտի առջեւ», դիտել տուաւ Թովմասեան` շեշտելով, որ Ազրպէյճան բացայայտօրէն կ՛ոտնահարէ արցախահայութեան ապրելու եւ կեանքի իրաւունքները: Իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնելով միջազգային խաղաղարար առնչակից կառոյցներու ճիգերուն` Արթուր Թովմասեան ընդգծեց, որ կոչերը քիչ են, «մեզի անհրաժեշտ են գործօն ու տեսանելի քայլեր», շեշտեց ան: «Արցախի տագնապը հետզհետէ կը վերածուի մահաբեր տագնապի», դիտել տուաւ Արթուր Թովմասեան: Ան նշեց, որ քաղաքակիրթ աշխարհը պէտք է մտահոգէ այն, ինչ որ այսօր կը կատարուի Արցախի մէջ: «Արցախի ժողովուրդը տուած է իր հերոսական որոշումը` ամուր պահել իր պետականութիւնը եւ ապրիլ արժանապատիւ խաղաղութեամբ», ըսաւ Թովմասեան եւ աւելցուց. «Արցախը չի կրնար ըլլալ Ազրպէյճանի կազմին մէջ, ատիկա անկարելի է. արցախեան հիմնահարցը ունի մէկ լուծում, որ պէտք է տեղի ունենայ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային սկզբունքի հիման վրայ»: Թովմասեան կոչ ուղղեց համայն հայութեան ու առնչակից կողմերուն` կանգնելու Արցախի կողքին: Արթուր Թովմասեան խիստ անհրաժեշտ նկատեց Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութիւնը եւ դրական ու կարեւոր նկատեց ռուսական դերը: «Մեր ընտրած ճամբան այսօր ալ անշրջելի է, մեր պայքարը շարունակական է ու մեր հայրենի հողին մէջ ապրելու կամքը` անկոտրում», ընդգծեց Արթուր Թովմասեան:
Իր կարգին, Արցախի մարդկային իրաւանց նախկին ներկայացուցիչ եւ պետական նախարարի խորհրդական Արտակ Բեգլարեան թուեց Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակումն ու անոր հետեւանքները մարդասիրական, առողջապահական եւ կենցաղային առումով: Բեգլարեան նշեց, որ Ազրպէյճան իր ցեղասպանական քաղաքականութեամբ, ծիծաղելի ու կեղծ պատճառաբանութեամբ շրջափակումով կը միտի հայաթափել Արցախը: «Մեր յստակ պահանջը պէտք է ըլլայ, որ դադրեցուի Արցախի շրջափակումը եւ երաշխաւորուի նմանատիպ դէպքերու կանխարգիլումը, այլապէս` պէտք է յստակ պատասխանատուութեան ենթարկուին Ազրպէյճանն ու ալիեւեան վարչակարգը իրենց գործած ե՛ւ այս, ե՛ւ նախկին յանցագործութիւններուն համար», շեշտեց Բեգլարեան` կոչ ուղղելով տեղեկատուականի կողքին նաեւ բողոքի ելոյթներով զօրակցելու Արցախին ու պահանջել Արցախի միջազգային ճանաչումը:
Զօրակցական հաւաքի կազմակերպիչ երեք կուսակցութիւններուն անունով օրուան պատգամը ուղղեց Զաքար Քէշիշեան: Հակիրճ ակնարկով ան անդրադարձաւ արցախեան գոյամարտի պատմական հոլովոյթին ու այս գծով առնչակից հայ թէ այլ կողմերու կեցուածքներուն` խորհրդային ժամանակաշրջանէն մինչեւ Արցախի ազատագրումը:
«Ցարդ չենք սթափած: Մինչ ժամանակը կը թաւալի, անաւարտ պատերազմը կը շարունակուի ու փոքրացած Արցախի աւելի քան 120 հազար հայրենակիցներ այսօր արդէն շաբաթէ մը ի վեր կը մնան արգելափակուած անհեթեթ պատճառաբանութեամբ: Միջազգային ընտանիքը լուռ է ու մեղսակից: Թշնամին ամէն միջոցի կը դիմէ բարոյալքելու արցախահայութիւնն ու զայն մղելու հայրենաթափութեան: Թշնամին կը կարծէ, թէ երկար ժամանակի վրայ պիտի կարենայ իրագործել իր փայփայած` «Արցախը առանց հայու» ծրագիրը: Մարտահրաւէրը մեծ է:
«Արցախեան անդրանիկ պատերազմը յաղթանակած արցախցին այսօր կու գայ անգամ մը եւս յայտարարելու ու հաւաստելու, որ ի՛նքն է տէրը իր տան, իր հողին ու ջուրին: Ինք երթալու այլ տեղ չունի: Արցախի մէջ են իր պապերուն գերեզմանները:
«Արցախահայութիւնը այսօր կրկին կ՛ապրի կեանքի տխուր, անորոշ ու վտանգաւոր նոր փուլ մը: Այս փուլը ան այսօր կ՛ապրի նաեւ իմ ու ձեր փոխարէն, որովհետեւ Արցախը, իբրեւ հող հայրենի, միայն արցախահայունը չէ, այլ նաեւ համայն հայութեանն է, եւ համայն հայութիւնը հոն ունի ո՛չ միայն տանտիրոջ իրաւունքներ ու բարիքներ, այլ նաեւ նոյնքան պարտականութիւններ ու պարտաւորութիւններ: Արցախը միայն զբօսավայր չէ ու չի՛ կրնար ըլլալ հայրենական արժէքներով սնած ու դաստիարակուած հայրենակարօտ սփիւռքահայութեան համար: Այսօր ալ, լիբանանահայութիւնը, անցեալին նման, կրկի՛ն պատրաստ է շարունակելու իր պայքարը յանուն Արցախի ու արցախահայութեան արդար պայքարին», ընդգծեց Զաքար Քէշիշեան:
«Այսօր Արցախն է մեր Սարդարապատը: Արցախի միակ շնչափողը հանդիսացող Բերձորի (Լաչինի) միջանցքը փակուած է Ազրպէյճանի կողմէ: Ազերիները իրենց վերահսկողութեան տակ պատանդ կը պահեն 120.000 մարդ արարած, որոնք կը զրկուին ելեկտրականութեան, կազի, պենզինի, դեղորայքի, սնունդի եւ կենսական այլ անհրաժեշտութիւններէ: Սովի ու ցրտահարութեան տագնապը դամոկլեան սուրի պէս կախուած է անոնց վրայ: Անոնք կ՛ապրին բարոյահոգեբանական բարդ տագնապ: Իսկ մենք` իբրեւ լիբանանահայեր, եւ ամէն տեղ ուր հայ կայ, մեզմէ իւրաքանչիւրը պատրաստ ու յանձնառու պիտի մնայ Արցախի ու արցախահայութեան կեանքին մէջ լուսաւորող մոմ մը անձնապէս ի՛նք վառելու: Ահաւասիկ այս գիտակցութեամբ է, որ այսօր հաւաքուած ենք այստեղ մեր անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնելու արցախցի մեր անկոտրում քոյրերուն եւ եղբայրներուն», եզրափակեց Զաքար Քէշիշեան:
Այս առիթով ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան ելոյթ ունեցաւ «Երգ յիշատակի» մեներգով: Նմանապէս, Անի Եփրեմեան ասմունքեց «Արցախ» խորագրեալ յատուկ քերթուած մը:
Ձեռնարկը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով:
Arfd.am