Հա

Ազգային

02/02/2023 - 13:05

Բերձորի միջանցքի շրջափակումը կրնայ միջազգային ճանաչման ենթահողի վերածուիլ

Բերձորի միջանցքի շրջափակումին հետեւանքով հայկական կողմին ջանքերը՝ միջազգային ընտանիքին դիմաց մերկացնելու Ատրպէյճանի Արցախը հայաթափելու իսկական նպատակը, սկսան արձագանգ գտնել:

Բերձորի միջանցքի շրջափակումին հետեւանքով հայկական կողմին ջանքերը՝ միջազգային ընտանիքին դիմաց մերկացնելու Ատրպէյճանի Արցախը հայաթափելու իսկական նպատակը, սկսան արձագանգ գտնել:

Եւրոխորհրդարանի մէջ Ատրպէյճանի քայլերը քողազերծող վերջին ելոյթները, նոյնպէս Լահայի մարդու իրաւունքներու միջազգային դատարանին մէջ հնչող հակաատրպէյճանական ելոյթներն ու ատրպէյճանական անհիմն ինքնապաշտպանական փորձերը առիթ հանդիսացան Արցախի ոչ միայն մարդկային վիճակի միջազգայնացման, այլեւ քաղաքական կարգավիճակին շուրջ տարիներու պայքարի օրինականութեան յստակեցման:

Նպատակային էր հայկական ե՛ւ պետական, ե՛ւ սփիւռքահայ կողմերու, յատկապէս Հայ Դատի գրասենեակներու դիւանաքարոզչական աշխատանքներուն մէջ հետեւեալ հարցերուն շեշտադրումը.

- Արցախի շրջափակումը նախ եւ առաջ մարդկային կեանքին սպառնալիք է, ցեղային ոչնչացման, իմա՝ Արցախի հայաթափման միտող քայլ, ինչ որ կը հաստատէ, թէ Արցախը, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, այլ երկիրներու անկախացման ձգտումին համահաւասար իրաւունքով արտայայտած ու հանրաքուէով օրինականացուցած է անկախ ապրելու իր իրաւունքը, ուստի ան երբեք չի կրնար միանալ Ատրպէյճանի կազմին:

- Յաճախ խաղաղութեան լեզուով հանդէս եկող Ատրպէյճան կրկին հաստատած է ուժի սպառնալիքին դիմելու իր վարքագիծը, ժողովուրդ մը ամբողջ մատնելով սովի, երիտասարդներն ու մանուկները զրկելով իրենց ծնողներէն, ուսումնակրթական կեանքէն եւ վերջապէս առողջապահական ոլորտի ճգնաժամ ստեղծելով:

- Հակառակ միջազգային տարբեր կողմերու, ԱՄՆ-ի, Եւրոպայի, Ռուսիոյ, կրօնական միջազգային դէմքերու կոչերուն, Ատրպէյճան անտեսած է միջազգային ընտանիքը ու կը շարունակէ շրջափակման մէջ պահել Արցախի բնիկ ժողովուրդը:

Արցախի եւ Հայաստանի աշխարհաքաղաքական դիրքն ու գերպետութիւններու Հարաւային Կովկաս թափանցելու ճիգերը Արցախի շրջափակման հարցին կու տան շատ աւելի օրակարգային կարեւորութիւն, ինչ որ կրնայ, հայկական կողմին ճիգերուն բազմապատկումին պարագային, Ատրպէյճանը ստիպել շարք մը զիջումներու:

Պատահական չէ, որ Ատրպէյճանի նախագահը կը դիմէ եւրոպական երկիրները կազի իր պաշարներով շլացնելու քայլին, երբ Հունգարիա իր այցելութեան առիթով օրեր առաջ կը յայտարարէ, թէ Ատրպէյճան բաւականաչափ կազ ունի բաւարարելու Եւրոպայի կարիքները՝ որպէս վստահելի մատակարար յառաջիկայ հարիւր տարուան ընթացքին։ Դար մը ամբողջ Եւրոպան մատակարարելու խոստումը արդէն ինքնին թէական կը թուի, եթէ նկատի ունենանք որ խօսքը բնութեան պաշարներու մասին է եւ ոչ թէ նիւթական շօշափելի հարստութեան:

Ատրպէյճանի սպառնալիքները չեն երաշխաւորեր տարածաշրջանի խաղաղութեան հաստատումը, ինչ որ բխրուն կը դարձնէ անգամ Ատրպէյճանի տարածքներէն արտածումները տարածաշրջանի լարուածութեան սրման պարագային:

Արցախի ժողովուրդին դիմադրողականութիւնը սկսած է արդիւնաւորուիլ: Կը մնայ տոկալ, կառչած մնալ հողին, որովհետեւ հողն ու հայրենիքը միայն երկարաշունչ պայքարով կարելի է պահել:

Եթէ մեր ժողովուրդը յաջողի կառչած մնալ հողին, կը ձախողին Ատրպէյճանի բնապահպանման եւ այլ կեղծ ծրագիրները բնականաբար, ու Արցախի հարցի միջազգային արծարծման նշաձողերը կրնան ուղղուիլ Արցախի միջազգային ճանաչման:
44-օրեայ պատերազմով Ատրպէյճան ջանաց հայաթափել ամբողջ Արցախը, սակայն չյաջողեցաւ՝ ունենալով մէկտեղ զինուորական անսահման աջակցութիւնը Թուրքիոյ: Ատրպէյճանի շարունակուող յարձակողապաշտութիւնը կը բախի արցախահայութեան անկոտրում կամքին:

Ուստի Արցախի դիմացկուն ժողովուրդին տարբեր միջոցներով աջակցութիւնը համայն հայութեան ազգային պարտքը կը համարուի այս օրերուն:

 

«Գանձասար»-ի խմբագրական

 

Յարակից լուրեր

  • Ռուբէն Վարդանեանի ընտանիքը 20 մլրդ դրամ կը ներդնի Արցախի կենսական նշանակութեան խնդիրների լուծման համար
    Ռուբէն Վարդանեանի ընտանիքը 20 մլրդ դրամ կը ներդնի Արցախի կենսական նշանակութեան խնդիրների լուծման համար

    Հասարակական-քաղաքական գործիչ, Արցախի նախկին պետնախարար Ռուբէն Վարդանեանը եւ «Արցախի անվտանգութեան եւ զարգացման ճակատ» հանրային շարժման նախաձեռնող խմբի անդամները Ստեփանակերտում տեղի ունեցած հանդիպմանը ներկայացրել են շարժման նպատակները, գործունէութեան ուղղութիւնները, կազմակերպական կառուցւածքը:

  • «Արցախը մենք ենք» խորագրով նկարչութեան մրցոյթ
    «Արցախը մենք ենք» խորագրով նկարչութեան մրցոյթ

    Մայիսի 25-ին Արցախի Հանրապետութեան ԿԳՄՍ նախարարութեան աշխատակազմի ՆԶՊ եւ արտադպրոցական ծրագրերի վարչութեան արտադպրոցական ծրագրերի բաժնի նախաձեռնութեամբ Ստեփանակերտի մանկապատանեկան ստեղծագործական կենտրոնում կազմակերպւել էր «Արցախը մենք ենք» խորագրով նկարչութեան մրցոյթ: 

  • Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Կենտրոնական կոմիտէի
    Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Կենտրոնական կոմիտէի

    «Արցախի ժողովրդի ինքնորոշման» նախընտրական ծրագրային յայտարարութիւններով քուէարկողների քուէն ստացած ՔՊական վարչակազմն ու Նիկոլ Փաշինեանը բազմիցս ապացուցել են, որ բնաւ հետաքրքրուած չեն Արցախի ժողովրդի գոյութեամբ եւ պատրաստ են Հայաստանի եւ Արցախի տարածքների ու հայ ժողովրդի զաւակների կեանքի հաշուին տիրանալ եւ պահպանել իշխանութիւնը:

  • ԱՄՆ Արիզոնա Նահանգի Ներկայացուցիչների պալատը ճանաչել է Արցախի Հանրապետութեան ինքնորոշման իրաւունքը
    ԱՄՆ Արիզոնա Նահանգի Ներկայացուցիչների պալատը ճանաչել է Արցախի Հանրապետութեան ինքնորոշման իրաւունքը

    Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախմբի եւ Արիզոնայի հայ համայնքի ակտիւ անդամներ Արթուր Արթենեանի ու Վարդան Արաբեանի համակարգւած աշխատանքի արդիւնքում ԱՄՆ Արիզոնա նահանգի Ներկայացուցիչների պալատի խօսնակ Բէն Թոման առանձին յայտարարութեամբ ճանաչել եւ համերաշխութիւն է յայտնել Արցախի Հանրապետութեան ինքնորոշման իրաւունքին եւ Արցախի ժողովրդի պայքարին՝ յանուն ազատ ու անկախ կեանքի։

  • «Երեւանի եւ Բաքւի միջեւ խոչընդոտները յաղթահարելի են, մեծ հաշւով, դրանք գոյութիւն չունեն». Պուտին
    «Երեւանի եւ Բաքւի միջեւ խոչընդոտները յաղթահարելի են, մեծ հաշւով, դրանք գոյութիւն չունեն». Պուտին

    Հէնց մեր այս ձեւաչափում է յաջողւել շատ բանի հասնել։ 2020 թւականի աշնանը ոչ միայն դադարեցւեցին ռազմական գործողութիւնները, այլ յետոյ սկսւեցին տնտեսական եւ տրանսպորտային հաղորդակցութիւնների ապաշրջափակման, սահմանի սահմանազատման աշխատանքները։ Այս մասին մայիսի 25-ին Հայաստանի եւ Ադրբեջանի ղեկավարների հետ եռակողմ հանդիպման ժամանակ յայտարարել է ՌԴ նախագահ Վլադիմիր Պուտինը։

Ամենաշատ ընթերցւած

Քւէարկութիւն

Կը յաջողւի՞ արդեօք Արմէն Սարգսեանին նոր որակ մտցնել ՀՀ քաղաքական կեանքում:

Եղանակ

Հեղինակութիւն © 2011-2022 «ԱԼԻՔ» Օրաթերթ։ Բոլոր իրավունքները պահպանւած են։