Հա

Ազգային

21/02/2023 - 12:55

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանէն ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան միութիւններու 100-ամեակի մեկնարկ

ՀՅԴ Լիբանանի պատենական միութիւններու 100-ամեակի մեկնարկը կատարուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանէն: Շաբաթ, 18 փետրուար 2023-ին, ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու պատանիները, ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիին, պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին եւ վարիչներուն հանդիպում մը ունեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառին հետ:

«Մենք ձեզմով հպարտ եւ ուրախ ենք: Դուք որքան ներկայութիւն դառնաք մեր ազգի կեանքէն ներս, մեր ազգը եւ եկեղեցին աւելի կը զօրանայ».

Հաստատեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

 

ՀՅԴ Լիբանանի պատենական միութիւններու 100-ամեակի մեկնարկը կատարուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանէն: Շաբաթ, 18 փետրուար 2023-ին, ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու պատանիները, ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիին, պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին եւ վարիչներուն հանդիպում մը ունեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառին հետ:

Հաւաքին սկիզբը խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինի ատենապետ Զարեհ Պոյաճեան, որ նշեց, թէ իրերայաջորդ սերունդներ կերտած պատանեկան միութիւններու 100-ամեայ երթը ունեցաւ լաւ ու վատ օրեր, դիմագրաւեց դժուար պայմաններ, ինչպէս նաեւ արձանագրեց փառքի օրեր, սակայն միշտ անոր դաստիարակչական տեսլականը մնաց նոյնը` կերտել հայ մարդը եւ ազգին ու դատին ծառայող դաշնակցականը:

Զարեհ Պոյաճեան ըսաւ, թէ պատահական չէ, որ իր առաջին ժողովը վանքի բակին մէջ գումարած միութեան մը 100-ամեակի մեկնարկը յայտարարուի կաթողիկոսարանէն` ազգը միաւորող այդ սուրբ վեհարանէն: Ան Վեհափառ Հայրապետին վստահեցուց, որ` «ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւնը պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը մինչեւ ազատ, անկախ, միացեալ ու ամբողջական Հայաստանի մեր երազի իրականացումը»:

Այս առիթով պատանիներուն իր պատգամը յղեց Արամ Ա. կաթողիկոս, որ ըսաւ. «Մենք ձեզմով հպարտ ենք ու ուրախ ենք, եւ որքան շատնայ ձեր թիւը, եւ որքան ներկայութիւն դառնաք մեր կեանքին մէջ, մեր ազգը եւ եկեղեցին աւելի կը զօրանայ»:

«Մենք ինքնութիւն ունինք, մեր արժէքներով ու իտէալներով տարբեր ենք այլ ազգերէ, եւ վստահ եմ, որ պատանեկան միութիւններուն մէջ այս բոլորին մասին կը խօսուի եւ կը քննուի», նշեց կաթողիկոսը, ապա հաստատեց. «Այսօր մենք ունինք պատմական Հայաստանէն բաժին մը` փոքր Հայաստան մը, բայց մենք կը ձգտինք եւ կը պայքարինք մեծ Հայաստանին համար, որովհետեւ հայրենիքը կ՛ուզենք մեր իտէալին պատկերով տեսնել, այլ խօսքով` տեսնել «Ամբողջական Հայաստան, ամբողջական հայութեամբ»:

Վեհափառը նշեց, որ «Թռնչոց բոյն»-ը Ցեղասպանութեան որբերու զարթօնքի կեդրոնն էր, ուրկէ նաեւ սկիզբ առած են պատանեկան միութիւնները, եւ այս պատկերը կը հաստատէ Հայ դատի, եկեղեցւոյ եւ ազգային արժէքներու միախառնուած ըլլալու իրողութիւնը` միութեան գաղափարը: Արամ Ա. կաթողիկոս մաղթեց, որ պատանեկան միութիւնը ծաւալէ իր աշխատանքները, թիւը բազմանայ, եւ առաքելութիւնը նոր թափով շարունակէ:

Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, որ առաջին հերթին պատանիներուն ըսաւ. «Դուք դարաւոր պատմութեան զաւակներն էք, եւ ձեր ճիտին պարտքն է այդ ազգին գոյատեւումը ապահովել: Դիւրին է գործ աշխատիլ, դրամ շահիլ եւ ոչ մէկ հետք ձգել, բայց արեան կանչին ականջ դնելով` պատանեկան միութիւնները երկրորդ դպրոցի վերածուած են, եւ այդ ձեւով դուք ձեր ժողովուրդի ծառայութեան ուղիին կը հետեւիք»: Ապա ան նշեց, որ ժողովուրդին հանդէպ հաւատքը դրոշմուած է մեր քրիստոնեայ դիմագիծի եւ Հայ եկեղեցւոյ զաւակ ըլլալու իրականութեան մէջ. «Ազգային է մեր եկեղեցին, որուն հաւատարիմ հետեւորդներն ենք, եւ որ դարեր ազգին գոյութիւնը պահպանած է: Ձեր հոս հաւաքուիլը այդ հաւատքը վերանորոգելու համար է, որովհետեւ կարելի չէ բաժնել եկեղեցին ազգէն, եւ կարելի չէ այդ սրբութիւնը անջատել մեր հայրենասիրութենէն»:

Ողջունելով Վեհափառ Հայրապետին զօրակցութիւնը` Բագրատունի ըսաւ. «Մենք բոլորս Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պահակներն ենք: Կաթողիկոսութիւնը այն ամրոցն է, որ Սփիւռքի մէջ հայը հայ պահելու պայքարին մէջ հիմնական դերը ստանձնած է, եւ մենք բոլորս այս Աթոռին հաւատարիմ ծառաները ըլլալով` գիտենք, որ կաթողիկոսարանը մեր տունն է, եւ ամէն մարդ իր տունը ամուր պահելու ճիգին մէջ է»:

Պատանեկան միութիւններու հարիւրամեակի մեկնարկի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետին ընկերակցութեամբ, դաշնակցական պատանիները երգեցին շարք մը ազգային-յեղափոխական երգեր:

 

«Ազդակ»

 

Յարակից լուրեր

  • Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Հանրապետական Մաղթանք՝ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան նուիրուած
    Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Հանրապետական Մաղթանք՝ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան նուիրուած

    Կիրակի, 28 Մայիս 2023-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագի մատուցմամբ, Հանրապետական Մաղթանքի կատարումով եւ Սարդարապատի հերոսամարտին զոհուած հերոսներու հոգիներուն հոգեհանգստեան կարգով յիշատակուեցաւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հիմնադրութեան 105 ամեակը՝ հանդիսապետութեամբ Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսին։ Ապա, Հայաստանի անկախութեան եւ Վեհափառ Հայրապետին անուանակոչութեան տօներուն առիթով կոկիկ յայտագիր մը տեղի ունեցաւ Վեհարանի դահլիճին մէջ, ուր Նորին Ս. Օծութիւնը ներկայ ժողովուրդին փոխանցեց իր Հայրապետական ոգեշունչ պատգամը։

  • Խենթերն են գտնում հնար…
    Խենթերն են գտնում հնար…

    28 Մայիս 1918-ին, վեց դարու ստրկութենէ ետք, երբ ելք ու ճար չէր մնացած, խենթերը գտան հնար:

    Հայաստանը, իր ժողովուրդով ու խիզախ ղեկավարութեամբ, Սարդարապատով կերտեց անկախութիւն, եւ Հայաստանը դարձաւ անկախ:

  • Վեհափառ Հայրապետը Քուէյթի Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց Իրանի դեսպանը
    Վեհափառ Հայրապետը Քուէյթի Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց Իրանի դեսպանը

    Չորեքշաբթի, 10 Մայիսի առաւօտուն, Քուէյթի Ազգային Առաջնորդարանին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց Քուէյթի մօտ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպան Մուհամմատ Իրանի եւ անոր քաղաքական հարցերու խորհրդատուն։ Հանդիպման ներկայ էր Քուէյթի եւ Շրջակայից հայոց թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերապատիւ Տէր Պետրոս Ծայրագոյն Վարդապետ Մանուէլեանը։

  • Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ժամանեց Քուէյթ
    Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ժամանեց Քուէյթ

    «Սփիւռքի Տարի»-ի ընթացքին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերուն կատարուող հովուապետական այցելութիւններու շրջագիծէն ներս, այսօր՝ Երեքշաբթի, 9 Մայիս 2023-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը ժամանեց Քուէյթ եւ միջազգային օդակայանին մէջ պաշտօնապէս դիմաւորուեցաւ Քուէյթի եւ Շրջակայից հայոց թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Պետրոս Ծ. Վրդ. Մանուէլեանի, Քուէյթի մօտ Լիբանանի դեսպան Ահմատ Արաֆայի, Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սարմէն Պաղտասարեանի, Ծոցի երկիրներու Պապական Նուիրակ Եուճին Արք. Նիւճընթի, քուէյթահայ ազգայիններու եւ մարմիններու ներկայացուցիչներու կողմէ:

  • Լօզանի 100-ամեակին ընդառաջ՝ մասնագիտական խորհրդակցութիւններ Անթիլիասի մէջ
    Լօզանի 100-ամեակին ընդառաջ՝ մասնագիտական խորհրդակցութիւններ Անթիլիասի մէջ

    Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան Հրատարակչական Հիմնադրամ»-ի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ, 22-24 Ապրիլ 2023-ին տեղի ունեցան խորհրդակցական նիստեր՝ յատկացուած «Լօզանի 100-ամեակին ընդառաջ» թեմային։ 

Ամենաշատ ընթերցւած

Քւէարկութիւն

Կը յաջողւի՞ արդեօք Արմէն Սարգսեանին նոր որակ մտցնել ՀՀ քաղաքական կեանքում:

Եղանակ

Հեղինակութիւն © 2011-2022 «ԱԼԻՔ» Օրաթերթ։ Բոլոր իրավունքները պահպանւած են։