MENU
Յարգանքը հազար ձեւ ունի։ Ձեւերէն մէկն ալ յետ-մահու յարգանքն է անոնց, որոնք կեանք մը ամբողջ նուիրաբերած են իրենց ժողովուրդին, միութեան եւ կազմակերպութեան։ Յոգնած են, վազվզած են, միտք ու հոգի մաշեցուցած են, առողջութիւն սպառած են՝ իրենց ողջութեան մնալով շուքի եւ լուսանցքի մէջ։
Երիտասարդութիւնը նորութիւն եւ արդիականութիւն կը փնտռէ իր շուրջ։ Հետամուտ է լայն հորիզոններու։ Այսօրուան երիտասարդութիւնը չի փափաքիր կառուցային-կանոնագրային կաղապարներու ենթարկուիլ։ Ան կը նախընտրէ միութենական աշխատանքներու մասնակցիլ, բայց միութեան մը չանդամակցիլ։ Կը նախընտրէ մնալ համակիր՝ քան յանձնառութիւն եւ պատասխանատուութիւն ստանձնել։ Կը նախընտրէ գործել որոշ նպատակի մը համար, բայց ոչ՝ միութենական պարտաւորութիւններու շարքի մը համար։
Կարօ Արմէնեանի «Փնտռելով հետքերը մեր իրազեկութեան» դիմատետրեան գրառումը, յատկապէս 1950-ական տարիներու Հայագիտական հիմնարկի գործունէութեան իր բաժինով, մեր մէջ արթնցուց Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկին կապուած բազմաթիւ յուշեր եւ մտորումներ։ Հիմնարկը, որուն աշակերտելու բախտն ու պատիւը ունեցած ենք 1986-1990, շատ բան տուաւ մեր իրականութեան։ Այդ շատին կ’անդրադառնան երախտագիտութեան եւ յարգանքի ստորեւ տրուած տողերը։
Սովորաբար, ամէն տարի, 27-28 Փետրուարին, հայութիւնը կը նշէր Սումկայիթի հայութեան ջարդը, աշխարհին ներկայացնելով 1988-ի Արցախեան շարժումին իբրեւ հակադարձութիւն, Պաքուի հայատեաց իշխանութիւններուն Սումկայիթի եղեռնագործութիւնը, որուն զոհ գացին 1500 հայորդիներ եւ գաղթական դարձան 18 հազար ուրիշներ։
Աշխարհասփիւռ հայութեան ակնարկները այսօր անգամ մը եւս պիտի ուղղուին Երեւան, ուր Օփերայի «Ազատութեան» հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ «Հայրենիքի Փրկութեան Շարժումին» ժողովրդային հանրահաւաքը՝ «Փրկենք մեր հայրենիքը» նշանախօսքով։
«Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէ»-էն մինչեւ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում» ուղիղ 100 տարուան պատմութիւն մը կայ։
18 Փետրուարը խորհրդանիշն է այդ պատմութեան։ Խորհրդանիշն է իրաւազրկումի եւ անարդարութեան դէմ հայ մարդու արդար ծառացումին, հայրենիքի մէջ ստեղծուած անհանդուրժելի կացութեան դէմ համաժողովրդային մերժումին եւ պոռթկումին։
Նահատակուած եւ դիակները չգտնուած զինուորներու պարագան Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի բաց վէրքերէն մէկն է։
Հայ մարդը մղկտացող ցաւով մը կը հետեւի փրկարարական ջոկատներու որոնողական աշխատանքներով օրական յայտնաբերուող նոր դիակներուն։
Հայ կեանքի լաւ օրերու անկրկնելի երեւոյթներէն էր Գառնիկ Մկրտիչեան։ Մէկը, որուն համար անծանօթ մը չկար իր թաղամասին, երկրին, Սփիւռքին եւ հայ աշխարհին մէջ ընդհանրապէս։
Ծնունդ է դարձեալ. Աստուծոյ ծնունդ, հայու ծնունդ։
«Խորհուրդ մե՜ծ եւ սքանչելի՜…»։
Այս տարի, սակայն, Ծննդեան աւետիսը տխուր կը հնչէ հայ եկեղեցւոյ կամարներուն տակ։ Սգաւոր է հայու հոգին։ Մթագնած է հայկական աշխարհը՝ Արցախէն Հայաստան եւ Սփիւռք։
Այսօր մենք տակաւին կը հաւատանք, որ ժողովրդային ճնշումով, հրաժարականի շարունակական պահանջներով, իր եւ իր անմիջական գործակիցներու մեկնումին շուրջ գոյացած համախոհութեամբ կարելի ըլլայ փոփոխութիւն յառաջացնել, մանաւանդ որ կ՛ուզենք հաւատալ, թէ իր կուսակցութեան պատգամաւորներուն մէջ ալ կան մտածող տարրեր, որոնք` ազգային շահերէ մեկնած, իրենք ալ ստիպուած են եզրակացութեան յանգելու, իսկ այդ պահը պիտի գայ, երբ կտրուկ քայլ առնուի եւ հարցը բերուի խորհրդարան: