ՀՄԸՄ կու գայ հաստատելու նաեւ, որ ան պիտի շարունակէ 1918-ին սկսած իր երթը՝ յոյսով, հաւատքով եւ անսահման նուիրումով, որպէսզի մինչեւ հիմնադրութեան յաջորդ տարեդարձ, եւ նորանոր ամեակներ, հայութեան «Կամաւոր բանակ»-ը կարենայ Եռագոյն դրօշը հպարտօրէն կոթողել «Կատարն հայրենի լերանց հեռագոյն»։
Երթը պիտի շարունակուի յոյսով, հաւատքով եւ անսահման նուիրումով
Տօնական տրամադրութիւններէ ամբողջովին հեռու, մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին համար օրհասական պայմաններու մէջ, կը նշենք ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 102-ամեակը։
102 տարի առաջ, այս օրերուն, նորանկախ Հայաստանի հետ ծնունդ կ’առնէր Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը՝ ՀՄԸՄ-ը, անմիջապէս լծուելով Ցեղասպանութեան զոհ գացած մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ հազարաւոր որբերու փրկութեան, դաստիարակութեան եւ հոգեմտաւոր կազմաւորման աշխատանքին։
ՀՄԸՄ-ը ծնունդ կ՛առնէր հայրենիքէն հեռու, Պոլսոյ մէջ, սակայն առաջին օրէն անիկա կը ձեռնարկէր հայրենի ժողովուրդի, պետականութեան եւ բանակին օժանդակութեան գործին, հաւատարիմ իր նշանաբանին՝ «Բարձրացի՛ր-բարձրացուր»-ին եւ սկաուտական խոստումին՝ ազգին ու Հայրենիքին ծառայելու պարտաւորութեան։
Ծառայութեան ճամբուն վրայ ՀՄԸՄ Հայաստանին կը ներկայացնէր իր լաւագոյն տարրերը՝ փորձառու խմբապետներն ու սկաուտները, որոնք կը յաջողէին գաղթական, որբ ու թշուառ պատանիներէն ստեղծել «Կամաւոր բանակ»ը հայոց նորագոյն պատմութեան։
Բանակ մը, որ պիտի գործէր անդուլ եւ անվհատ, Հայրենիքի մէջ եւ Հայրենիքի խորհրդայնացումէն ետք՝ Հայրենիքէն դուրս, հայկական Սփիւռքի տարածքին, ամէնուրեք պահապանն ու պաշտպանը հանդիսանալով միութեան դաւանած արժէքներուն եւ հայ ժողովուրդի սրբազան նպատակներուն։
Այսպէս, Մայիս 28-ը, Եռագոյն դրօշը, անկախ Հայրենիքը, հողահաւաքը եւ հայահաւաքը պիտի հանդիսանային ՀՄԸՄ-ի «Կամաւոր բանակ»-ին առաջնորդող սկզբունքները, որոնցմով հասակ պիտի առնէին եւ միութենական դաստիարակութիւն ստանային «Կամաւորական բանակ»-ի յաջորդական սերունդները, իրենց շարքերէն ծնունդ տալով նուիրեալներու, հայ ժողովուրդի ազգային հպարտութիւն ներշնչող դէմքերու եւ անձնազոհ նահատակներու՝ Վահան Չերազէն մինչեւ Վարդգէս Տէր-Կարապետեան, Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայութեան ինքնապաշտպանութեան ճակատներուն վրայ ինկած հերոսներէն մինչեւ Արցախեան առաջին պատերազմի նահատակները՝ Վարդան Բախշեանն ու Վաչէ Ռոստոմեանը, Վիգէն Զաքարեանն ու Յակոբ Առուստամեանը։
Ներկան տարբեր չէ երէկուան իրականութենէն։ Արցախեան նորագոյն պատերազմին ՀՄԸՄ-ի «Կամաւոր բանակ»ը դարձեա՛լ պատնէշի վրայ է եւ իր համահայկական կառոյցով դերակատար ու մասնակից է «Լինել-չլինելու» համահայկական մեր պայքարին։
ՀՄԸՄ աշխարհասփիւռ իր 111 մասնաճիւղերով զօրաշարժի մէջ է 27 սեպտեմբերի առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ, Արցախի, Հայաստանի եւ Սփիւռքի իր բովանդակ կարողականութիւնները ի սպաս դնելով պատերազմին յաղթական ելքին։
Սփիւռքի մէջ, ՀՄԸՄ հայկական դեսպանատուներու, Հայ Դատի մարմիններու եւ տեղական պատասխանատու կառոյցներու հետ գործակցաբար, մասնակից է թուրք-ազրպէյճանական պատերազմը դատապարտող ցոյցերուն եւ քարոզչական այլազան նախաձեռնութիւններուն։ ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղեր կը կատարեն դաստիարակչական-տեղեկատուական հսկայական աշխատանք՝ ընկերային ցանցերով իրենց շարքերն ու համակիր շրջանակները տեղեակ պահելու համար Արցախեան պատերազմի վերջին նորութիւններուն։ Սկաուտներ ու մարզիկներ նամակներ կը գրեն հայկական բանակի զինուորներուն, անդամական շարքեր լիաբուռն կը մասնակցին «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի եւ Արցախի օժանդակութեան համար կատարուող դրամահաւաքներուն։ Բոլորը, անխտի՛ր բոլորը կ’աշխատին՝ յանուն Արցախին եւ յանուն հայութեան։
Արցախի մէջ, յուլիս 2019-ին հիմնուած ՀՄԸՄ-ի դեռատի մասնաճիւղը արդէն իսկ իր արեան տուրքը տուած է արիւնալի պատերազմին, նահատակութեան բագինին ընծայելով մասնաճիւղի անդրանիկ վարչութեան անդամ եղբ. Արտակ Իշխանեանը։
Մինչ Հայաստանի մէջ, հսկայական ու հերոսական աշխատանք կը կատարեն ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի մասնաճիւղերը՝ պատերազմի առաջին օրէն ձեռնարկելով բազմաճիւղ աշխատանքի։ Արդարեւ, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութիւնը ժողովրդային հանգանակութեամբ կ’ապահովէ եւ ռազմաճակատ կ’ուղարկէ հայ զինուորին անհրաժեշտ հանդերձեղէն եւ պահածոյ ուտելիքներ։ Վարչութիւնը կը հոգայ Արցախէն ժամանակաւորապէս Հայաստան տեղափոխուած 500 ընտանիքի պարէնային եւ տնտեսական անմիջական անհրաժեշտութեան ապրանքներ։ Ու նաեւ, վարչութիւնը կը կազմակերպէ սկաուտական եւ գայլիկական տարիքի արցախցի երեխաներու ընկերային-դաստիարակչական ծրագիրներ։
Այս բոլորը կը կատարուին նիւթական մեծ զոհողութիւններով, կազմակերպչական գնահատելի ջանքով եւ ծառայութեան անսպառ ոգիով։ Կը կատարուին սկաուտներու կողմէ, որոնց պատասխանատուներէն շատերը, իբրեւ հայկական բանակի զինուորագրեալ անդամներ, Արցախի պաշտպանութեան համար իրենց ամէնէն թանկագինը՝ գարուն կեանքերը կը զոհաբերեն հայրենիքին ու հայութեան։ Այդ խմբապետներէն ու պատասխանատուներէն հինգը այսօր արդէն կ’ապրին երկրորդ կեանքով, որ կը կոչուի անմահութիւն։ Վարչական եղբայր Գէորգ Հաճեան, սկաուտներ Գրիգոր Ղազարեան, Էրիկ Գալստեան, Արտակ Մարտիրոսեան եւ Հայկ Դերիկլեան մահուամբ մահուա՛ն յաղթելով այլեւս կը պատկանին ՀՄԸՄ-ի եւ հայութեան անմահ հերոսներու փաղանգին, իրենց կեանքով ու օրինակով դառնալով ներշնչման աղբիւր գալիք սերունդներուն։
Արդ, իր հիմնադրութեան 102-ամեակը միութեան անմահներու յիշատակին նուիրելով, ՀՄԸՄ-ի ընտանիքը վաղը կը խոնարհի իր հին ու նոր բոլոր հերոսներու սխրանքներուն դիմաց եւ աշխարհով մէկ կազմակերպուած հոգեհանգստեան պաշտօններով եւ հաւաքներով կու գայ հաստատելու, որ իւրաքանչիւր նահատակի հետ մեծցած է պատասխանատուութեան իր բաժինը՝ հանդէպ իր ժողովուրդին եւ անոր բազմաչարչար հայրենիքին։
ՀՄԸՄ կու գայ հաստատելու նաեւ, որ ան պիտի շարունակէ 1918-ին սկսած իր երթը՝ յոյսով, հաւատքով եւ անսահման նուիրումով, որպէսզի մինչեւ հիմնադրութեան յաջորդ տարեդարձ, եւ նորանոր ամեակներ, հայութեան «Կամաւոր բանակ»-ը կարենայ Եռագոյն դրօշը հպարտօրէն կոթողել «Կատարն հայրենի լերանց հեռագոյն»։ Ու որպէսզի կիսատ չմնայ Վարդանին, Վիգէնին, Գէորգին, Արտակին եւ ՀՄԸՄ-ական բոլոր նահատակներուն գործը եւ անպայման, ուշ կամ կանուխ, ազգովին նշենք մեր Մեծ յաղթանակը, յանուն մեր նահատակներուն, յանուն մեր վաղուան օրուան, յանուն մեր պետականութեան եւ Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստանին։